
ՀԱՅՐԵՆԻՔ
Խմբագրական
“Do I not destroy my enemies when I make them my friends?”
“Արդեօք խորտակած չեմ ըլլա՞ր թշնամիներս…իրենց հետ բարեկամանալով“
Խօսք` Ա.Մ.Ն.-ի նախկին նախագահ Ապրահամ Լինքըլնի (1861-1865)
Գրեթէ 150 տարուայ կեանք ունեցող այս կարճ խօսքը իւրայատուկ է եւ ազդեցիկ:
Արդարեւ, Ֆրէնքլին Ռուզվելթի եւ Ճորճ Ուաշինկթընի կողքին, ցայսօր ամէնէն աւելի ժողովրդականութիւն վայելող Ա.Մ.Ն.-ի նախագահ Ապրահամ Լինքըլնի վերոյիշեալ խօսքը կարելի էր նկատել այս տարուայ ընտրարշաւի եւ անոր արդիւնք, յառաջիկայ քառամեակի “բանալի“ խօսքը:
Միջազգային քաղաքականութեան բեմահարթակը մէկ կողմ դրած, ներազգային իմաստով, սոյն խօսքը կը մնայ այժմէական, հակառակ անոր որ ընտրական ընդհանուր պատկերը ցոյց կու տայ թէ, երկիրը յստակօրէն բաժնուած է “կապոյտ“ի եւ “կարմիր“ի, եւ կարգ մը նահանգներու պարագային ջնջին տարբերութիւն մըն է, որ անջատած է երկու գոյներն ու անոնց ետին կանգնող գաղափարախօսութիւնները…հաւանաբար ծանր բառ մը, որուն իմաստէն անտեղեակ են, նոյնիսկ բուռն պայքար մղուած նահանգի բնակչութենէն հսկայ մասսա մը:
Թէ՛ Օպամա եւ թէ՛ անոր Հանրապետական մրցակից Ռոմնի փորձեցին բարեկամանալ իրենց թշնամիներուն հետ եւ արդիւնքը ցոյց կու տայ թէ, հակառակ անգործութիւնը եօթ առ հարիւրէն աւելի ըլլալով եւ տնտեսական դժուար պայմաններուն, Օպամա աւելի յաջողութեամբ կատարեց իր պարտականութիւնը եւ կրցաւ վերընտրուիլ:
Յստակ է թէ, իրականութեան մէջ, Նոյեմբեր 6-ի ընտրութիւնները ոչ մէկ յիշատակելի փոփոխութիւն արձանագրեցին: Նախագահը մնաց անփոփոխ, իսկ Ծերակոյտն ու Ներկայացուցչական Տունը, հակառակ կարգ մը փոփոխութիւններու մնացին յաջորդաբար Դեմոկրատականներու եւ Հանրապետականներու տիրապետութեան տակ:
Տարբերութիւնը այն է թէ Օպամա երկրորդ եւ վերջին քառամեակն է, որ պիտի ղեկավարէ եւ Հանրապետականներուն համար, այս մէկ կէտը պէտք է որ ամէնայն կարեւորութեամբ նկատի առնուի, յաւելեալ գործակցութիւն եւ միասնականութիւն ցուցաբերելու, իսկ ներքին իմաստով ալ, միեւնոյն ժամանակ, ապագայի յետ 2016-եան թեկնածուի մը փնտռտուքն ու պատրաստութիւնը կատարելու:
Մէկդի դրած “կապոյտ“ն ու “կարմիր“ը, Ա.Մ.Ն.-ի բնակիչին համար յստակ է թէ այս համաշխարհայնացած եւ դէպի արդիականացում սուրացող ներկայ կեանքի գործընթացին մէջ, շատ բաներ փոխուած են:
Բնական է որ երկրի բոլոր նահանգներէն ներս, առանց որեւէ բացառութեան, առողջապահական ապահովագրութիւնը կիրարկուի ամէն մէկ անհատի համար: Իսկ մեծահարուստներէն յաւելեալ տուրք պահանջելը, այնքան տրամաբանական բան մըն է, որ կիրարկուելով ի վերջոյ կրնայ իրականացնել Լինքըլնի վերոյիշեալ խօսքը…եւ բարեկամացնել բոլոր թշնամիները:
Հակառակ պարագային, եթէ թշնամական եւ անհանդուրժողական մթնոլորտը կիրարկուի… , այդ պարագային “Միակ բանը որմէ պէտք է վախնալ, նոյնինքն վախն է“ (“The only thing we have to fear is fear itself” ) ըսած է այլ հռչակաւոր նախագահ մը` Ֆրէնքլին Ռուզվելթ: