ՄԱ­ՅԻՍ 8-9` ՇՈՒ­ՇԻ…ՄՈՌ­ՆԱՆՔ ՄԱ­ՅԻՍ 6-Ը

0 0
Read Time:3 Minute, 22 Second

 Անց­եալ կա­տար­եալ (… կամ ան­կա­տար) մըն է Մա­յիս 6-ի խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րու օրը:

Թէ ի՜նչ մթնո­լոր­տի մէջ ըն­թա­ցան եւ թէ որ­քա՜ն լու­մա մսխուե­ցաւ:

…Հա­ւա­նա­բար տրա­մադ­րողն ու ստա­ցո­ղը, այ­սինքն շա­հա­գոր­ծողն ու շա­հա­գոր­ծուո­ղը, շատ աւե­լի իրա­պաշ­տօ­րէն եւ բծախնդ­րու­թեամբ կրնան ներ­կա­յաց­նել “սե­նարիօ“ն: Գէթ երկ­րոր­դին պա­րա­գա­յին, մի­ակ տար­բե­րու­թիւնը այն է թէ, ամ­բող­ջու­թեամբ քա­ջա­տեղ­եակ ըլ­լա­լով պա­տա­հա­ծէն, ան­գի­տա­կից է իր ստանձ­նած պաշ­տօ­նէն: Մինչ­դեռ, եթէ ինք­նա­գի­տա­կից ըլ­լար, բնա­կա­նա­բար պի­տի չկա­տա­րէր այդ օգ­տա­գոր­ծուո­ղի կամ շա­հա­գոր­ծուո­ղի պար­տա­կա­նու­թիւնը…ի շահ “շա­հա­գոր­ծող ցե­ցեր“ուն:

Այդ օր…Մա­յիս 6, 2012-ին, պարտ­ուած էր ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւն կո­չեց­եալ հաս­կա­ցո­ղու­թիւնը: Մշու­շա­պատ էր թա­փան­ցի­կու­թիւնը, իսկ ար­դա­րու­թիւնն ալ` անար­դար:

Այս­պէս, բաղ­դա­տած Ֆրան­սա­յի նա­խա­գա­հա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րուն, ուր պա­տա­հե­ցաւ սպաս­ուած իշ­խա­նու­թեան փո­փո­խու­թիւնը, Հա­յաս­տա­նի Մա­յիս 6-ը եղաւ սո­վո­րա­կան եւ ընտ­րող “մա­սա“ն հլու եւ հնա­զա­նդ պե­տու­թեան եւ օրէն­քին (…սա­կայն բա­ցար­ձա­կա­պէս ոչ` ժո­ղովր­դա­վար պե­տա­կա­նու­թեան եւ օրի­նա­կա­նու­թեան) դրու­թեան, ուղղ­ուե­ցաւ քու­է­ա­տուփ եւ եր­կա­րաձ­գեց վտան­գա­ւոր իրա­վի­ճակ – եւ աւե­լին` գո­յա­վի­ճակ մը – քա­ղա­քա­կան, տնտե­սա­կան եւ ըն­կե­րա­յին մե­նաշ­նորհ­նե­րու կա­ռոյց­նե­րու հլու կա­մա­կա­տա­րը դառ­նա­լով:

Այս կա­ցու­թեան լոյ­սին տակ, բնա­կա­նա­բար Հայ Յե­ղա­փո­խա­կան Դաշ­նակ­ցու­թիւնը` իբ­րեւ ազ­գա­յին, ժո­ղովր­դա­վար, ըն­կեր­վա­րա­կան եւ յե­ղա­փո­խա­կան կու­սակ­ցու­թիւն, հնչե­ցուց ահա­զան­գը եւ փոր­ձեց հե­տե­ւո­ղա­կա­նօ­րէն պայ­քա­րիլ, յաչս հայ մար­դու եւ հա­յու­թեան քա­ղա­քա­կան, տնտե­սա­կան, ըն­կե­րա­յին-մշա­կու­թա­յին շա­հե­րուն, սա­կայն բա­ցա­կայ էր ար­դա­րա­միտ հայ քա­ղա­քացի­ին ստեղ­ծա­գործ ուժն ու գրա­ւա­կա­նը:

Անց­եալ է…մօ­տիկ անց­եալ` Մա­յիս 6, 2012-ը, եւ Հա­յոց Պատ­մու­թեան էջե­րուն մէջ ալ, հա­ւա­նա­բար շու­տով մոռց­ուի, յատ­կա­պէս երբ բաղ­դա­տենք պատ­մու­թիւն ու­նե­ցող այլ ԱՆՑ­ԵԱ­Լի մը` Շուշիի ազա­տագ­րու­թեան քսա­նամ­եա­կին:

Մա­յիս 8-9, 2012…յի­շա­տա­կե­լի ոս­կե­զօծ օր մը…Ի՜նչ անե­րե­ւա­կա­յե­լի նուա­ճում եւ ան­հա­ւա­տա­լի իրա­գոր­ծում` հող առ հող, շերտ առ շերտ եւ քար առ քար…Քա­րին­տա­կէն սկսած

Հա­յոց Պատ­մու­թեան այդ հսկայ հա­մայ­նա­գի­տա­րա­նի այն էջե­րէն մէկն է Շուշիի առաս­պե­լա­կան ազա­տագ­րու­մը, ուր կա­րե­լի է շա­րու­նակ բաց պա­հել, ամէ­նայն հպար­տու­թեամբ:

Շուշիի ազա­տագ­րու­մը, ցայ­տուն օրի­նակն է հա­յորդիի գի­տակ­ցու­թեան, կար­գա­պա­հու­թեան, պատ­կա­նե­լիու­թեան եւ յատ­կա­պէս մար­տու­նա­կու­թեա՛ն:

Պատ­մա­կան անց­եալ է Մա­յիս 8-9, 1992 թուա­կա­նը:

 

ՀԱՅՐԵՆԻՔ

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles