ԽԱՂԱՂ ՑՈՅՑ…ՍՊԻՏԱԿ ՏԱՆ ԱՌՋԵՒ
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Հակառակ աննպաստ օդին, Մեծն Ուաշինկթընի գաղութը, անգամ մը եւս հաւաքուեցաւ Սպիտակ Տան մօտ եւ կատարեց խաղաղ ցոյց մը, նախագահ Օպամայէն պահանջելով, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը:
Այս հաւաքը կազմակերպուած էր, շրջանի Հայ Երիտասարդական Դաշնակցութեան “Անի“ մասնաճիւղին կողմէ, գործակցաբար շրջանի այլ կազմակերպութիւններու հետ:
Անցեալ շաբաթավերջին սկսած այս ցոյցը, առիթ մը ընծայեց երիտասարդներուն, որպէսզի իրենց ցասումն ու յուսախաբութիւնը արտայայտեն նախագահ Օպամայի կրաւորական մօտեցումին պատճառով, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման առնչութեամբ:
“Հայոց Ցեղասպանութեան հանդէպ, նմանօրինակ մօտեցում դուռ պիտի բանայ եւ առիթ պիտի ընծայէ որ այլ ցեղասպանութիւններ կրկնուին: Այսպէս երբ յանձաւորը չի պատճուիր, այդ ժամանակ նմանօրինակ դէպքեր կրնան շարունակուիլ: Սուտանի մէջ, հակառակ Հարաւային շրջանի ազատագրման, դեռ կացութիւնը կը մնայ վտանգաւոր, մանաւանդ որ նախագահ Օմար Պաշիր շարունակ կը սպառնայ հաւաւի նորսատեղծ հանրապետութեան“, յայտնեց Հայ Երիտասարդական Դաշնակցութեան “Անի“ մասնաճիւղի ատենապետ Դուին Փօլատեան: Ան աւելցուց թէ պատմութիւնը կը փաստէ թէ աշխարհի ամէնէն աւելի հզօր պետութեան կարգ մը ղեկավարներ, լաւապէս ուսումնասիրած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը, սկսելով դիւանագէտ Հէնրի Մորկընթաուէն, մինչեւ վերջերս Հայաստանի մօտ դեսպանութեան պաշտօնը ստանձնած Ճոն Էվընզ:
Նաեւ խաղաղ ցոյց մը տեղի ունեցաւ Թուրքիոյ դեսպանատան մօտ, Երեքշաբթի Ապրիլ 24-ին:
Նշենք թէ, տեղւոյն Հայ Կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ հաւաք եւ տողանցք, մասնակցութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտ-արենուշներուն: Օրուան պատգամը փոխանցեց Յովսէփ Աւագեան, որ հրաւիրեց ապագայ սերունդը ամենայն պատրաստակամութեամբ եւ նուիրուածութեամբ հայ դատի երկարատեւ աշխատանքը շարունակելու եւ բարձր պահելու ջահը:
Թղթակից