ՓՈԽԱՆ ԳՐԱԽՕՍԱԿԱՆԻ.- «ՊԷՏՔ Է ԼԻԱՐԺԷ՛ՔՕՐԷՆ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆԵԼ ԳԻՐՔ ԿԱՐԴԱԼՈՒ ՄՇԱԿՈՅԹԸ» (Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆԻ «ՊԱՀՈՒԱԾ ԳԱՆՁԵՐՈՒ ԵՐԿԻՐԸ» ՎԻՊԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ)

0 0
Read Time:4 Minute, 24 Second
Գ. Հ.
«Հայ Գիր» հրատարակչատունը Յունիսի վերջերուն լոյս ընծայեց յատկապէս հայ պատանիներու եւ աշակերտներու «հասցէագրուած» վիպակ մը՝ «Պահուած գանձերու երկիրը» խորագիրով. հեղինակն է հայ մամուլի բազմամեայ աշխատակիցներէն՝ Սարգիս Մահսէրէճեան, որուն գրիչէն նախապէս ալ լոյս աշխարհ եկած է պատանիներու համար գրքոյկներու շարք մը։
Դպրոցական պատանիներու տարիքին յարմարութեամբ, 84 փոքրադիր էջերու վրայ տարածուող գրքոյկը լոյս տեսած է Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակին առիթով, կը բաղկանայ եօթը գլուխներէ, ունի գունաւոր պատկերներ։ Հեղինակը զայն ձօնած է «Ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի ժառանգորդներուն»…
Պատանիի մը օրագրութեան վրայ հիմնուած պատմութիւն մըն է «Պահուած գանձերու երկիրը». կը նկարագրէ արկածախնդրական ճամբորդութեան մը դէպքերը, որոնք սկիզբ կþառնեն օրագրող հերոսին կողմէ Հայաստանի մէջ պահուած գանձերու վայրերը ցոյց տուող դարաւոր քարտէսի մը յայտագործումով։ Այլ խօսքով, գանձերու երկիրը նոյնինքն Հայաստանն է։ Օգտուելով ամառնային արձակուրդէն՝ հերոսն ու ընտանիքի անդամները կþուղեւորուին Հայաստան, մեծ հարստութեան մը տիրանալու յոյսով։ Ճամբորդութիւնը կը տեւէ նուազ քան ամիս մը, արկածախնդրական դէպքեր ու անձկութիւն պատճառող վիճակներ կը յաջորդեն իրարու, երբեմն յուսահատութիւն կամ յուսախաբութիւն պատճառելով ընտանիքին, որուն ուղեկից կը դառնայ հայաստանաբնակ բարեկամ ընտանիք մը։ Երբ ուղեւորութիւնը կը հասնի աւարտին, արկածախնդիրները ձեռք կը բերեն այնպիսի՛ հարստութիւն մը, որուն մասին ո՛չ մտածած էին, ո՛չ ալ կրնային նախատեսութիւն կատարել ուղեւորութիւնը սկսելու պահուն։ Իսկ թէ ի՞նչ է այդ հարստութիւնը, ձգենք, որ ընթերցողը ի՛նք ծանօթանայ անոր՝ կարդալով հատորը եւ մաղթելով, որ իրեն ալ բաժին մը ելլէ գանձերէն…
Այժմէական, կարելի է ըսել նաեւ՝ անժամանցելի բովանդակութիւն ունի գրքոյկը։ «Արկածախնդրական պատմութիւն մըն է, սակայն ընթերցողը պէտք չէ սպասէ, որ անոր էջերուն հանդիպի թռչող գերմարդկային արարածներու, հրէշներու կամ զանոնք արիւնալի կռիւներու մէջ կտոր-կտոր ընող՝ գերարդիական զէնքերով ու գերբնական կարողութիւններով օժտուած հերոսներու, կþըսէ հեղինակը՝ Ս. Մահսէրէճեան։ Ընթերցողը դուրս պիտի չգայ մեր ապրած իրական աշխարհէն, հոգ չէ թէ պահ մը պիտի տարուի մտածելով, որ նման արկածախնդրութիւն ըստ էութեան երեւակայական է, սակայն երբ հասնի հատորի աւարտին, վստահաբար պիտի ձայնակցի հերոսին, թէ՝ գտնուած գանձը իսկապէ՛ս որ անչափելի հարստութիւն է, պիտի զգայ, թէ պատմութիւնն ու անոր միտք բանին շա՛տ աւելի շօշափելի են, քան կեանքի պարզ իրականութիւնները կամ նիւթական գանձերը…»։

«Հայ Գիր»ի նախորդ հրատարակութիւններէն

«Ինչպէս մեր նախորդ հրատարակութիւնները, այս գրքոյկն ալ պատրաստուած է ակնահաճոյ եւ ընթերցողին ամէն ձեւով մատչելի ըլլալու մօտեցումով՝ պատանի աշակերտներուն հաճելի ընթերցում ընծայելու նպատակով, ինչպէս որ է այս ամփոփ պատմութիւնը», կը բացատրէ «Հայ Գիր»ի հիմնադիրներէն Յովիկ Մահսէրէճեան, որ կատարած է հատորին գեղարուեստական ձեւաւորումն ու հրատարակութեան պատրաստութիւնը։ Ան կը յիշէ, եւ կը յիշեցնէ, որ «Հայ Գիր»ը ծնունդ առաւ շուրջ 20 տարի առաջ, իսկ «Պահուած գանձերու երկիրը» մատենաշարին 17-րդ թիւն է։ (Ցանկը արձանագրուած է հատորի վերջին էջին)։ «Մեր մատենաշարը ունի տարիքային երեք բաժանումներ, կը շարունակէ Ս. Մահսէրէճեան։ Մանուկներու, կրտսեր եւ երէց պատանիներու մակարդակներով։ Լոյս ընծայած ենք հեղինակային գործեր, ինչպէս նաեւ մեր անմահ գրողներու գործերուն պարզացուած ու պատանեկան տարիքի համար վերամշակուած տարբերակները. շարքին մաս կը կազմեն, մեծերէն՝ Աբովեան, Րաֆֆի, Աղայեան, Դեմիրճեան, վերամշակուած՝ թէ՛ ծաւալով եւ թէ լեզուի պարզացումով։ Այս ընելով՝ մեր նպատակը եղած է ու կը մնայ հայ պատանին ու աշակերտը հաղորդ պահել մեր անմահներու գործերուն եւ անոնց մէջ արթնցնել մայր գործերը եւս կարդալու ազնիւ տենդը՝ երբ հասնին զանոնք ըմբոշխնելու տարիքին։ Մանկավարժական դիտանկիւնէ՝ տեսակ մը յառաջատուական դրօշարշաւ ընթերցումի աշխարհին մէջ…»։
Յ. Մահսէրէճեան նաեւ կը յիշէ, որ երբ մատենաշարը ծնունդ առաւ 1997-98 տարիներուն, աշակերտն ու պատանին աւելի՛ հակամէտ էին ընթերցումի մէջ ներգրաւուելու, քան ինչ որ է վիճակը այսօր։ «Կը նկատէք, չէ՞. վերջին տարիներուն մեր մանուկներն ու պատանիները, տարուելով նոր օրերու ալիքներէն, ընդհանրապէս գերի դարձած են արդի արհեստագիտութեան բարիքներուն, բջիջային հեռաձայնին ու անոր տարբերակներուն միջոցով զիրենք մօտակային ու հեռակային կապող հնարքներուն՝ դիմատետրին ու այլ կամուրջներու։ Նման գերութենէ զերծ չեն երիտասարդներ ու աւելի երէցներ։ Անվիճելիօրէն, բարիքներ ըլլալու կողքին՝ արդի արհեստագիտութեան պտուղները ընդհանուր պատկերին մէջ լուսանցքայնացուցած են կեանքի շատ մը օգտակար երեսները, որոնց շարքին՝ գիրք, թերթ կարդալու սովորութիւնը, իսկ ընթերցանութեան պահպանման պաշտպանները մատնուած են հոսանքին դէմ նաւարկելու կացութեան»։
«Պէտք չէ հրաժարիլ ընթերցումէ. աւելի՛ն, պէտք է մանուկին ու պատանիին, երիտասարդին մէջ լիարժէ՛քօրէն վերականգնել գիրք կարդալու ՄՇԱԿՈՅԹը», կþաւելցնէ Ս. Մահսէրէճեան, նկատել տալով, որ հետզհետէ աւելի ուժեղ կերպով կը հնչեն «գիրքի, ընթերցումի դարը անցած է»ի նման մտածումներ, համապատկերին մէջ փոքրամասնութեան մատնելով գիրքի-ընթերցումի արժէքը գնահատող ուսուցիչներն ու ծնողները։ «Լսատեսողական միջոցները տասնամեակներէ ի վեր տարօրինակ մրցակցութեան մը մէջ դրուած են «դասական» նկատուող ընթերցանութեան հետ, մինչդեռ ամէն մէկը իր յատուկ եւ օգտակար տեղն ունի մեր կեանքին մէջ, զանոնք պէտք է ընդունիլ իբրեւ զիրար ամբողջացնող, եւ ո՛չ թէ զիրար չէզոքացնող գործօններ։ Ձայնասփիւռը չմեռաւ պատկերասփիւռին տիրապետութեան պատճառով, գիրքն ալ պէտք չէ զոհը երթայ արդի արհեստագիտութեան ժամանակակից բարիքներուն։ Ընթերցումը անփոխարինելի դեր ունի գիտելիքի իւրացման, պատմութեան, մշակոյթի տարբեր երեսներու ծանօթացման իմաստով, անկախ, թէ մեր աչքերը ուրկէ՞ կþորսան ընթերցելի նիւթերը։ Գիրքը ամէնէն շօշափելի եւ մատչելի կամուրջն է։ Մանուկին ու պատանիին մէջ պէտք է զարգացնել մանաւանդ իր ժանամանակը հաճելիին եւ օգտակարին միջեւ հաւասարակշռուած ձեւով բաժնելու կարողութիւն։ Մեր մայր հայրենիքին մէջ ընթերցումի ու գիրքի տարածման մշակոյթը քաջալերանք կը գտնէ ամէն մակարդակի վրայ՝ պետութիւն, դպրոցներ, ընտանիքներ…։ Մեր այս հատորն ու նախընթաց հրատարակութիւնները ճամբայ ելած են այս ուղիին տարածման, ժողովրդականացման նպատակով։ «Պահուած գանձերու երկիրը», տակաւին, ունի հինէ եկող բայց չհինցող թելադրանք մը։ Վստահ ենք, որ ծնողներ, դաստիարակներ եւ անոնց ճամբով՝ պատանիներ ու աշակերտներ հաղորդակից ու բաժնեկից պիտի ըլլան այս տեսլականին, եւ «Պահուած գանձերու երկիրը» ու նմանօրինակ հատորներ պիտի հիւրընկալեն Գիրքի Մշակոյթը վերարժեւորելու մօտեցումով», կþեզրափակէ Ս. Մահսէրէճեան։
Հատորը, սկսելու համար, կրնայ ըլլալ հաճելի նուէր մը՝ ամրան արձակուրդը վայելող մեր պատանիներուն, իսկ ուսումնական յառաջիկայ տարեշրջաններուն՝ դասագիրքի կողքին օգտակար ընթերցումի նիւթ։ Հատորէն օրինակներ ունենալու համար կարելի է դիմել «Հայ Գիրի»ին, ել-նամակի Hovani@yahoo.com հասցէով։ Հատորը կը վաճառուի նաեւ Կլենտէյլի հայկական գրատուներուն մէջ։

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles