Գլխաւոր

ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՃԱՆԱՉՄԱՆ ՀԱՐՑ.- ՎՐԱՍՏԱՆԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԷՆ ՆԵՐՍ ՄԻՋԱԴԷՊ

Թիֆլիս (“Արմինիա Նաու“) .- “Democracy and Freedom Watch“ գործակալութիւնը կը տեղեկացնէ թէ, Երեքշաբթի, Ապրիլ 23, 2012-ին, Վրաստանի խորհրդարանէն ներս, Հայոց Ցեղասպանութեան թեման քննարկելու ընթացքին, տեղի ունեցած է անախորժ  միջադէպ մը: Արդարեւ, վիճաբանութիւն մը տեղի ունեցած է, երբ երեսփոխան Ճոնտի Պագատուրիան խօսած է Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման անհրաժեշտութեան մասին:

Ծագումով ազերի երեսփոխան Ազէր Սուլեյմանովը` Պագատուրիայի ուղղութեամբ դեղօրայքի տուփ մը շպրտած է, փորձելով խափանել անոր ելոյթը:

Աւելի քան հինգ վայրկեան տեւած է այս վիճաբանութիւնը: Խորհրդարանի նախագահ Դաւիթ Պաքրածէն գործընկերներուն կոչ ուղղած է նմանօրինակ անհարիր դիրքորոշումներ չկատարել: “Խորհրդարանէն ներս, կարելի յայտարարութիւններ կատարել, վիրաւորելով թէ՛ հայերն ու թէ՛ ազերիները: Մենք կը զգանք ցաւը, եկէ՛ք այս ցաւը ժամանցի եւ զուարճանքի չվերածենք այլոց համար…“, յայտնեց Խորհրդարանի նախագահ Պաքրածէն:

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button