ՇՈՒՇԻԻ ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄԸ ՄԱՅԻՍ 8, 1992-ԻՆ
Արցախի ազատագրութեան քսանամեակը իր ամբողջականութեան հասաւ, երբ Մայիս 8, 1992ին, Շուշին ազատագրուեցաւ:
Շուշին միայն հայկական քաղաք չէր, նաեւ ունէր միջազգային համբաւ: Պատմութիւն կերտած է Շուշին, որ եղած է Անդրկովկասի մշակութային եւ կրթական մեծ կեդրոն մը: Շուշիի մէջ, համալսարանական բարձր մակարդակի կրթօճախ գոյութիւն ունեցած է, թէ հայերէն եւ թէ այլ լեզուներ դասաւանդուած են:
Մայիսեան այդ գեղեցիկ արշալոյսին, հայկական ջոկատները իրականացուցին Շուշիի ազատութիւնը: 2800 մարտիկներով սկսաւ այդ արշաւը: Ամէն կողմէ պաշարուեցաւ Շուշին եւ սկսաւ իր ազատագրութեան կարճատեւ հերոսամարտը:
Շուշի քաղաքին մէջ զօրացած էին ազերի բանակի 2300 զինուորներ, որոնք իրենց հրետանիի զօրութեամբ եւ այդ բարձունքէն կը ռմբակոծէին Ստեփանակերտն ու շրջակայ հայկական գիւղերը:
Իր կարգին, խելացի դասաւորումով հայկական զօրքը իր հրետանիով, անակնկալի բերելով ազերիները, ամէն կողմէ շրջապատելով խուճապի մատեցին զանոնք: Հայկական զօրքը չորս հիմնական կեդրոններէն ամրապնդուած սաստկացուց իր գրոհները: Ազերի բանակայինները կը զարմանային թէ կայծակնային արագութեամբ հայերը կրցած էին զիրենք առնել ծուղակի մէջ եւ գրաւել Շուշին.-
Արցախի ազատագրութեան 20ամեակը իր ամբողջականութեան հասաւ, երբ 1992 Մայիս 8ին Շուշին եկաւ մեր ազատագրական պայքարի պատմութեան անաւարտ էջը նոր յաղթանակով ոսկեզօծելու:
Մեզի համար կարեւոր թուականներ են ազատագրական պայքարի առումով 1918, 1920 եւ վերջապէս Փետրուար 20, 1988, երբ հերոսական Արցախը յաջողեցաւ իր վրայէն թօթափել ատրպէյճականական ժանգոտ լուծը եւ հռչակել Արցախեան անկախութիւն:
Խորհրդայնացման պարտաւորած լռութենէն եւ բռնացուած հանդուրժողականութենէն ետք, հայ ժողովուրդը հետեւեցաւ իր ազատագրական գաղափարախօսութեան “հայահաւաք եւ հողահաւաք“ կարգախօսին եւ առաջին յաղթանակով ազատագրեց Արցախը, որպէս առաջին նուաճում:
Հայութիւնը սկսաւ իր պատմաևքաղաքական ազգային մարտունակութիւնը վերագտնել: Արցախը եղաւ մեր պատիւը, մեր հպարտութիւնը: Արցախը եղաւ մեր յաղթանակը:
Եւ այդ հպարտութիւնը ամբողջական դարձաւ, երբ պատմական դարաւոր եւ նշանաւոր քաղաքը` Շուշին, որ հնարաւոր չէր եղած Արցախի հետ նուաճել, հնարաւոր եղաւ Մայիս 8, 1992ին ազատագրել: Այժմ տանք Շուշիի ազատագրման պատմութիւնը այս դարաւոր հայատրոփ քաղաքին հպարտ իրագործումները:
Հայկական ջոկատները իրականացուցին այդ ազատութիւնը: Գարնան գեղեցիկ արշալոյսին, 2800 մարտիկներով սկսաւ այդ արշաւը: Ամէն կողմէ պաշարուեցաւ Շուշին եւ սկսաւ իր ազատագրութեան կարճատեւ հերոսամարտը:
Շուշի քաղաքին մէջ զօրացած էին ազերի բանակի 2300 զինուորներ, որոնք իրենց հրետանիի զօրութեամբ եւ այդ բարձունքէն կը ռմբակոծէին Ստեփանակերտն ու շրջակայ հայկական գիւղերը:
Իր կարգին, խելացի դասաւորումով հայկական զօրքը իր հրետանիով, անակնկալի բերելով ազերիները, ամէն կողմէ շրջապատելով խուճապի մատնած էին զանոնք: Հայկական զօրքը չորս հիմնական կեդրոններէն ամրապնդուած սկսան սաստկացնել իրենց գրոհները: Ազերիները անշուշտ կը սպասէին այս հակահարուածին եւ ցոյց կու տային ուժեղ դիմադրութիւն, բայց հայկական ուժգին այս յարձակումին դէմ դնել անկարելի եղած էր:
Եւ յաջորդ օրը արդէն, այսինքն Մայիս 9ին, ազերի բանակայինները կը զարմանային թէ ինչպէս այնքան արագութեամբ հայերը կրցած էին զիրենք առնել ծուղակի մէջ եւ սկսած էին մեծ թիւով զոհեր տալ: Ճար չունենալով միակ ճամբան էր իրենց համար փախուստ տալ եւ իրենք զիրենք ազատել: Հայ մարտիկները գիտակցելով այդ կացութեան, թոյլ տուին որ անոնք քաշուին Շուշիէն եւ երթան դէպի Լաչին: Ոչ միայն խնայելու համար յաւելեալ արիւնահոսութիւն, այլ Շուշիի եկեղեցիներուն, հաստատութիւններուն եւ բնակչութեան մասին մտածելով, որովհետեւ անոնք կրնային վնասուիլ հրետանիի ռմբակոծումներէն:
Ստեփանակերտը ցնծութեան մէջ էր, Շուշին ազատագրուած էր, Շուշին այդ դարաւոր հայապարծան քաղաքը անգամ մը եւս կու գար միանալու իր տէրերուն, հայութեան:
Բայց պէտք էր հետապնդէին ազերի զինեալները, որոնք անցած էին Լաչին եւ այնտեղէն կրնային ազատագրուած Արցախին վնասել, ուստի շարունակելով մաքրագործման իրենց առաքելութիւնը, հայ զինեալները հետապնդեցին եւ զանոնք Լաչինէն եւս հեռացուցին:
Շուշին ոչ միայն հայկական քաղաք էր, այլ եւ ունէր միջազգային համբաւ: Պատմութեան մէջ մենք գիտենք թէ ան եղած է Անդրկովկասի մշակութային եւ կրթական մեծ կեդրոն մը, եղած ըլլալով Եւրոպայի համալսարաններուն մակարդակով կրթական օճախ, ունենալով նոյնիսկ անցեալին հայերէն, գերմաներէն, ռուսերէն մինչեւ իսկ անգլերէն լեզուներու դասաւանդութիւն: Նշանաւոր եղած է իր ճարտարապետական գլուխ գործոց համարուող Ղազանջեցոց եկեղեցին: Նոյն-պէս նշանաւոր եղած է իր ԳԱՆՁԱՍԱՐի եկեղեցին, որուն մասին Փարիզի մէջ գումարուող միջազգային ճարտարապետական համագումարին համարուած է Անդրկովկասի ճարտարապետութեան մէջ “Թագուհի Ճարտարապետութեան“ մակդիրին: Իտալացի ճարտարապետութեան պատմութեան մէջ եւս երկու կարեւոր եկեղեցիներ յիշատակուած են` մէկը Նախիջեւանի “Աստապատ“ի եւ միւսը “Գանձասար“ի եկեղեցին: Դժբախտաբար Աստապատի եկեղեցին մի քանի տարի առաջ զոհ գնաց ազերիների բարբարոսութեան, բայց Գանձասարը կը մնայ կանգուն:
Շուշիի մասին անհրաժեշտ է տալ յաւելեալ տեղեկութիւններ, բայց կարելի է յիշել միայն որ այնտեղ առաջին անգամ թարգմանուած է Սաղմոսները աշխարհաբարի, այնտեղ առաջին անգամ գտնուած է մարդկային կմախք մը Հադրուտի (Ազոխ գիւղին մէջ) եւ եզրակացուած է համաշխարհային մարդաբանութեան կողմէ, որ մարդկային ծննդոց առաջին օջախներէն մէկը եղած է Շուշին: Ուրեմն կ՛արժէ, որ այս նշանաւոր քաղաքի ազատագրման օրը առանձնապէս յիշել, որպէսզի ամբողջանայ Արցախի ազատագրումը, որուն 20րդ տարեդարձը կը տօնէ հայութիւնը:
1988 Փետրուար 20ը եկաւ սրբագործելու մեր դատը եւ մեր դարաւոր պատմութեան մէջ ստեղծուեցաւ անկիւնադարձ մը: Խորհրդայնացման պարտաւորուած լռութենէն եւ բռնադատուած հանդուրժողականութենէն ետք, հայ ժողովուրդը հետեւեցաւ իր ազատագրական հաւատամքին “հայահաւաք եւ հողահաւաք“ կարգախօսին եւ առաջին յաղթանակով ազատագրեց Արցախը:
Կը խօսինք առանձնաբար Շուշիի մասին, քանի որ ան եղաւ պսակը Արցախեան Ազատագրութեան: Շուշի քաղաքը նշանաւոր եղած է ոչ միայն Արցախի եւ Հայաստանի պատմական իրականութեան մէջ, այլ եւ ռուսական կայսրութեան համար եւ Եւրոպայի կրթական թէ քաղաքական առումներով:
Լեռնային Ղարաբաղ ազերի տիրապետութեան տակ ունեցած է դժբախտ օրեր, որովհետեւ անգլիացիներու դաւադիր տնօրինումով ամբողջ Ղարաբաղը անցած է ազերիներու իշխանութեան ներքոյ, երբ Անդրանիկի ճիգերը, անկէ առաջ եւ անկէ ետք Դրոյի, Գարեգին Նժդեհի միջամտութիւնները չեն կրցած ազատագրել, ոչ թէ ազերիներէն այլ անգլիացիներու խաբէութիւններէն, որուն իբրեւ հետեւանք նշանակուած Տոքթ. Սուլթանով դարձած է շրջանի ընդհանուր նահանգապետ եւ իր մահմետական հակահայ արեան հետեւողութեամբ մնայուն կերպով հալածած է հայութիւնը մինչեւ շրջանի տիրապետումն ու խորհրդայնացումը: Արցախ պատմականօրէն բաժնուած է հինգ շրջաններու անոր Հադրութ, Մարտակերտ, Մարտունի, Ստեփանակերտ եւ Շուշի: Տարածութիւնն է 4,400 քառ քլմ. գրաւուած հողատարածքներով միասին: Շուշին ըլլալով նշանաւոր եւ ապահով վայր նկատուած` հայոց մէջ Նախիջեւանէն, Մեղրիէն, Պարսկաստանի հայահոծ շրջաններէն հալածուած հայեր եկած հաստատուած են այնտեղ եւ ընտանեկան համախմբումներ կազմած, նոյնիսկ ունեցած են իրենց թաղային եկեղեցիները: Ըսինք, որ ունեցած է միջազգային համբաւ, այս համբաւը իրենց համար եղած է առաւելութիւն թէ անպատեհութիւն: Հինէն ի վեր, մոնկոլները եկած եւ անոր սքանչելի դիրքին համար գրաւած են զայն եւ աւերներ գործած: Անկէ ետք ռուսևպարսկական պատերազմներու թատերաբեմ եղած է մինչեւ իր ազատագրումը:
ԿՐՕՆԱԿԱՆ
Շուշին Եւրոպայի հետ ունեցած է սերտ յարաբերութիւններ: Այս յարաբերութիւններուն արդիւնք եղած է կրօնական գետնի վրայ Եւրոպայի մէջ տեղի ունեցած կրօնական շարժումներուն անդրադարձը: Այսպէս` Շուշիի մէջ աւետարանական շարժումը գտած է հող եւ տարածուած է, նոյնիսկ 1835 թուականին սաղմոսը արեւելահայ աշխարհաբարով տարածուած է ժողովուրդին մէջ:
ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Շուշին օժտուած է իր ժամանակին համապատասխանող արդիական տպարանով եւ հրատարակչատուներով: Այսպէս` հրատարակուած են այլազան ժամանակներուն, մօտ 15 անուն պարբերական մամուլ երգիծական, թատերական, ուսումնասիրական, գրական, պատմական եւ այլ բնոյթի հրատարակութիւններ: Շնորհիւ այս տպարանի ընծայած առաւելութեան, այնտեղ հրատարակուած է պատմական մեծ կարեւորութիւն ներկայացնող Հայր Միքայէլ Չամչեանի նշանաւոր “Հայոց Լեզուի Ստուար Քերականութիւն“ գիրքը:
Շուշին ունեցած է ինքնագործ թատերախումբ եւ բարձրարուեստ ճարտարապետական կառուցումով թատերասրահ, ուր թէ՛ տեղական թէ՛ այցելու թատերախումբեր ունեցած են ելոյթներ:
ԿՐԹԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ
Ամէն բանէ առաջ պէտք է յիշել Թեմական դպրոցը, ուր աշակերտած են մեծ թիւով արցախաբնակ կամ այլ շրջաններէն եկած ուսանողներ, որոնք մեծապէս օգտակար շրջանաւարտներ եղած են հայ կեանքէն ներս, իբրեւ գրողներ, ուսուցիչներ, կուսակացական գործիչներ, կղերականներ եւ քաղաքական անձնաւորութիւններ: Ուսումը այնքան բարձր եղած է, հայերէնի խոր ծանօթութեան հետ այնտեղ դասաւանդուած է ռուսերէն եւ գերմաներէն: Շրջանաւարտները ամենայն հեշտութեամբ կրնային երթալ եւ իրենց ուսումը շարունակել եւրոպական համալսարաններուն եւ բնական է Ռուսիոյ մէջ: Եղած ըլլալով ռուսական մշակոյթի կեդրոն, Թեմական վարժարանին կից գոյութիւն ունեցած են ռուսական թեքումով դպրոց, նոյնիսկ գոհացնելու համար իգական սերունդներու պահանջները առանձին ունեցած է Օրիորդաց եւ պետական վարժարաններ:
Ուսումը ժողովուրդին մէջ այնքան զարգացած է, որ թաղերու մէջ եղած են հանրային գրադարաններ, որոնք ունեցած են տեղական թէ այլ շրջաններէն եկած մեծ թիւով գիրքեր:
Կարելի է յիշել անձնաւորութիւններ, որոնք այս վարժարանները աւարտած են` ինչպէս օրինակ Լէօ, Գարեգին Ա. Կաթողիկոս Յովսէփեան, Արամ Մանուկեան, Նիկոլ Դուման, Մուրացան, Նելսոն Ստեփանեան, Տմբլաչի Խաչան, Մարաջախտ Բաղրամեան, Արտաշէս Բաբալեան եւ շատ ուրիշներ: Ղազանչեցոց Ս. Ամենափրկչեան նշանաւոր եկեղեցին փառքը կը հանդիսանայ Շուշիի մէջ եղած ճարտարապետական իրագործումին: Այս եկեղեցին լայն չափերով կառուցում մըն է: Տաճարը կառուցուած է ժողովրդային նախաձեռնութեամբ: Կառուցումը սկսած է 1868 թուականին, Ռուսական Աղեքսանտր Բ. ցարին օրով եւ աւարտած է Աղեքսանտր Գ. ցարի ժամանակ այսինքն 1887ին: Այս տաճարը նորոգութեան արժանացած է Շուշիի ազատագրումէն ետք: Կան նաեւ պատմական յիշատակարժան վայրեր, ինչպէս Կանաչ Ժամ, Կուսանաց Անապատ:
ՇՈՒՇԻ ԻԲՐԵՒ
ՕԴԱՓՈԽՈՒԹԵԱՆ ՎԱՅՐ
Շնորհիւ իր շատ նպաստաւոր կլիմային եւ յարմարաւէտ հիւրանոցներուն, մեծ թիւով հայ թէ օտար այցելուներ եկած եւ իրենց օդափոխութիւնը անցուցած են Շուշիի մէջ, որովհետեւ ոչ միայն ապրելու լաւագոյն պայմանները ունեցած են` ճաշարաններով եւ զբօսավայրերով, այլ եւ իր լեռնային սքանչելի տեսարաններով, բուժիչ ջուրով նաեւ եղած է կազդուրման եւ առողջապահական ապահով վայր:
ԱՐՑԱԽԵԱՆ ԳՈՐԳԵՐ
Բնական է որ այդքան բարձր մշակոյթ ունեցող քաղաք մը պիտի ունենար նաեւ գորգային արտադրութիւն: Ուստի այսօր երբ կը խօսուի արցախեան գորգերու մասին եւ երբ արդէն սկսուած է Արցախէն գորգեր բերել այս ափերուն, անոնց հիմնական արուեստի կեդրոնը եղած է Շուշի, ուր բարձր որակով գորգեր նաեւ այդ օրերուն նուէր եղած են իշխաններուն եւ արուեստասէրներուն: Առաջին գորգը ցայսօր ճանչցուած է 1240ին: Առաջին անգամ ուրեմն այս թուականին Շուշիի մէջ է որ գորգի հիւսուածքը պատմութեան անցած է:
ԱՅԼ ԱՐՈՒԵՍՏՆԵՐ
Անշուշտ մշակութային այս հարստութեան մէջ նաեւ եղած է երաժշտութիւն եւ բանաստեղծական ստեղծագործութիւն: Պէտք է կարեւորութեամբ յիշել որ հայ ժողովուրդի արուեստի ազգային ժառանգութեան մաս կը կազմեն խաչքարերը: Ցաւով պէտք է արձանագրենք որ Ալիեւ երբ Փոլիթպիւրոյի անդամ էր անվարան կերպով ինքնաթիռներ կու գային Շուշի եւ այլ շրջաններ ռմբակոծելու հայ դարաւոր պատմութեան նմոյշները յատկապէս խաչքարերը եւ այլ հնութիւնները: Բարեբախտաբար այդ շրջաններէն գողացուած նմոյշներու պատճէններէն ոմանք ցարդ պահուած կը մնան Էրմիթաժի թանգարանին մէջ:
Քաղաքի հարուստ քաղաքակրթութիւնը կը բացատրուի նաեւ փողոցներու, վաճառատուներու, պանդոկներու, թատերասրահներու ճոխութեամբ:
ՓԱՆԱՀ ԽԱՆԸ
Հաւանաբար հարց պէտք է տալ թէ ինչպէս նման պատմական հայաշատ արծուեբոյնին մէջ թաթարները եկած են տրապետով որ ստիպուած զայն ազատագրելու համար պէտք էր ուղղակի ճակատամարտ կազմակերպել:
Ահա այդ պատմութիւնը: Մեզի ծանօթ է Խամսային Մելիքութիւններ բացատրութիւնը, այսինքն հինգ մելիքութիւնները, որոնցմէ իւրաքանչիւրը ունեցած է իր մարզը: Անոնցմէ Շուշիի մէջ Մելիք Շահնազար անուն իշխանը, փորձած է օրուան մելիքը վար առնել եւ ինք բազմիլ անոր տեղ: Այսինքն ընտանեկան հարց ստեղծուած է եւ կռիւ յարուցուած է անոր դէմ, բայց միւս մելիքները տեսնելով որ եղածը անիրաւութիւն է իրենք եւս միջամտած են ի նպաստ նստող մելիքին, իսկ Մելիք Շահնազար այս դիմադրութիւնը չհանդուրժելով դիմում կատարած է դաշտային Ղարաբաղի մէջ գտնուող Փանահ Խանին, որ իր ցեղախումբի կտրիճները օգնութեան գան իրեն: Եւ այդ թաթար խանը մեծ խումբով կու գայ Մելիք Շահնազարի օգնութեան անոր կ՛օգնէ եւ կը գրաւէ Շուշին: Անոր վրայ իրեն իրաւունք կը տրուի մեծ թիւով թաթարներուն հետ այնտեղ բնակելու: Իսկ յայտնի է որ անոնք տարիներու ընթացքին իրենց բազմածնութեամբ շատցած են: