Գլխաւոր

Հ.Հ. ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ


Լու­սան­կար­ներԻն­նա Մխի­թար­եան

Կի­րա­կի, Մա­յիս 6-ի խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րէն ետք, ար­դէն կա­րե­լի է ստա­նալ նո­րըն­տիր` հին­գե­րորդ գու­մար­ման Ազ­գա­յին Ժո­ղո­վի նախ­նա­կան պատ­կե­րը, մաս­նա­ւո­րա­պէս, թէ ո՞ր քա­ղա­քա­կան ու­ժը քա­նի աթոռ ու­նի խորհր­դա­րա­նին մէջ:

Հա­յաս­տա­նի Խորհր­դա­րա­նը բաղ­կա­ցած է 131 պատ­գա­մա­ւոր­նե­րէ, որոնց­մէ 90-ը կ՛ընտր­ուին հա­մա­մաս­նա­կան ցու­ցակ­նե­րով, իսկ 41-ը` մե­ծա­մաս­նա­կան ընտ­րա­կար­գով: Ընտ­րու­թեան ար­դիւնք­նե­րուն նախ­նա­կան տու­եալ­նե­րով, զորս հրա­պա­րա­կած է Կեդ­րո­նա­կան Ընտ­րա­կան Յանձ­նա­խում­բը` 98 առ հա­րիւ­րով քու­է­ա­թեր­թիկ­նե­րու հաշ­ուար­կին իբ­րեւ ար­դիւնք, Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տա­կան Կու­սակ­ցու­թիւնը ստա­ցած է հա­մա­մաս­նա­կան ընտ­րա­կար­գով ձայ­նե­րուն 44,05 առ հա­րիւ­րը, ինչ որ կը նշա­նա­կէ, որ ան հա­մա­մաս­նա­կան ընտ­րա­կար­գով պի­տի ստա­նայ 40 աթոռ:

Ասոր կող­քին, Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տա­կան Կու­սակ­ցու­թեան թեկ­նա­ծու­նե­րը յաղ­թած են մե­ծա­մաս­նա­կան 28 ընտ­րա­տա­րածք­նե­րուն մէջ:

Այս­պի­սով, Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տա­կան Կու­սակ­ցու­թիւնը նոր խորհր­դա­րա­նին մէջ կ՛ու­նե­նայ առն­ուազն 69 պատ­գա­մա­ւոր (որոշ ընտ­րա­տա­րածք­նե­րու մէջ յաղ­թած են ան­կու­սակ­ցա­կան պատ­գա­մա­ւոր­ներ, որոնց եւս Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տա­կան Կու­սակ­ցու­թիւնը կ՛ա­ջակ­ցէր, այ­նինչ մե­ծա­մաս­նու­թիւն կազ­մե­լու հա­մար անհ­րա­ժեշտ է ու­նե­նալ 66 պատ­գա­մա­ւոր­ներ:

Ընտ­րու­թիւն­նե­րու հան­րա­յին վե­րահս­կո­ղու­թեան միջ­-կու­սակ­ցա­կան մի­աս­նա­կան կեդ­րո­նը, խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րուն վե­րա­բեր­եալ հրա­պա­րա­կեց հեր­թա­կան յայ­տա­րա­րու­թիւն մը, որուն մէջ նշե­լով, որ քու­է­ար­կու­թեան օր­ուան ըն­թաց­քին ար­դէն իսկ իր կող­մէ հրա­պա­րակ­ուած են ընտ­րա­կան հո­լո­վոյ­թին մէջ տեղ գտած օրի­նա­խախ­տում­նե­րուն վե­րա­բեր­եալ եր­կու յայ­տա­րա­րու­թիւն­ներ, յայտ­նեց, որ ընտ­րու­թիւն­նե­րու մաս­նա­կից­նե­րուն պաշ­տօ­նա­պէս հրա­պա­րակ­ուած խիստ անար­ժա­նա­հա­ւատ թիւը միայն կը խո­րաց­նէ կաս­կած­նե­րը ընտ­րու­թիւն­նե­րու օրի­նա­կան ըն­թաց­քին վե­րա­բեր­եալ: Երեք քա­ղա­քա­կան ու­ժե­րու` Բար­գա­ւաճ Հա­յաս­տան կու­սակ­ցու­թեան, Հայ Ազ­գա­յին Քոնկ­րէ­սին եւ Հ.Յ.Դ.-ի ձե­ւա­ւո­րած մի­աս­նա­կան կեդ­րո­նը նա­եւ անհ­րա­ժեշտ կը նկա­տէ շա­րու­նա­կել մի­աց­եալ ջան­քե­րը ընտ­րա­կան հո­լո­վոյ­թին, բո­ղո­քարկ­ման եւ վե­րա­հաշ­ուարկ­նե­րուն կազ­մա­կերպ­ման ուղ­ղու­թեամբ:

 

Ձայ­նե­րը բաժն­ուած են հե­տեւ­եալ ձե­ւով.-

Բար­գա­ւաճ Հա­յաս­տան կու­սակ­ցու­թիւն` 454,684 կամ 30.20 առ հա­րիւր:

Հայ Ազ­գա­յին Քոնկ­րէս` 106,910 կամ 7.10 առ հա­րիւր:

Ժա­ռան­գու­թիւն կու­սակ­ցու­թիւն` 87,095 կամ 5.79 առ հա­րիւր:

Հայ Յե­ղա­փո­խա­կան Դաշ­նակ­ցու­թիւն` 86,296 կամ 5.73 առ հա­րիւր:

Օրի­նաց Եր­կիրկու­սակ­ցու­թիւն` 82,690 կամ 5.49 առ հա­րիւր:

Հա­յաս­տա­նի դե­մոկ­րա­տա­կան կու­սակ­ցու­թիւն` 5933 կամ 0.20 առ հա­րիւր:

Հա­յաս­տա­նի հա­մայ­նա­վար կու­սակ­ցու­թիւն` 15,933 կամ 1.06 առ հա­րիւր:

Հա­յաս­տա­նի հան­րա­պե­տա­կան կու­սակ­ցու­թիւն` 663,066 կամ 44.05 առ հա­րիւր:

Մի­ա­ւոր­ուած հա­յեր` 3080 կամ 0.21 առ հա­րիւր:

 

ՄԻ­ՋԱԶ­ԳԱ­ՅԻՆ ԴԷ­ՏԵ­ՐՈՒՆ ԳՆԱ­ՀԱ­ՏԱ­ԿԱ­ՆԸ

Եւ­րո­պա­կան խոր­հուր­դի Խորհր­դա­րա­նա­կան վե­հա­ժո­ղո­վի եւ Եւ­րո­պա­կան խորհր­դա­րա­նի դէ­տե­րը, ընտ­րու­թիւն­նե­րու աւար­տին հրա­պա­րա­կե­ցին հա­յաս­տան­եան ընտ­րու­թիւն­նե­րուն վե­րա­բեր­եալ իրենց զե­կու­ցու­մը:

Զե­կու­ցու­մը կը տե­ղե­կաց­նէ թէ հա­ւաք­նե­րու, խօս­քի եւ տե­ղա­շար­ժե­լու ազա­տու­թիւն­նե­րը հիմ­նա­կա­նին մէջ յարգ­ուած են եւ թեկ­նա­ծու­նե­րը կա­րե­լիու­թիւն ու­նե­ցած են իրա­կա­նաց­նե­լու ազատ քա­րոզ­չու­թիւն: Զե­կու­ցու­մը աւել­ցուց, որ կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու եւ հա­սա­րա­կու­թեան զգա­լի մա­սին ընդ­հա­նուր թե­րա­հա­ւա­տու­թիւնը ընտ­րա­կան հո­լո­վոյթ­նե­րու ամ­բող­ջա­կա­նու­թեան նկատ­մամբ մտա­հո­գու­թեան լուրջ առիթ է:

Ըստ զե­կու­ցու­մին, Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի ընտ­րու­թիւն­նե­րը յատ­կանշ­ուե­ցան մրցակ­ցա­յին, աշ­խոյժ եւ հիմ­նա­կա­նին մէջ խա­ղաղ քա­րո­զար­շա­ւի դրսե­ւո­րու­մով:Մի­եւ­նոյն ժա­մա­նակ, մրցակ­ցա­յին դաշ­տը, ընտ­րող­նե­րուն վրայ ճնշման դէպ­քե­րը եւ դի­մում­նե­րու ու բո­ղոք­նե­րու քննու­թեան հո­լո­վոյթ­նե­րուն մէջ թե­րու­թիւն­նե­րը մտա­հո­գու­թիւն­նե­րու թոյլ կու տան: Ընտ­րու­թիւն­նե­րը տե­ղի ու­նե­ցած են իրա­ւա­կան բա­րե­փոխ­ուած դաշ­տին ներ­քեւ եւ մին­չեւ քու­է­ար­կու­թեան օրը կազ­մա­կերպ­ուած եղած են ընդ­հա­նուր առ­մամբ ար­հես­տա­վարժ եւ թա­փան­ցիկ եղա­նա­կով: Քու­է­ար­կու­թիւնը հիմ­նա­կա­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցած է հան­գիստ եւ խա­ղաղ պայ­ման­նե­րու մէջ, բայց աչ­քի զար­կած է կազ­մա­կերպ­չա­կան բնոյ­թի խնդիր­նե­րով եւ հո­լո­վոյ­թին` հիմ­նա­կա­նին մէջ կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն կող­մէ ան­տե­ղի մի­ջամ­տու­թիւն­նե­րով, կը տե­ղե­կաց­նէ զե­կու­ցու­մը:

Զե­կու­ցու­մին մէջ կը նշուի, որ ընտ­րող­նե­րու ցու­ցակ­նե­րու ճիշդ ըլ­լա­լը եւ ընտ­րա­կեղ­ծիք­նե­րուն հա­մար անոնց հա­ւա­նա­կան չարա­շահ­ման կա­րե­լիու­թիւնը իբ­րեւ մտա­հո­գու­թիւն դրուած է մեծ թիւով թեկ­նա­ծու­նե­րու կող­մէ` աւելց­նե­լով ընտ­րա­կան հո­լո­վոյթ­նե­րուն նկատ­մամբ ընդ­հա­նուր թե­րա­հա­ւա­տու­թիւնը: Զե­կու­ցու­մին հե­ղի­նակ­նե­րը նշե­ցին, որ հա­կա­ռակ ընտ­րող­նե­րու ար­ձա­նագր­ման ուղղ­ուած բա­րե­փոխ­ուած օրէնսդ­րու­թեան, ընտ­րող­նե­րու ցու­ցակ­նե­րուն ճշդու­թեան վրայ բա­ցա­սա­բար ազ­դած է տար­բեր հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու մի­ջեւ տու­եալ­նե­րու փո­խա­նակ­ման ոչ բա­ւա­րար կար­գա­ւոր­ուա­ծու­թիւնը:

Զե­կու­ցու­մը ար­ձա­նագ­րեց նա­եւ ընտ­րա­կան օրէնս­գիր­քի խախ­տում­նե­րը: Յստա­կօ­րէն կը նշուի թէ ընտ­րա­կան օրէնս­գիր­քի քա­րոզ­չու­թեան առն­չուող դրոյթ­նե­րը եր­բեմն խախտ­ուած են, մե­ծաւ մա­սամբ տե­ղա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու եւ որոշ կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու կող­մէ:Ասի­կա կը նե­րա­ռէ դա­սե­րու ժա­մա­նակ քա­րոզ­չա­կան նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րուն ու­սու­ցիչ­նե­րու ներգ­րաւ­ուա­ծու­թիւնը, քա­րո­զար­շա­ւի ըն­թաց­քին կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու հետ կապ ու­նե­ցող կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու կող­մէ մար­դոց եւ հա­մայնք­նե­րու նուէր­ներ տա­լը եւ քա­րոզ­չա­կան նիւ­թեր փակց­նե­լը դպրոց­նե­րու եւ հա­մայն­քա­յին նշա­նա­կու­թիւն ու­նե­ցող շէն­քե­րուն առ­ջեւ: Դի­տարկ­ուած այդ դէպ­քե­րը նպաս­տած են ընտ­րու­թիւն­նե­րու մաս­նա­կից­նե­րուն հա­մար ան­հա­ւա­սար մրցակ­ցա­յին դաշ­տի ձե­ւա­ւոր­ման:

 

Հ.Յ.Դ.-Ը ԴԺ­ԳՈՀԸՆՏ­ՐՈՒ­ԹԵԱՆՑ ԱՐ­ԴԻՒՆՔ­ՆԵ­ՐԷՆ

 

Հ.Յ.Դ. Բիւ­րո­յի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Հրանդ Մար­գար­եան Ազա­տու­թիւն ձայ­նաս­փիւ­ռի կա­յա­նին հետ հար­ցազ­րոյ­ցի մը ըն­թաց­քին իր դժգո­հու­թիւնը յայտ­նեց: Մար­գար­եան ընդգ­ծեց, որ ոչ թէ ընտ­րու­թիւն­նե­րով ար­տա­յայտ­ուե­ցաւ ժո­ղո­վուր­դին կամ­քը, այլ ար­ձա­նագր­ուե­ցան այն քուէ­նե­րը, որոնք ձեռք բեր­ուե­ցան ընտ­րա­կա­շառ­քով:

``Գոհ չեմ, Մայիս 6-ի արձանագրուած Խորհրդարանական ընտրութիւններու ար-դիւնքներէն, որովհետեւ անգամ մը եւս եւ շատ աւելի մեծ տոկոսով դրսեւորուեցաւ, որ դրամը կը յաղթէ քաղաքական ուժերուն: Ես անոր համար կը ցաւիմ եւ կը ցաւիմ մեր ժողովուրդին համար: Որովհետեւ այդ նոյն իշխանութիւնները, որոնք այս ժողո-վուրդի թշուառութեան պատճառն են, նոյն այդ ժողովուրդին թշուառութենէն օգտ-ուեցան իրենց իշխանութիւնը երկարաձգելու համար``, յայտարարեց Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան

Ըստ անոր, ընտ­րու­թիւն­նե­րուն յաղ­թեց դրա­մը եւ ընտ­րա­կա­շառ­քը վճռո­րոշ ազ­դե­ցու­թիւն ու­նե­ցաւ ընտ­րու­թիւն­նե­րու ար­դիւնք­նե­րուն վրայ:

Ըստ Կեդ­րո­նա­կան ընտ­րա­կան յանձ­նա­խում­բի նախ­նա­կան ար­դիւնք­նե­րուն, Հ.Յ.Դաշ­նակ­ցու­թիւնը ստա­ցած է ընտ­րող­նե­րուն 5.73 առ հա­րիւ­րի քուէն:

Հրանդ Մար­գար­եան չանդ­րա­դար­ձաւ միւս ընտ­րա­խախ­տում­նե­րուն` նշե­լով, որ այդ հար­ցը Հ.Յ. Դաշ­նակ­ցու­թիւնը կը քննար­կէ տա­կա­ւին եւ շու­տով յայ­տա­րա­րու­թիւն մը պի­տի հրա­պա­րա­կէ: Մար­գար­եան բա­ցա­ռեց 44 տո­կո­սէն աւե­լի քուէ ստա­ցած իշ­խող ու­ժին հետ հա­մա­ձայ­նա­կան կա­ռա­վա­րու­թիւն կազ­մե­լու կա­րե­լիու­թիւնը:

 

ԱԶ­ԳԱ­ՅԻՆ ԺՈ­ՂՈ­ՎԻ ՆԵՐ­ԿԱՅ ՊԱ­ՏԿԵ­ՐԸ

 

Կեդ­րո­նա­կան ընտ­րա­կան յանձ­նա­խում­բին հրա­պա­րա­կած տու­եալ­նե­րէն ետք, խորհր­դա­րան ան­ցած են վեց քա­ղա­քա­կան ու­ժեր` հինգ կու­սակ­ցու­թիւն (Հ.Հ.Կ., Բ.Հ.Կ., Հ.Յ.Դ., Ժա­ռան­գու­թիւն եւ Օրի­նաց Եր­կիր) եւ մէկ կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու դա­շինք` Հայ Ազ­գա­յին Քոնկ­րէ­սը:

Քա­ղա­քա­կան ու­ժե­րուն ստա­ցած ձայ­նե­րուն նախ­նա­կան մե­ծու­թիւն­նե­րը որո­շակի­օ­րէն կ՛ա­ճին ի հա­շիւ հինգ տո­կո­սի ար­գել­քը չյաղ­թա­հա­րած ու­ժե­րու հա­ւա­քած քուէ­նե­րուն: Մաս­նա­ւո­րա­պէս, Հա­յաս­տա­նի հա­մայ­նա­վար կու­սակ­ցու­թեան, Հա­յաս­տա­նի դե­մոկ­տա­րա­կան կու­սակ­ցու­թեան եւ Մի­ա­ւոր­ուած հա­յե­րուն հա­ւա­քած 1.63 առ հա­րիւր քուէ­նե­րը հա­մա­պա­տաս­խան կշիռ­նե­րով կը բաշխ­ուին այդ ար­գել­քը յաղ­թա­հա­րած քա­ղա­քա­կան վեց ու­ժե­րուն մի­ջեւ:

Կու­սակ­ցա­կան հա­մա­մաս­նա­կան ցան­կե­րուն մէջ ընդգրկ­ուած թեկ­նա­ծու­նե­րէն, խորհր­դա­րան ան­ցած են նա­եւ վեց հո­գի, որոնց­մէ երե­քը առա­ջադր­ուած եղած են Հ.Հ.Կ.-ին կող­մէ եւ հա­ւա­նա­բար կը մտնեն Հ.Հ.Կ. խմբակ­ցու­թիւն: Անոնք են` Գա­րե­գին Նու­շիկ­եան` թիւ 10 ընտ­րա­տե­ղա­մա­սէն, Սեդ­րակ Սա­րոյ­եան` թիւ 19-էն եւ Ար­կա­դի Համ­բար­ձում­եան` թիւ 29-էն: Այս­պի­սով` Հ.Հ.Կ.ի պատ­գա­մա­ւոր­նե­րուն թիւը կը հաս­նի 69-ի, այ­սինքն` նոյ­նիսկ 3 աթո­ռով աւե­լի, քան բա­ցար­ձակ մե­ծա­մաս­նու­թիւն կազ­մե­լու հա­մար անհ­րա­ժեշտ նուա­զա­գոյ­նը:

Այս­պի­սի ցու­ցա­նի­շը Հ.Հ.Կ.-ին կա­րե­լիու­թիւն կու տայ նոյ­նիսկ առանց հա­մա­ձայ­նու­թիւն կազ­մե­լու` ձե­ւա­ւո­րե­լու Կա­ռա­վա­րու­թիւն: Բայց ան հա­մա­ձայ­նա­կան կա­ռա­վա­րու­թիւն կը կազ­մէ, թէ ոչ, ցոյց կու տայ ժա­մա­նա­կը:

Նա­խորդ ընտ­րու­թիւն­նե­րուն հա­մե­մատ ամէ­նէն զգա­լի աճը ար­ձա­նագ­րած է Բար­գա­ւաճ Հա­յաս­տան կու­սակ­ցու­թիւնը` իր պատ­գա­մա­ւոր­նե­րու թիւը աւելց­նե­լով 11-ով, իսկ մե­ծա­գոյն կո­րուս­տը ու­նե­ցած է Հ.Յ.Դաշ­նակ­ցու­թիւնը` 16 աթո­ռի փո­խա­րէն այժմ ու­նե­նա­լով վեց: Եր­կու­քա­կան աթոռ կորսն­ցու­ցին Օրի­նաց եր­կիր եւ Ժա­ռան­գու­թիւն կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րը, իսկ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տա­կան կու­սակ­ցու­թիւնը աւել­ցուց իր աթոռ­նե­րուն քա­նա­կը հին­գով:

 

ԺԱ­ՌԱՆ­ԳՈՒ­ԹԻՒՆ“ ԿՈՒ­ՍԱԿ­ՑՈՒ­ԹԵԱՆ ԳՆԱ­ՀԱ­ՏԱ­ԿԱ­ՆԸ

 

Ժա­ռան­գու­թիւնկու­սակ­ցու­թիւնն ալ իր յե­տընտ­րա­կան վե­րար­ժե­ւո­րում­նե­րը կա­տա­րեց եւ նշեց թէ Մա­յի­սի 6ին տե­ղի ու­նե­ցած խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րը մթագն­ուած են բազ­մա­թիւ ընտ­րա­կան խախ­տում­նե­րով:

“Այս­պէս` ընտ­րա­կա­շառք­նե­րի եւ կեղծ բա­րե­գոր­ծու­թիւն­նե­րի ծա­ւալ­նե­րը հա­սան աղա­ղա­կող չա­փե­րի, որոնք Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան պատ­մու­թեան մէջ առա­ջին ան­գամ ան­նա­խա­դէպ բարձր ազ­դե­ցու­թիւն ու­նե­ցան ընտ­րու­թիւն­նե­րի ար­դիւնք­նե­րի վրայ:

Իշ­խա­նու­թիւն­նե­րի կող­մից վար­չա­կան աղ­բիւր­նե­րի օգ­տա­գոր­ծումն ան­հա­ւա­սար պայ­ման­ներ ստեղ­ծեց ընտ­րար­շա­ւին մաս­նակ­ցող քա­ղա­քա­կան ու­ժե­րի հա­մար: Այս իրա­վի­ճա­կում պէտք է դի­տար­կել նա­եւ Հա­յաս­տա­նի որոշ հա­մայնք­նե­րում եւ ան­գամ մար­զե­րում վա­խի մթնո­լոր­տի ձե­ւա­ւո­րու­մըղե­կա­վար­նե­րի, ինչ­պէս եւ որոշ մարզ­պետ­նե­րի կող­մից:

Մեծ էին այն­պի­սի ընտ­րա­խախտ­ման ծա­ւալ­նե­րը, ինչ­պի­սին է մար­զե­րից զանգ­ուա­ծա­բար բեր­ուած ընտ­րող­նե­րի ժա­մա­նա­կա­ւոր գրան­ցու­մը երե­ւան­եան տնե­րի եւ բնա­կա­րան­նե­րի հաս­ցէ­նե­րում, յա­ճախ` առանց այդ բնա­կա­րան­նե­րի սե­փա­կա­նա­տէ­րե­րի տե­ղե­կաց­ման: Ար­դիւն­քում` Երե­ւա­նի ընտ­րա­տա­րածք­նե­րում մե­ծա­մաս­նա­կան ընտ­րա­կար­գով պատ­գա­մա­ւոր­նե­րի ընտ­րու­թեան վրայ էա­կան ազ­դե­ցու­թիւն ու­նե­ցան այդ ընտ­րա­տա­րած­քում մշտա­պէս չբնա­կուող մար­դիկ, ինչն իշ­խա­նու­թեան կող­մից իր իսկ պաշտ­պա­նած մե­ծա­մաս­նա­կան ընտ­րա­կար­գի տրա­մա­բա­նու­թեան եւ փի­լի­սո­փա­յու­թեան հա­մա­տա­րած ոտ­նա­հա­րում էր:

Հիմ­նա­ւոր կաս­կած­ներ կան, որ ոս­տի­կա­նու­թեան անձ­նագ­րա­յին բա­ժան­մունք­նե­րի` մշտա­կան եւ լրա­ցու­ցիչ ցու­ցակ­նե­րի հետ իրա­կա­նաց­րած մա­նի­պուլ­եաց­ի­ա­ներն այդ ընտ­րող­նե­րին հնա­րա­ւո­րու­թիւն տուե­ցին կրկնա­կի մաս­նակ­ցել ընտ­րու­թեա­նը, որն էլ առա­ւօտ­եան ժա­մե­րին շատ ընտ­րա­տե­ղա­մա­սե­րում ան­նա­խա­դէպ հեր­թե­րի գո­յաց­ման պատ­ճառն էր: Կար­ծում ենք` նոյն ընտ­րա­խախտ­ման ապա­հով­ման էր միտ­ուած ըն­դա­մէ­նը մէկեր­կու ժամ տե­ւած այն­պի­սի մի ման­րուք, ինչ­պի­սին էր քա­ղա­քա­ցի­նե­րի անձ­նագ­րե­րում դրոշ­մակ­նիք­նե­րի հա­մար նա­խա­տես­ուած թա­նա­քի ան­հե­տա­ցու­մը` հաշ­ուը­ւած րո­պէ­նե­րի ըն­թաց­քում, ին­չի կա­պակ­ցու­թեամբ նոյն օրը` Մա­յի­սի 6ին, մեր նա­խընտ­րա­կան շտա­պը ստիպ­ուած էր հան­դէս գալ յա­տուկ յայ­տա­րա­րու­թեամբ:

Մենք նա­եւ մտա­հո­գու­թիւն ենք յայտ­նում տար­բեր գոյ­նի գրիչ­նե­րով քու­է­ար­կու­թեան առն­չու­թեամբ, ին­չը, ըստ որոշ ընտ­րա­կան յանձ­նա­ժո­ղով­նե­րի` Ընտ­րա­կան օրէնսգր­քի խախ­տում չէ, մինչ­դեռ ընտ­րու­թեան գաղտ­նիու­թեան ակն­յայտ խախ­տում հան­դի­սա­ցաւ:

Ու թէ­եւ ընտ­րա­տե­ղա­մա­սե­րում ընտ­րա­կան գոր­ծըն­թա­ցի բուն ըն­թաց­քը, այդ թւումքու­է­ա­թեր­թիկ­նե­րի հաշ­ուար­կը, ինչ­պէ­սեւ նա­խընտ­րա­կան քա­րոզ­չու­թեան ըն­թաց­քում հե­ռուս­տաեթե­րի օգ­տա­գործ­ման հա­մե­մա­տա­բար հա­ւա­սար պայ­ման­նե­րի ապա­հո­վու­մը, կա­րե­լի է գնա­հա­տել որ­պէս առա­ջըն­թաց` նա­խորդ բո­լոր ընտ­րու­թիւն­նե­րի հա­մե­մատ, այ­դու­հան­դերձ, ընտ­րա­տե­ղա­մա­սե­րից դուրս իրա­կա­նաց­ուած վե­րոնշ­եալ զանգ­ուա­ծա­յին ընտ­րա­խախ­տում­նե­րը ստուե­րե­ցին ընտ­րու­թիւն­նե­րի օրի­նա­կա­նու­թիւնն ու լե­գի­տի­մու­թիւնը:

Ընտ­րա­կան յանձ­նա­ժո­ղով­նե­րում ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րից ստաց­ուած ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րի ար­դիւնք­նե­րը` հրա­պա­րա­կած ար­դիւնք­նե­րի հետ հա­մե­մա­տե­լուց, ինչ­պէ­սեւ ընտ­րա­խախ­տում­նե­րի վե­րա­բեր­եալ ողջ տե­ղե­կա­տուու­թիւնը հա­մա­կար­գե­լուց ու վեր­լու­ծե­լուց յե­տոյ, մենք վերջ­նա­կան գնա­հա­տա­կան կը տանք թէ՛ պաշ­տօ­նա­կան ար­դիւնք­նե­րի ու տե­ղա­մա­սե­րում գրանց­ուած տու­եալ­նե­րի հա­մա­պա­տաս­խա­նու­թեա­նը եւ թէ՛ Մա­յի­սի 6ին տե­ղի ու­նե­ցած ընտ­րու­թիւն­նե­րին‘ ընդ­հան­րա­պէս“:

 


Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button