ԽՕՍՔ ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆՆԵՐՈՒՆ
Վեհանոյշ Թեքեան
Սեպտեմբեր 22
Հայրենի յարգելի կրօնականնե՛ր՝ Աստուծո՛յ ծառայողներ, Աստուծոյ ստեղծած մարդոց պահպանիչ կարդացողնե՛ր – ձեր դաւանած Քրիստոսը տաճարը պղծողներուն դէմ կատղեցաւ, գաւազանը առաւ ու դուրս վտարեց։
Խօսքս Կիլիկեան Թեմի Նորին Սուրբ Օծութիւն Արամ Կաթողիկոսին չ՚ուղղուիր, ան անվերապահօրէն, հետեւողականօրէն կը յորդորէ աշխատանք տանողները ու կը պահանջէ անտարբերներէն որ դուրս գան իրենց եսակեդրոն շահերէն։
Մեր հայրենիքը, դարերէ ի վեր սուր ու հուրէ ազատած, երկրպագուած հայոց աշխարհը կը պղծուի, կ՚առեգանգուի, Հայ ղեկավարին կողմէ կը յանձնուի՜ ու կը յանձնուի ոսոխին։ Ու քաղաքացիներ զայն դարձեալ կ՚ընտրեն – որեւէ դեմոկրատական երկրի մէջ չպատահած բան – ո՛չ թէ մէկ, այլ՝ շատ բաներ սխալ են Դանիոյ մէջ։ Փարիսեցիները դրամ առնել-տալով կը զբաղին։ Համայնական անտարբերութիւնը ուղղակի դէպի կործանում կը տանի։ Երկիրը կայ, լուսաւորիչ չկայ։ Տաճարը կայ՝ բարձր բարոյականի քարոզ չկայ։ Մեր սուրբերը, մեր վանքերը մնացած են անտէր ու անտիրական։
Ի վերուստ՝ դո՛ւք նշանակուած էք անոնց պահապանը։ Չորս կողմը՝ ռումբ ու սպաննութիւն, բռնահանուած ժողովուրդ, սով ու սուգ։ Դուք պէտք է մինչեւ հիմա՝ դաւաճանները, պիղծերը դուրս հանած ըլլայիք հայութեան տաճարէն։ Ո՞ւր է ձեր ներկայութիւնը։ Ձե՛ր նոյնիսկ «ոստիկանութիւն»ը։ Ձեր անունը կայ, դո՛ւք չկաք։
Վերջին Դատաստանէն առաջ ուրի՜շ դատաստաններ կան։ Հրկիզող Դժոխքը հասնելէ առաջ՝ հոս ալ դժոխք կայ։ Գոնէ սկսէիք փուշի պէս պտըտող սատիստ ոստիկանները տաճարէն դուրս վանել։ Ինչո՞ւ լուռ էք մինչ ձեր քարոզած ժողովուրդի զաւակներուն կեանքի ապագան, ներկայի արժանապատուութիւնը, եւ անցեալէն ժառանգած, երկրի հողով շնչած հոգին կը խեղխեղուի. որովհետեւ դուք տաճար չէ՜ք մտներ։ Չէք առաջնորդէր ժողովուրդը դէպի լուսոյ խորան, այսինքն դաւաճանները դուրս հանելու, եւ մեզի խոստացուած, արիւն քրտինքով պահպանուած հայրենիքը պաշտպանելու։
Վերջին Դատաստանը բան մը չփրկէր, կը յանցապարտէ մեղաւորը. իսկ դժոխքի մէջ ճենճերողը որո՛ւ հոգը, երբ այսօր ամբողջ ազգի մը հոգին կը ճանկռտուի, որովհետեւ պահապանները չպաշտպանեցին, ժողովուրդին մեծ զանգուածի մը սրտէն խեղադիւրողներուն չվտարեցին։
Աստուծոյ եւ մարդոց միջեւ կանգնած Քրիստոնեան ՝ ճշմարտութիւնը խօսելէ, եւ մոլորուածը փրկելէ խուսափելու չէ։ Առաքելութի՛ւն ունի։
Գոնէ փորձէի՜ք։


