Լրահոս
-
ՓՐՈՎԻՏԸՆՍԻ ՄԷՋ.- “ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԱՏԼԱՍ“Ի ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ
Ա.Մ.Ն. Արեւելեան շրջանի Ազգային Ուսումնական Խորհուրդի տնօրէն դոկտ. Վարդան Մաթէոսեան, Շաբաթ Մարտ 16ին, Փրովիտընսի շաբաթօրեան “Մուրատ“ վարժարանը այցելեց եւ լսատեսողական…
Կարդալ աւելին » -
ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- Հ.Օ.Մ.Ի “ՄԱՅՐ“ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԾ ԱՆԴԱՄԱՐՇԱՒԸ
Հայ Օգնութեան Միութեան “Մայր“ մասնաճիւղը բոլորեց իր աւանդական Անդամարշաւի 23րդ հաւաքը, որ տեղի ունեցաւ Կիրակի, Մարտ 17ին, ընկհ. Ռէյչըլ Նաճարեանի…
Կարդալ աւելին » -
“ՅՈՅՍԵՐ“Ի ՀԱՄԵՐԳ
Նիւ Եորքի Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր եկեղցւոյ “Փաշալեան“ սրահին մէջ, Մարտ 16 ին կայացաւ “Յոյսեր“ համոյթի տարեկան համերգը: Խումբը կազմաւորուել է…
Կարդալ աւելին » -
ՔԱՂԱՔԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ.- “ԵՐԵՒԱՆ` ՓՈԽԻ՛Ր ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ“
ԵՐԵՒԱՆ.- Ազգային ժողովի Հ.Յ.Դ. խմբակցութեան քարտուղար եւ Գերագոյն Մարմնի փոխ ներկայացուցիչ Աղուան Վարդանեան, յայտնեց թէ Հ.Յ.Դաշնակցու-թիւնը, յառաջիկայ Մայիս 4-ին կատարուելիք…
Կարդալ աւելին » -
ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐՆԵՐ` ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 100-ԱՄԵԱԿԻ ՍԵՄԻՆ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎԸ` ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ
Անցեալ շաբաթավերջին, Երեւանի “Անի Փլազա“ պանդոկին մէջ մէջ գումարուե-ցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի մարտահրաւէրներուն նուիրուած եր-կօրեայ գիտաժողովը: Գիտաժողովին մասնակցեցան համաշխարհային հեղինակու-թիւն…
Կարդալ աւելին » -
ԵՐԵՒԱՆԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԻ ՊԱՇՏՕՆԻՆ ՀԱՄԱՐ ՊԻՏԻ ՊԱՅՔԱՐԻՆ 7 ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՈՒԺԵՐ
ԵՐԵՒԱՆ.- Հինգշաբթի Մարտ 21-ին, աւարտեցաւ Մայիս 5-ին տեղի ունենալիք Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն մասնակցութեան` կուսակցութիւններուն կողմէ Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբին ցուցակներ ներկայացնելու…
Կարդալ աւելին » -
“ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԸ ՈՉ ՄԻԱՅՆ ՉԻ ՊԱՏՐԱՍՏՒՈՒՄ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ, ԱՅԼԵՒ ՓՈՐՁՈՒՄ Է ԿԱՆԽԵԼ ԿԱՄ ԽԱՆԳԱՐԵԼ ԱՐՑԱԽԻ ՑԱՆԿԱՑԱԾ ՔԱՂԱՔԱԿԻՐԹ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒՄԸ ԱՇԽԱՐՀԻ ՀԵՏ“, ԸՍԱՒ ԱՐՑԱԽԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՐՑԵՐՈՒ ԵՒ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ՆԱԽԱՐԱՐ ՆԱՐԻՆԷ ԱՂԱՊԱԼԵԱՆ
Ստորեւ, գրեթէ ամբողջութեամբ, լոյս կ՛ընծայենք Արցախի երիտասարդական հարցերու եւ մշակոյթի նախարար Նարինէ Աղապալեանի խօսքը, արտասանուած Չորեքշաբթի, Մարտ 13-ին, Արցախի…
Կարդալ աւելին » -
ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ ՓՐԱՆԿԻՍԿՈՍ ՊԱՊԻՆ
