ՈՒՐՖԱՅԻ ՀԵՐՈՍԱՄԱՐՏԸ ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 29 – ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 23, 1915
Ուրֆայի հերոսամարտը, Վանի, Մուսա Լերան, Տարօնի եւ Շապին Գարահիսարի սքանչելի խոյանքներու շարքին` կը հանդիսանայ պանծալի դէպք մը արիւնով եւ սեւով գրուած 1915ի Մեծ Եղեռնի պատմութեան մատեանին:
Հայկական միջագետքի այս պատմական եւ հայաշատ քաղաքը, որ հինէն ի վեր եղած է կրօնական եւ ուսումնական մեծ կեդրոն մը, մէջ հաշուած է մօտ 30.000 հայութիւն: Հայեր դարեր շարունակ այստեղ ապրած եւ եղած են քաղաքի ու շրջակայքի ամենէն չարքաշ ու շինարար ազգաբնակչութիւնը, մասնաւորաբար ապրած են հայատեաց եւ մոլեռանդ թուրքերու մէջ եւ մերժած են հայերէնէ զատ այլ լեզու գործածել:
Ուրֆայի հայութիւնը եւս ցնցուեցաւ 189.96 տարեշրջաններուն Համիտեան հալածանքներէն եւ, հակառակ մէկ ամիս կատարած իր վճռական դիմադրութեան երկու անգամ ենթրակուեցաւ թուրքին կոտորածներուն:
Այս դէպքերը անջնջելի կերպով դրոշմուած մնացին ուրֆացիներու հոգիներուն մէջ եւ պատճառ դառնան որ անոնք, այնուհետեւ միշտ ալ կասկածով եւ վերապահութեամբ յարաբերին դարերով իրենց հետ ապրած թուրքերուն հետ:
Բարեբախտաբար 1908 սահմանադրութիւնը որոշ ազատութիւն բերաւ եւ շունչ տուաւ հայութեան: Մասնաւորաբար երիտասարդութիւնը սկսաւ մտաւորական թէ գաղափարական պատրաստութեամբ դաստիարակուիլ: Արդէն քաղաքին մէջ հաստատուած էին Հնչակեաններ, աւելի եւս զօրացաւ երիտասարդական կազմակերպութեան շարքերը, երբ Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը սկսաւ իր կանոնաւոր կազմակերպչական եւ ակումբային կեանքին: Այս բոլորին նպաստելու եկան 1906էն սկսեալ` Այնթապի գոլէճը աւարտած հայ երիտասարդներ, որոնք ուսուցչական թէ այլ մասնագիտական աշխատանքներով Ուրֆայի մէջ աշխատելու եկած, մեծապէս սատարեցին ազգային եւ յեղափոխական ոգիի զօրացման:
Հետեւաբար, հակառակ տիրող կացութեան, Ուրֆան թէ ներքնապէս, երիտասարդութեան դաստիարակութեամբ եւ թէ զինուորական գետնի վրայ հսկայաքայլ եւ լուռ կազմակերպուեցաւ:
Այս կազմակերպութեան ոգին եղաւ աննման հերոս Մկրտիչ Եօթնեղբայրեան, որ առանց որեւէ օժանդակութեան, առանց դրամական նպաստներու մինչեւ Հալէպ գնաց զէնքեր բերելու եւ երիտասարդութիւնը զինելու:
1915 չարագուշակ թուականը վրայ կը հասնի: Ապրիլ 24ի Կ. Պոլսոյ մէջ եղած ահաւոր ձերբակալութիւններու լուրերը կը հասնին Ուրֆա: Ամբողջ հայ աշխարհը ահու սարսափի կը մատնուի: Շուտով գաղթականական կարաւանները կու գան Ուրֆա տարագրուածներու մէջ են քաջարի Զէյթունի զինաթափ ու խեղճացած զաւակները: Եւ երիտասարդութիւնը միանգամընդմիշտ կը համոզուի որ շուտով արիւնաներկ ձեռքը պիտի հասնի նաեւ Ուրֆայի հայութեան, աքսորի եւ կոտորածի հրամանը պիտի չուշանայ, ուստի աւելի նպաստաւոր եւ պատուաւոր է կռուիլ եւ քաջաբար մեռնիլ:
Յունիս 8ին կը ձերբակալուին 16 կուսակցականներ եւ կը տարուին Ռաքքայի մօտ գտնուող Թռսթան գիւղը ուր եւ կը նահատակուին:
Մկրտիչ արդէն իր անձնական նախաձեռնութեամբ կը կազմէ հայդուկային խումբը եւ կը կատարէ զինավարժութիւններ, կը տեսնէ նախապատրաստական աշխատանքներ:
Յուլիս 26ին կը ձերբակալուին Առաջնորդ հայր Սուրբն ու ազգային երեւելիներ, ղեկավարներ:
Մկրտիչ Եօթնեղբայրեան, ինչպէս Գրիգոր Զոհրապին եւ Վարդգէսին ներկայացած էր բանտը, ծպտուած եւ յայտնած եւ անոնց թէ պէտք է իր հետ փախուստ տան, այլապէս իրենց կը սպասէ մահը եւ անոնք մերժած էին փախուստը, նոյնպէս կը ներկայանայ ուրֆացի մեծամեծներուն, որոնք ամէն անգամուայ նման զգուշութիւն կը թելադրեն եւ մանաւանդ դէմ կը կենան զինեալ ապստամբութեան մը:
Օգոստոս 4ին, պատերազմական վիճակի անուան տակ, բանակային զինուորներ արձանագրելու պատրուակով 1500 ուրֆացի երիտասարդներ կը տանին բանակ, բայց փոխանակ զանոնք զինուորագրելու, փոսեր փորել կու տան անոնց եւ անմիջապէս շրջապատել կու տան չէթէներով եւ քիւրտ աշիրաթներով եւ ամբողջութեամբ կը կոտորեն: Անոնցմէ մի քանին հրաշքով ազատած կու գան եւ եղելութիւնը կը պատմեն Եօթնեղբայրեանին եւ իր ընկերներուն:
Ընդհանուր սուգ էր Ուրֆայի մէջ: Մահուան սարսափը տարածուած էր բոլոր հայ տուներուն մէջ:
Հերոսամարտի առաջին բախումը տեղի կ՛ունենայ 1915 Սեպտ. 29ին, երբ Զինեալները հաւաքուած ըլլալով Յարութիւն Ռասթկելէնեանին տունը, թուրք ոստիկանները անակնկալ կերպով յարձակում կը գործեն: Բայց անմիջապէս հայ ֆետայիները կը յաջողին դիմադարձել եւ ոստիկան զինուորները վնասներ տալով կը հեռանան:
Արդէն հնչած էր դիւցազնամարտի պահը: Կը հնչեն եկեղեցւոյ զանգերը:
Գործի կը լծուին կազմակերպչական մարմինները: Մկրտիչ Եօթնեղբայրեան կը նշանակուի հերոսամարտի ընդհանուր հրամանատար, իրեն օգնական ունենալով Յարութիւն Ռասթկելէնեան: Կը ստեղծուին յատուկ խորհուրդներ, զինագործական, զինուորական, առողջապահական: Մինչեւ իսկ կը հաստատուի հայկական հիւանդանոց մը:
Խորհելով որ առջի օրուայ յարձակումը պատահական ընդդիմութիւն մըն էր` թուրք ոստիկանութիւնը միացած չէթէններուն եւ մոլեռանդ ամբոխին մեծ յարձակումով կը փորձէ վերջ տալ այս ըմբոստութեան, ըստ Մկրտիչի ծրագրին, հայ կտրիճները թոյլ կու տան որ թշնամիները թափանցեն հայկական թաղերէն ներս եւ յանկարծակի կրակի բերելով կը կոտորեն զանոնք: Ներխուժողները մօտ 450 դիակ ձգելով փախուստ կու տան:
Թուրք կառավարութիւնը երբ կը տեսնէ թէ անկարելի է տեղական ուժերով զսպել այս յեղափոխութիւնը` Ուրֆա կը ղրկէ Ֆախրի փաշան իր 6.000ևնոց բանակով եւ թնդանօթներով:
Կը ստեղծուի ահաւոր կացութիւն մը, որուն դէմ հայութիւնը միասնակամ կը ներկայանայ: Մեծ ու փոքր, իգական թէ արական բոլորը մէկ կու գան յեղափոխութեան սուրբ գործին իրենց մասնակցութիւնը բերելու:
Կռուի տաք միջոցին, սուրհանդակ մը կու գայ Եօթնեղբայրեանը տեսնելու եւ յայտնելու Ֆախրի փաշային որոշումը` հանդիպիլ իր հետ: Մկրտիչ սիրով կ՛ընդունի, եւ մէկ ժամ յետոյ այդ հանդիպումը տեղի կ՛ունենայ, բայց թուրք փաշային հաշտութեան եւ տեղատուութեան խօսքերուն կը պատասխանէ Եօթնեղբայրեան, պոռթկալով “Այսքան ոճիր պիտի չներէ պատմութիւնը ձեզի“:
Կռիւները ահաւոր թափով կը շարունակուին:
Հոկտեմբեր 9ին երբ յաջող գրոհով մը մեծ թիւով թուրքեր նահանջի ճամբան կը բռնէին, գնդակ մը եկաւ վիրաւորելու մեծ հրամանատարին աջ սրունգը: Մկրտիչ անմիջապէս հիւանդանոց կը փոխադրուի եւ իրեն կը փոխարինէ Յարութիւն Ռասթկելէնեան:
Նիհար, տկարակազմ, բայց հերոսի սրտով Ռասթկելէնեան իր կարգին հիւանդ եւ 40 աստիճան տաքութեան մէջ պարտաւորուած կ՛ըլլայ դիրքէ դիրք շրջելու եւ խրախուսելու կռուողները, բայց Հոկտեմբեր 13ին, կռուի տաք ժամանակ, յանկարծ ճակատէն գնդակ մը ստանալով կը նահատակուի քրիստոսատիպ Յարութիւնը:
Սուգի կը մատնուի ողջ հայութիւնը: Մանաւանդ Մկրտիչ Եօթնեղբայրեան, որ իր մանկութեան եւ զէնքի ընկերոջ անշունչ մարմնին վրայ կը թափէ առիւծի իր աչքերէն եղբայրական արցունքներ:
Կը կատարուին նաեւ այլ միջնորդութիւններ: Մ. Էքարդ մի քանի անգամ կը հանդիպի Մկրտիչին եւ անոր կը յայտնէ որ ինք պիտի ըլլայ հայութեան մահուան պատասխանատուն, եթէ վերջ տայ այս ըմբոստութեան: Եօթնեղբայրեան նոյն բրտութեամբ կը յայտնէ թէ արդեօք ի՞նք էր պատճառը հայ գաւառներուն մէջ տեղի ունեցող կոտորածներուն … եւ կ՛աւելցնէ “Անապատները աքսորուելու փոխարէն, նախընտրելի է պատուով կռուիլ եւ մեր տան շէմքին նահատակուիլ“:
Կռիւները կը շարունակուին: Պարենը օր ըստ օրէ կը պակսի, զինամթերքը նմանապէս, ամէն տեղ մահ է ու վիրաւորներ: Անօթի է ժողովուրդը եւ տուները մէկը միւսին ետեւէն կ՛իյնան թնդանօթներու հարուածնլրուն տակ:
Մեռելային լռութիւն:
Մկրտիչի խորհուրդով կը հաւաքուին բոլոր կռուողները: Անոնց բեռնէն կը լսուի “Ամենայն Տեղ Մահը Մի է“: Եւ բոլորը մէկ որոշում կու տան յարձակիլ թշնամիի զօրքերուն վրայ: Այս պահը ճակատագրական կ՛ըլլայ, անձնասպանութեան հերոսական արարք մըն էր եւ կ՛իյնան իրենց առիւծ պետին հետ եւ բազմաթիւ զինեալներ:
Վերջ կը գտնէ հերոսամարտը Հոկտեմբեր 23ին:
Թուրքը չի հաւատար Եօթնեղբայրեանի մահուան: Դժուարաւ ստուգելէ ետք, մեծ յաղթանակ մը տարած ըլլալու գոհունակութեամբ 24 թնդանօթի հարուածներ կը գուժեն կամ կը գոռան մահը հայ մեծերուն:
Անկէ ետք վայրագ թուրքին կատաղանքին կը յանձնուին անմեղ եւ ճարահատ ազգաբնակչութիւնը:
Կողոպուտ, կոտորած թալան եւ աքսոր:
Իրաւունք ունէր Քարէն Եփփէ յայտնելու յետագային, որ եթէ ամէն հայ քաղաք այսպէս պոռթկար Ուրֆայի նման օսմանեան պետութիւնը ներսէն կը պայթէր:
Իսկապէս, մէկ ամիս տեւող այս հերոսամարտը եղաւ քաջութեան, աննման խիզախումի եւ յեղափոխական ռազմավարութեան տիպարականացում մը:
Մկրտիչ Եօթնեղբայրեան այն ղեկավարն էր, որ Հ.Յ.Դաշնակցութեան անմիջական ղեկավարութեամբ յաջողեցաւ տուեալ միջոցներով հրաշքներ գործել: Այս կիսագրագէտ երիտասարդը, ունէր աննման քաղաքական հոտառութիւն, ղեկավարելու ընդունակութիւն, հեռատեսութիւն: Ամբողջ ղեկավարութեան մէջ միակն էր որ հասկցած էր թուրքին հայատեաց հոգեբանութիւնը եւ ընտրած էր զէնքը անոր հետ զրուցելու համար:
Արդար է Աւետիս Ահարոնեան, երբ կ՛ըսէ “Հայկական ամբողջ ազատագրական շարժումը, Հ.Յ.Դաշնակցութեանը, որին անունով գործեց ու կռուեց մինչեւ վերջը, երկրորդ Մկրտիչ Եօթնեղբայրեան չունի“ իսկ ուրֆացի հայ կանանց մասին խօսելով ան կ՛աւելցնէ “Ուրֆացի հայ կանայք ամբողջ այդ հերոսական դիմադրութեան տեւողութեանը իրենց կորովով, իրենց տոկուն անձնուիրութեամբ եւ մանաւանդ անօրինակ քաջասրտութեամբ ոչ միայն ոչինչով յետ չմնացին իրենց եղբայրներից եւ ամուսիններից, հապա եւ յաճախ գերազանցեցին նրանց“:
Կ՛արժէ յիշել անունները այդ հերոսներուն.և Գէորգ Ալահայտոյեան, Սարգիս Եօթնեղբայրեան, Յարութիւն Սիմեան, Արմենակ Աթարեան, Լեւոն Չէրչեան, Վաղարշ Մեսրոպեան, Գառնիկ Շամլեան, Եղիսաբէթ Եօթնեղբայրեան, Սուլթան Սիմեան, Շանըմ Քէթէնճեան, Մարիամ Չիլինկիրեան, Խաթուն Գունտաքճեան եւ ուրիշներ:
Փառք նահատակներուն եւ պատիւ իրենց ուխտին: