
ՆԻԿՈԼ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի Կիրակի, Մարտ 18, 2018-ին, Ուաթըրթաունի Հայոց Առաքելական Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Սուրբ պատարագի:
ՇՆՈՐՀԱԿԱԼԻՔ
Տէր եւ տիկին Կարօ եւ Վարդուհի Մելքոնեան շնորհակալութիւն կը յայտնեն բոլոր անոնց, որոնք անձամբ, ծաղկեպսակով, նուիրատուութեամբ, հեռաձայնով, ել-նամակով կամ այլապէս մասնակից եղան իրենց զաւակին` ՆԻԿՈԼ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆի մահուան սուգին:
Նաեւ յատուկ շնորհակալութիւն՝
Ա.Մ.Ն. Արեւելեան շրջանի Բարեջան Առաջնորդ Օշական Արք. Չօլոյեանի, Առաջնորդական փոխանորդ Անուշաւան Եպսկ. Դանիէլեանի, Գանատայի Ազգային Վարչութեան եւ Բարեխնամ Առաջնորդ Բաբգէն Արք. Չարեանի, Ուաթըրթաունի Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան եւ հովիւ՝ Տէր Անդրանիկ Աւագ Քհնյ. Պալճեանի, Հ.Յ.Դ. Ա.Մ.Ն. Արեւելեան շրջանի Կեդրոնական Կոմիտէին եւ Պոսթընի «Սարդարապատ» Կոմիտէութեան: