
ՔԻԵՒ․- Սուրիոյ խորհրդարանէն ետք, Ուքրայինայի խորհրդարանն ալ մօտէն կը քննէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը։
Իշխող «Ժողովուրդի ծառայ» կուսակցութենէն Ուքրայինայի ժողովրդական պատգամաւոր Տարիա Վոլոտինա, Փետրուար 14-ին, օրէնսդրական նախաձեռնութիւն մը կատարաշ է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը յարգելու վերաբերեալ։ Վերջին տաս տարուան ընթացքին արդէն չորրորդ օրէնսդրական նախաձեռնութիւնն է, որ կը կատարուի։:
Ուքրայինայի հայերու միութեան ղեկավար Վիլեն Շատւորեան իր մեկնաբանութեան մէջ պատգամաւորին նախաձեռնութիւնը կարեւոր քայլ նկատած է` նշելով, որ այս ընթացքը կը վկայէ մարդասիրութեան, ճշմարտութեան եւ արդարութեան գաղափարներուն հետեւողական հաւատարմութեան մասին: