Լրահոս

ՀՐԱՆԴ ՄԱՐ­ԳԱՐ­ԵԱՆ ՊԱՐ­ԳԵ­ՒԱՏՐ­ՈՒԵ­ՑԱՒ ՀԱ­ՅԱՍ­ՏԱ­ՆԻ ՀԱՆ­ՐԱ­ՊԵ­ՏՈՒ­ԹԵԱՆ “ՄՈՎ­ՍԷՍ ԽՈ­ՐԵ­ՆԱ­ՑԻ“Ի ՄՇԱ­ԿՈՒ­ԹԱ­ՅԻՆ ԲԱՐՁ­ՐԱ­ԳՈՅՆ ՄԵ­ՏԱ­ԼՈՎ

 Եր­կու­շաբ­թի, Մա­յիս 21, 2012ին, Պոս­թը­նի մէջ կազ­մա­կերպ­ուած` Հա­յոց Ժա­ռան­գու­թեան Այգիի բաց­ման ճաշ­կե­րոյ­թի ըն­թաց­քին, հան­րա­ծա­նօթ մտա­ւո­րա­կան, թա­տե­րա­գիր, բե­մադ­րիչ, գիտ­նա­կան, բա­նաս­տեղծ, դաստ­ի­ա­րակ, Դոկտ. Հրանդ Մար­գար­եան պար­գե­ւատր­ուե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան Մով­սէս Խո­րե­նացիի ան­ուան մշա­կու­թա­յին բարձ­րա­գոյն մե­տա­լով:

Մե­տա­լը շնորհ­ուած էր Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան մե­ծար­գոյ Նա­խա­գահ Սերժ Սար­գիս­եա­նի կող­մէ:

Տուու­չու­թիւնը կա­տար­ուե­ցաւ Նո­րին Վսե­մու­թիւն Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Եդ­ուարդ Նալ­պանտ­եա­նի կող­մէ, ներ­կա­յու­թեամբ` Նո­րին Վսե­մու­թիւն Սփիւռ­քի նա­խա­րար Տի­կին Հրա­նոյշ Յա­կոբ­եա­նի:

Մով­սէս Խո­րե­նա­ցի Մե­տա­լը հաս­տատ­ուած է Յու­լիս 26, 1993ին: Բարձ­րա­գոյն մե­տալն է, որ կը շնորհ­ուի Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հին կող­մէ` մշա­կու­թա­յին, ար­ուես­տի, գրա­կա­նու­թեան, դաստ­ի­ա­րա­կու­թեան եւ մար­դա­սի­րա­կան գոր­ծու­նէ­ու­թեանց մէջ ներդ­րում ու­նե­ցող ան­հատ­նե­րու թէ՛ Հա­յաս­տա­նի, թէ՛ Սփիւռ­քի մէջ:

Նա­խա­պէս, Դոկտ. Հրանդ Մար­գար­եան  “Մես­րոպ Մաշ­տոց շքան­շան ստացած էր ձե­ռամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կոս Մե­ծի Տանն Կի­լիկ­իոյ: Հա­յաս­տա­նի` Մշա­կոյ­թի նա­խա­րա­րու­թեան` Ոսկ­իայ Մե­տալ“, Գրող­նե­րու Միու­թեան բարձ­րա­գոյն Գրա­կան Վաս­տակի, Թա­տե­րա­կան Միու­թեան` Ար­տա­ւազդ”“ եւ Ազ­գա­յին Գրա­դա­րա­նի`  Յա­կոբ Մե­ղա­պարտ“ բարձ­րա­գոյն մե­տալ­նե­րը: Հա­մազ­գա­յի­նի` Նիւ Եոր­քի մաս­նա­ճիւ­ղի, Շրջա­նա­յի­նի եւ Կեդ­րո­նա­կան Վար­չու­թեանց մե­տալ­նե­րը: Հ.Օ.Մ.ի Ա.Մ.Ն.ի Արե­ւել­եան Շրջա­նա­յի­նի` Ակ­նու­նի շքան­շա­նը, Եուն­յըն Սի­թի Քա­ղա­քա­պե­տի եւ Քուին­զի Շրջա­նի մշա­կու­թա­յին մե­տալ­նե­րը: 1992ին Մար­գար­եան Հա­յաս­տա­նի Գրող­նե­րի Միու­թեան Լա­ւա­գոյն Թա­տե­րա­գիր եւ 2004ին Լի­բա­նա­նի Վեր­ժին եւ Վահ­րիճ Ճե­րեճ­եան Թա­տե­րա­կան մրցա­նակ­նե­րուն ար­ժա­նա­ցած է:

Դոկտ. Հրանդ Մար­գար­եան ծնած է Պաս­րա (Իրաք), Հոկ­տեմ­բեր 6, 1938ին եւ հաս­տատ­ուած Մի­աց­եալ Նա­հանգ­ներ` 1962-ին, ուր ստա­ցած է MS եւ Ph.D. վկա­յա­կան­նե­րը տար­րա­բա­նու­թեան մէջ:

Մար­գար­եան առա­ջին դե­րա­կա­տա­րու­թիւնը կա­տա­րած է Պաս­րա 1956ին եւ առա­ջին բե­մադ­րու­թիւնը` Պաղ­տատ 1957ին: Հե­ղի­նա­կած է 27, հրա­տա­րա­կած` 10 եւ բե­մադ­րած` 51 թա­տե­րա­խա­ղեր: Ղե­կա­վա­րած է 151 բե­մա­կան աս­մուն­քա­յին ելոյթ­ներ: Մարմ­նա­ւո­րած է 56 տի­պար­ներ: Մաս­նակ­ցած է Assignment Berlin շար­ժան­կա­րին` Լեփ­սիւ­սի դե­րով: Բե­մա­կա­նա­ցու­ցած է 15 գրող­նե­րու եր­կե­րը: Հիմ­նադ­րած է Հա­մազ­գա­յի­նի` Նիւ Եոր­քի եւ Նիւ Ճըրզիի թա­տե­րա­խում­բե­րը: Պատ­րաս­տած եւ դաստ­ի­ա­րա­կած է 485 դե­րա­սան­ներ: Իր ղե­կա­վա­րու­թեամբ առա­ջին ան­գամ Հա­մազ­գա­յի­նի Նիւ Եոր­քի թա­տե­րա­խում­բը ելոյթ ու­նե­ցած է Հա­յաս­տան 1992ին, Օֆֆ-Պրոտ­ուէյ Նիւ Եորք 1995-ին եւ շրջա­գա­յած Անգլ­իա, Գա­նա­տա եւ Քա­լի­ֆորն­իա: Պատ­րաս­տած է բազ­մա­թիւ լսա­տե­սո­ղա­կան ծրա­գիր­ներ: Իր մա­սին գրուած է Անգ­լե­րէ­նով Շուարթ­ցի խմբագ­րած` Էթ­նիկ թատ­րո­նը Ա.ՄՆ.ի մէջ: Իր Հա­յե­լի­ներ, Անգ­լե­րէն թա­տե­րա­խա­ղը նե­րառն­ուած է` Փառ­լաք­եա­նի խմբագ­րած Ամե­րի­կա­հայ թա­տե­րա­գիր­ներ գիր­քին մէջ: Իր թա­տե­րա­խա­ղե­րը ներ­կա­յաց­ուած են` Ա.Մ.Ն., Անգլ­իա, Լի­բա­նան, Հա­յաս­տան, Յու­նաս­տան, Սուր­իա եւ Գա­նա­տա:

Ան, առա­ջին բա­նաս­տեղ­ծու­թիւնը հրա­տա­րա­կած է Պաղ­տատ 1957ին Գո­յա­մարտ շա­բա­թեր­թին մէջ: Հրա­տա­րա­կած է Են­թա­ե­սէն Փշրուած բա­նաս­տեղ­ծա­կան հա­տո­րը 2000ին եւ Քա­րա­ձայն Պա­տա­րագճամ­բոր­դա­խո­հա­կան գիր­քը: Իր բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­նե­րը, յօդ­ուած­նե­րը եւ ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րը լոյս տե­սած են Հա­յաս­տա­նի եւ Սփիւռ­քի հայ­կա­կան թեր­թե­րուն մէջ:

Մար­գար­եան անգ­լե­րէ­նի թարգ­մա­նած է քսան հայ բա­նաս­տեղծ­նե­րու եր­կե­րը եւ թա­տե­րա­գիր Կա­րի­նէ Խո­դիկ­եա­նի չորս թա­տե­րա­խա­ղե­րը: Ան խմբագ­րած է Հա­մա­վաս­պու­րա­կա­նի Վա­րագ պար­բե­րա­կա­նը տաս տա­րի: Անգ­լե­րէ­նով խմբագ­րած է Հա­յաս­տա­նի 13 թա­տե­րա­գիր­նե­րու եր­կե­րը: Բա­գին պար­բե­րա­թեր­թի խմբագ­րա­կան կազ­մի ան­դամ է 2000 թուա­կանէն ի վեր: Նա­եւ, Դոկտ.  Մար­գար­եան դա­սա­ւան­դած է Նիւ Ճըրզիի Սուրբ Վար­դա­նանց եկե­ղեց­ւոյ` Նա­րեկ Շա­բա­թօր­եայ Վար­ժա­րա­նին մէջ 4 տա­րի: Եղած է տնօ­րէն եւ ու­սու­ցիչ Նիւ Եոր­քի Ս. Լու­սա­ւո­րիչ Շա­բա­թօր­եայ Վար­ժա­րա­նին մէջ 4 տա­րի: Րաք­լընտ Քաունթիի` Ս. Մես­րոպ Շա­բա­թօր­եայ Վար­ժա­րա­նին մէջ 3 տա­րի: Դա­սա­խօ­սած է Կի­լիկ­եան Թե­մի Ազ­գա­յին Առաջ­նոր­դա­րա­նի` Սի­ա­ման­թօ Լսա­րա­նին մէջ 25 տա­րի: Եղած է Նիւ Եորք նա­հան­գա­յին հա­մալ­սա­րա­նի փրո­ֆէ­սօր 11 տա­րի: Ան եղած է ատե­նա­պետ Հա­մազ­գա­յի­նի` Ն.Ե.ի մաս­նա­ճիւ­ղի եւ Ա.Մ.­Ն.ի Արե­ւել­եան Շրջա­նա­յի­նի վար­չու­թեանց: Ընտր­ուած է ան­դամ Հա­մազ­գա­յի­նի Կեդ­րո­նա­կան Վար­չու­թեան (եր­կու շրջան 8 տա­րի): 1992էն իվեր վա­րիչ քար­տու­ղարն է Հայ Բժշկա­կան Ֆոն­տին ուր պատ­րաս­տած եւ հսկած է Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի հա­կա­թո­քախ­տա­յին օժան­դա­կու­թեան ծրա­գիր­նե­րու գոր­ծադ­րու­թեան: Տաս­նը­մէկ տա­րի ատե­նա­պե­տը եղած է Ս. Լու­սա­ւո­րիչ Մայր Վար­ժա­րա­նի խնա­մա­կալ մարմ­նին:

