«Project Save»-ի Յիսնամեակին Առթիւ 500 Հազար Տոլարի Նուիրատուութիւն
ՈՒԱԹԸՐԹԱՈՒՆ (Մասարուսէց)․- «Project Save» լուսանկարներու արխիւը, որ այս տարի կը տօնէ իր յիսնամեակը, յիշատակելի 500 հազարի նուիրատուութիւն մը ստացաւ։
Մի ոմն խոստացած է 400 հազար տոլարի նուիրատուութիւն մը։ Իսկ, Նիւ Եորքէն բարերար Սապին Հրէշտակեան նուիրած է 50 հազար եւ մաս կը կազմէ հոգաբարձու խորհուրդին։ Նիւ Եորքէն մի ոմն մը եւս, ի յիշատակ Միքայէլ եւ Քաթրին Հալէպեաններուն, նուիրած է 50 հազար տոլար։
«Այս օժանդակութիւնները կը հաստատեն մեր հիմնարկին առաքելութեան կարեւորութիւնն ու առաջնահերթութիւնը։ Անոնք կ՛երաշխաւորեն են հայոց պատմութեան եւ մշակոյթի պահպանման շարունակականութիւնը՝ գալիք սերունդներու համար », նշեց գործադիր Մասաչուսէցի մէջ հիմնուած «Project Save»-ի տնօրէն Արթօ Վոն։
Ան շեշտեց, թէ այս նուիրատուութիւնները արդիւնք են «Project Save»-ի յիսնամեակի ծիրէն ներս նախաձեռնուած յատուկ քայլերու, որոնք նպատակ ունին հիմնարկին գործունէութիւնը յայտնի դարձնել աւելի լայն շրջանակի մը, որ մասնակից է հայկական մշակոյթի պահպանման, լուսանկարչութեան եւ ընդհանրապէս ներգաղթի պատմութիւններու արժեւորումին։ «Ստացուած միջոցները պիտի ծառայեն աւելի լայնածաւալ հաղորդակցութեան, դրամահաւաքներու ամրապնդման, արհեստագիտական կարեւոր արդիականացումներու եւ նոր լիաժամ արխիւագէտի պաշտօնի ստեղծման։ Այս նուիրատուութիւնները սկիզբն են աւելի ընդարձակ ու կայուն զարգացման ծրագրի մը։ Անոնք հրաւէր մըն են բոլոր անոնց, որոնք հոգ կը տանին հայկական ժառանգութեան, մշակութային յիշողութեան ու ներգաղթական փորձառութեան, միանալու «Project Save»-ի առաքելութեան շուրջ», եզրակացուց Արթօ Վոն։
Այս նիւթական օժանդակութիւններու կողքին «Project Save»-ը վերջերս ստացաւ նաեւ կարեւոր արխիւային գործեր։ Արաբական լուսանկարներու հիմնարկի համահիմնադիր եւ ժամանակակից հայկական շարժապատկերի աշխարհի կարեւոր դէմքերէն՝ Նիկոլ Պէզճեան, հիմնարկին տրամադրեց իր մօտ գտնուող հազարաւոր լուսանկարներ։ Անոր հաւաքածոն կ՛ընդգրկէ ընտանեկան արխիւներ, իր պատրաստած ժապաւէններէն լուսանկարներ եւ անձնական գործեր։

«Լուսանկարները կը պահպանեն յիշողութիւնը եւ ինքնութիւնը։ Անոնք կը պարունակեն մշակութային եւ պատմական տուեալներու յիշատակելի հարստութիւն եւ քանակ։ Այս նուիրատուութիւնը իմ ոճս է այդ առաքելութիւնը շարունակելու։ Կը հաւատամ, որ այս քայլը պիտի ներշնչէ այլ հայ արուեստագէտներուն, որպէսզի պահպանեն իրենց ժառանգութիւնը», ըսաւ Պէզճեան։
Միւս կէղմէն, բժիշկ եւ մարդասիրական գործիչ՝ Քարոլան Նաճարեան, իր կարգին նուիրեց տասնամեակներու լուսանկարներ, որոնք ինք եւ կողակիցը հաւաքած էին 1989-էն 2012-ի միջեւ իրականացուած յիսունէ աւելի մարդասիրական առաքելութիւններէն դէպի Հայաստան եւ Արցախ։
«Գիւղական կեանքը, բժշկական առաքելութիւնները եւ հանդիպած մարդիկը լուսանկարեցինք։ Տարիներ շարունակ պահած էի այս նկարները՝ չգիտնալով ինչ ընել անոնց հետ, մինչեւ որ «Project Save»-ը վերածուեցաւ այս բացառիկ արխիւին։ Այժմ անոնք կը դառնան պահպանուած պատմութեան մէկ մասը եւ կ՛երաշխաւորեն, որ հետազօտողները, ուսանողները եւ ապագայ սերունդները կարենան ականատես ըլլալ հայկական եւ մարդասիրական պատմութեան այս կարեւոր բաժնին։ «Project Save»-ը այս նկարներուն կը շնորհէ երկրորդ կեանք»։», շեշտեց Նաճարեան։
«Այս նուէրները հայկական մշակութային պատմութեան գանձեր են։ Մենք շնորհակալ ենք, որ բժիշկ Նաճարեան, Նիկոլ Պէզճեան եւ հարիւրաւոր ընտանիքներ, իրենց ժառանգութիւնները պահպանելու համար, կը վստահին մեր հիմնարկին», յայտնեց Արթօ Վոն։

1975 թուականին Ռութ Թոմասեան հիմնեց «Project Save»-ը, եւ ահաւասիկ յիսուն տարի ետք այս հիմնարկը հաւաքած է 100 հազարէ աւելի բնօրինակ պատկերներ հայ ընտանիքներէն եւ համայնքներէն, որոնք կը ներկայացնեն առօրեայ կեանքը, համաշխարհային իրադարձութիւնները, կրօնական արարողութիւնները եւ հանդիպումները քաղաքական առաջնորդներու, արուեստագէտներու, գրողներու եւ ազատամարտիկներու։
Թոմասեանի թոշակի անցնելէ ետք, Արթօ Վոն նշանակուեցաւ գործադիր տնօրէն եւ նախաձեռնեց «Project Save»-ի առաջին մշտական հանրային կեդրոնը ստեղծելու աշխատանքը՝ գրասենեակներով, կլիմայական պայմաններու հսկողութեամբ պահոցներով եւ ցուցասրահով։
«Ես ոգեւորուած եմ, տեսնելով այս նոր ուղղութիւնը, որ «Project Save»-ը կ՛որդեգրէ։ Այս նուէրները կը ցոլացնեն տասնամեակներու ծանր աշխատանքը եւ կը հաստատեն թէ՛ մեր առաքելութիւնը, եւ թէ՛ Արթօ Վոնի տեսլականը արխիւներու ապագային համար», ըսաւ Թոմասեան։ ։
«Project Save»-ը երախտագիտութիւն յայտնեց փաստաբան Գառնիկ Գէրկոնեանին եւ անոր «Գէրքոնեան Տաժանի» ընկերութեան անձնակազմին՝ 400 հազար տոլարի արժողութեամբ նուիրատուութեան գործընթացը իրականացնելու աշխատանքին մէջ։

