ԱՅՍ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԻՆ` ՊՈՍԹԸՆԻ ՄԷՋ Հ.Մ.Ը.Մ.-Ի ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ Ա.Մ.Ն.-Ի ՄԻՋ-ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԱՅԻՆ ԽԱՂԵՐ
Ա.Մ.Ն.-ի անկախութեան զուգադիպող այս շաբաթավերջին, Պոսթընը պիտի ըլլայ Հ.Մ.Ը.Մ.-ականներու ժամադրավայրը: Արդարեւ, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի քաղցրահունչ նշանաբանին շուրջ հաւաքուած, Արեւելեան Ա.Մ.Ն.-ի զանազան մասնաճիւղերէն, նաեւ հիւրաբար Գանատայէն մարզիկներ, սկաուտներ եւ համակիրներ պիտի տողանցեն ու...