ՎԱՏԻԿԱՆ.- Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութիւնը, իր նուիրապետութեամբ, կղերով, կրօնաւորական միաբանութիւններով եւ հաւատացեալներով,շնորհաւորական մաղթանք մը յղեց նորընտիր Փրանկիսկոս Պապին: Միւս կողմէ, նորընտիր Պապին գահակալութեան առթիւ, Հռոմ առաքուած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան պատուիրակութեան մաս կազմողՆարեկ Արք. Ալեէմէզեանը Վատիկան ժամանեց Մարտ 17-ին եւ իջեւանեց Վատիկանի պաշտօնական հիւրերու “Սուրբ Մարթա“ հիւրանոցին մէջ, ուրնաեւ ժամանակաւորապէս կ՛ապրի Պապը: Սրբազանը բացառիկ պատեհութիւնը ունեցաւ պապին սեղանակից դառնալու` հիւրանոցի սեղանատանմէջ: Իր համեստութեամբ յատկանշուող Փրանկիսկոս պապը անակնկալօրէն միացաւ հոգեւորականներու փոքր խումբին եւ լայն ժպիտով “բարիախորժակ“ մաղթելէ ետք` գրաւեց բոլորին համահաւասար պարզ աթոռ մը եւ մտերմօրէն մասնակցեցաւ խօսակցութեան: Ընթրիքի աւարտին, ՆարեկՍրբազան առանձինն հանդիպեցաւ քահանայապետին հետ` փոխանցելով Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին եղբայրական ողջոյնները, հակիրճկերպով խօսեցաւ Հայ եկեղեցւոյ եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մասին: Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան իր կարգին շնորհաւորեց Պապը եւ նշեց, որ աշխարհի մէջ առաջինը պետականօրէն քրիստոնէութիւնը ընդունած հայժողովուրդին համար այս իրադարձութիւնը առանձնայատուկ խորհուրդ եւ իմաստ ունի: Նախագահը ուրախութեամբ նշեց, որ Սուրբ Պետրոսի նուիրապետական աթոռինվրայ նստած է հայ ժողովուրդի բարեկամը, որ քաջատեղեակ է հայ մշակոյթին եւ հայոց պատմութեան, ինչ որ ան բազմիցս փաստած է Արժանթինի մէջ իր գործունէութեանընթացքին:
Կարդալ աւելին » -
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՄԷՋ.- ԱՐՑԱԽԻ ԱԶԱՏԱԳՐԱԿԱՆ ՇԱՐԺՄԱՆ 25-ԱՄԵԱԿԻ ՆՇՈՒՄ
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Մարտ 13-ին, Քոնկրէսի “Քենըն“ շէնքին մէջ, մեծ շուքով նշուեցաւ Արցախի ազատագրական շարժումի 25ամեակը: Ներկայ էինՆերկայացուցիչներու Տան Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի ատենապետ Էտ Ռոյս եւ շարք մը այլ քոնկրէսականներ: Գլխաւոր բանախօսն էր Արցախի երիտասարդական հարցերու եւ մշակոյթի նախարար Նարինէ Աղապալեանը (տեսնել խօսքը` էջ 2-3): Անոր կողքին, տօնակատարութեան ընթացքին ելոյթներ ունեցած են Էտ Ռոյս, Քոնկրէսի Հայկական համախմբումի երկու համա-ատենապետներ` Ֆրենք Փըլոն ու Մայքըլ Կրիմ, ինչպէս նաեւ Էտըմ Շիֆ, Միացեալ Նահանգներու մօտ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Թաթուլ Մարգարեան, Ուաշինկթընի մօտԱրցախի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեան: “Արցախը անկախ հանրապետութիւն է եւ պէ՛տք է ճանչցուի իբրեւ անկախ հանրապետութիւն: ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի կամ որեւէ այլ միջազգայինկազմակերպութեան առաջնորդութեամբ բանակցութիւն մը պարտաւոր է ապահովել Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը` մնալու անկախպետութիւն կամ միանալու Հայաստանի Հանրապետութեան“, նշեց Ֆրենք Փըլոն: Մայքըլ Կրիմ անդրադարձաւ այն իրողութեան, որ հետզհետէ սկսած է աճելու Արցախի անկախութեան միջազգային աջակցութիւնը` շեշտելով, թէապագային նոր հակամարտութենէ մը խուսափելու համար, անկախութեան ձգտումը պէտք է հաշուի առնուի տագնապի տեւական լուծում մը գտնելուբանակցութեանց ընթացքին: “Կը հաւատամ, որ միջազգային հանրութիւնը սկսած է հասկնալու, որ այդ է տագնապին միակ իրատեսական լուծումը“,շեշտեց Կրիմ: Էտ Ռոյս եւ Էտըմ Շիֆ, իրենց ելոյթներուն ընթացքին դատապարտեցին հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանը սպաննած Ռամիլ Սաֆարովը ներելու եւհերոսացնելու Ատրպէյճանի քայլը: “Սաֆարովի դէպքը վկայութիւնն է այն իրողութեան, որ Ատրպէյճանի մէջ կը շարունակուի հակահայ ատելութեանսերմանումը: Արդարացում չունեցող նման սարսափելի արարք կ՛արդարացնէ հայերուն այն մտավախութիւնները, թէ արցախահայութեանպարտադրուած ենթարկումը` Պաքուի կառավարութեան, պիտի աւարտի արիւնահեղութեամբ: Կասեցնելով Ատրպէյճանի տրամադրուող ռազմականօգնութիւնը, Ամերիկա իր նողկանքը պիտի արտայայտէ Ռամիլ Սաֆարովի հարցին առնչութեամբ եւ պիտի յիշեցնէ Ատրպէյճանին, թէ ՄիացեալՆահանգները չի հանդուրժեր Հայաստանի կամ Արցախի դէմ բռնարարքները“, ըսաւ Շիֆ: Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան, շնորհակալութիւն յայտնելով նախարարին ու բոլոր քոնկրէսականներունյայտնեց թէ Արցախի շարժումը իր բնոյթով ամբողջովին ազատագրական էր: Միւս կողմէ, այս ձեռնարկէն օր մը ետք, Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու Տան Արտաքին յատկացումներու ենթայանձնախումին առջեւ վկայութիւն տուաւյանձնախումբի օրէնսդրական հարցերու վարիչ Րաֆֆի Գարագաշեանը` կոչ ընելով, որ Ամերիկեան կառավարութեան յառաջիկայ տարուան ամավարկին մէջ յաւելեալօժանդակութիւններ տրամադրուին Հայաստանին, Արցախին ու Ջաւախքին:
Կարդալ աւելին » -
“ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԱԾ ՁԵՒՈՎ ՊԻՏԻ ՄԱՍՆԱԿՑԻՆՔ ԵՐԵՒԱՆԻ ԱՒԱԳԱՆԻԻ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ“, ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ Ա. ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ
ԵՐԵՒԱՆ.- Հ.Յ.Դ. խմբակցութեան պատգամաւոր Աղուան Վարդանեան, շաբաթասկիզբին խորհրդարանին մէջ լրագրողներուն հետ զրոյցին ընթացքինյայտնեց, որ Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը իսկապէս կը մտածէր, որ Երեւանի աւագանիի ընտրութիւնները կրնան դառնալ այն հարթակը, որ ընդդիմադիրուժերուն միաւորուելու, այդ ընտրութիւններուն քաղաքական պայքարի ճամբով երթալու կարելիութիւն պիտի տայ եւ Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը այս գծովկատարած է ամէն կարելին եւ անկարելին: “Մեր խիղճը մաքուր է, քանի որ մենք ըրինք ամէն ինչ, որպէսզի քաղաքական ուժերը համաձայնութեան գան: Իւրաքանչիւր քաղաքական ուժ առանձինպիտի մասնակցի այդ ընտրութիւններուն, սակայն ատիկա չի նշանակեր, որ համագործակցութիւնը պիտի դադրի: Արդէն Երեւանի աւագանիիընտրութիւններէն ետք կարելի է, որ բարենպաստ պայմաններ ստեղծուին միացեալ աշխատանքի համար“, ընդգծեց Վարդանեան: Ըստ անոր, քննարկումներ տեղի ունեցած են “Ժառանգութիւն“ եւ “Բարգաւաճ Հայաստան“ կուսակցութիւններուն հետ թէ՛ միասին, թէ՛առանձին-առանձին, սակայն մօտեցումներու տարբերութիւնները թոյլ չտուին միաւորուիլ եւ միասնական ցուցակ կազմել: Ըստ անոր, պարտք եւ պատասխանատուութիւն ունին բոլորը` թէ՛ իշխանութիւնը, թէ՛ ընդդիմութիւնը, եւ այդ պարտքէն եւ պատասխանատուութենէն կարելի չէ խուսափիլ: “Մենք մեր երկրին մէջ թշնամիներ չունինք, տարակարծութիւններ, տարբերութիւններ, այո, կան, բայց ոչ երբեք թշնամանք, եւ միայն քաղաքական համաձայնութեամբկարելի է փոխել այս իրավիճակը: Կը կարծենք, որ անոր համար հիմքեր կան, եթէ բոլոր կողմերը իսկապէս տրամադրուած են: Մենք ունինք մեր ճամբու քարտէսը եւ կըկարծենք, որ կարելի է այդ ճամբով առաջ երթալ“, եզրակացուց Վարդանեան:
Կարդալ աւելին »