ՎԵՆԵՏԻԿԻ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ՀԱՅ ԼԵԶՈՒԻ ԵՒ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ ԽՏԱՑԵԱԼ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԻՐ ՈՒՂԻՆ ԲԱԶՈՒՄ ԴԺՈՒԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՎ…
Հայր Լեւոն Զէքիեան վարիչն է Վենետիկի Պետական համալսարանի հայոց լեզուի եւ գրականութեան ամպիոնին եւ կ՛ուսուցանէ հայ եկեղեցւոյ պատմութիւն եւ աստուածաբանութիւն` Վատիկանի արեւելագիտական հիմնարկին մէջ: Ան անդամ է Հայագիտական ուսումներու միջազգային...