1956էն ան­դամ է Հ.Յ.Դ.-ի: Ատե­նա­պե­տած է Նիւ Եոր­քի կո­մի­տէ­ու­թեան եւ եղած է ան­դամ` Հ.Յ.Դ. Ա.Մ.Ն.ի Արե­ւել­եան Շրջա­նի Կ.Կ.ի կազ­մին: Էջմ­ի­ած­նա­կան Թե­մի Ազ­գա­յին Առաջ­նոր­դա­րա­նի հրա­ւէ­րով լսա­տե­սո­ղա­կան յայ­տա­գիր ներ­կա­յա­ցու­ցած է Ամե­նայն Հա­յոց Կա­թո­ղի­կոս` Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ.ի այ­ցե­լու­թեան առ­թիւ: Հե­ղի­նա­կած եւ աս­մուն­քած է Կի­լիկ­իոյ Դպրե­վան­քի, Անիի Հա­զա­րամ­եա­կի, Հ.Օ.­Մ.ի Յիս­նամ­եա­կի եւ Խրիմ­եան Հայ­րի­կի մահ­ուան 80ամ­եա­կի լսա­տե­սո­ղա­կան ծրա­գիր­նե­րը: Ան սի­րա­յօ­ժար կա­տա­րած է ազ­գա­յին իր բո­լո՛ր աշ­խա­տանք­նե­րը (թա­տե­րա­խում­բե­րու ղե­կա­վա­րու­թիւն, դա­սա­խօ­սու­թիւն­ներ, ու­սուց­չու­թիւն եւայլն): Նիւ­թա­պէս օժան­դա­կած է Հա­յաս­տա­նի սահ­մա­նա­մերձ գիւ­ղե­րու դպրոց­նե­րու բա­րե­նո­րոգ­ման աշ­խա­տանք­նե­րուն: Նա­եւ բազ­մա­թիւ ելոյթ­ներ ու­նե­ցած է` Ա.Մ.Ն., Գա­նա­տա, Անգլ­իա, Ֆրան­սա, Լի­բա­նան, Սուր­իա, Հա­յաս­տան, Ար­ցախ: Դա­սա­խօ­սած է` Ար­ցա­խի, Հա­յաս­տա­նի Պե­տա­կան, Մըք­Կի­լի, Նիւ Եոր­քի, Րաթ­կըր­սի եւ Գո­լոմպ­իա հա­մալ­սա­րան­նե­րուՆ մէջ:

Մար­գար­եան Սփիւռ­քի մէջ ամե­նէն մեծ թիւով թա­տե­րա­խա­ղե­րու հե­ղի­նակ է (27): Առա­ջին հայ ղե­կա­վարն է, որ եր­կու ան­գամ հայ­կա­կան նիւ­թով OFF-BROADWAY ելոյթ ու­նե­ցած է: Մե­ծա­գոյն թիւով անդ­րա­նիկ բե­մադ­րու­թիւն­ներ կա­տա­րած է (33): Ա.Մ­.Ն.ի մէջ, 45 տա­րի­ներ առանց ընդ­հա­տու­մի ներ­կա­յա­ցում­ներ ղե­կա­վա­րած է:

Hairenik Media Hairenik Media

Մեկ մեկնաբանություն

  1. Լաւ կ’ըլլար, որ այս բոլորը հայերէն պահանջուէին: Այս թերթը կարդացողները հայ են,– կարծեմ:
    Մարգարեանի յօդուածին մէջ կը գտնեմ ՏՈՒՈՒՉՈՒԹԻՒՆ, պէտք է ըլլայ ՏՈՒՉՈՒԹԻՒՆ:
    Շնորհակալութիւն

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button