Գլխաւոր

ԱՊՐԻԼ 24-Ը ԱԽԱԼՑԽԱՅԻ ԵՒ ԹԻՖԼԻՍԻ ՄԷՋ

Ապրիլի 24-ի առաւօտեան, Ախալցխայի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, տեղի ունեցաւ, Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած Սուրբ Պատարագ, որուն ընթացքին, քաղաքի եւ շրջակայ գիւղերու հայութիւնը սկսաւ հաւաքուիլ, որպէսզի մասնակցի պահանջատիրական բողոքի երթին:

Պատարագէն ետք, Ախալցխայի պահանջատէր հայութիւնը քաղաքի կեդրոնական փողոցներով, պահանջատիրական բազմաթիւ պաստառներով քալեց դէպի Յովհաննէս Թումանեանի անուան հայկական դպրոց: Ապա, հայկական դպրոցէն Ախալցխայի պահանջատէր ժողովուրդը քաղաքի կեդրոնական փողոցներով բարձրացաւ Մարտա թաղամաս, ուր տեղադրուած է Ցեղասպանութեան զոհերուն ի յիշատակ խաչքար-յուշակոթող մը:
Ներկաները` ծաղիկներ եւ ծաղկեպսակներ զետեղեցին ու աղօթեցին, Ցեղասպանութեան զոհերու ոգիներու հանգստեան համար:

Նշենք թէ, օր մը առաջ, Ապրիլի 23-ի երեկոյեան, “Վրաստանի հայ համայնք“ ոչ-կառավարական  կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ, տեղի ունեցաւ ջահերով երթ: Ջահերով եւ ցուցապաստառներով հայ համայնքի երիտասարդները, Թիֆլիսի յաղթանակի զբոսայգիէն ուղղուեցան դէպի Թուրքիոյ դեսպանատուն: Արդարութեան վերականգնման պահանջատիրական կոչեր ուղղուեցան թրքական իշխանութիւններուն: Մասնակիցները պահանջեցին Թուրքիոյ պետութենէն, պատմութիւնէն հրաժարելու եւ կատարուած ոճրագործութիւնները ժխտելու փոխարէն, խոստովանիլ յանցանքն ու խոնարհիլ մէկ ու կէս միլիոն անմեղ զոհուած հայերու յիշատակին առջեւ ու ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը:

Վրաստանի խորհրդարանի շէնքի առջեւ, կատարուեցաւ խաղաղ հանրահաւաք: Մասնակիցները յանձնեցին , անուն առ անուն բոլոր պատգամաւորներին ուղղուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու Վրաստանի հայութեան դիմումը:

Ախալքալաքի մէջ, Ապրիլի 23-ին, “Զորի Զորեան“ երիտասարդական միութեան նախաձեռնութեամբ մեկնարկեց արդէն աւանդական դարձած ջահերով երթը` նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան 97-ամեակին: Պետական եւ Եռագոյն դրօշներով ու պաստառներով,  բազմաթիւ երիտասարդներ հաւաքուած էին Ախալքալաքի Տավշանկա լերան մօտ գտնուող այգիին շուրջ, ուր տեղադրուած է մեծն գուսան Ջիվանի արձանը: Ախալքալաքի եւ Նինոծմինտայի քահանաներ` Տէր Տաթեւի եւ Տթր Արմաշի ուղեկցութեամբ ազդանշանը տրուեցաւ ջահերով երթի դէպի Ախալքալաքի Սուրբ Խաչ եկեղեցի, ուր տեղադրուած է Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած յուշակոթող-խաչքար:  Երթի ընթացքին,  երիտասարդները իրենց բողոքը արտայայտեցին Թուրքիոյ մերժողական քաղաքականութեան պատճառով եւ Վրաստանի խորհրդարանէն պահանջեցին  ճանչնալ Հայոց  Ցեղասպանութիւնը:

Հայ Առաքելական եկեղեցուոյ Վիրահայոց թեմի եւ Վրաստանի Հ.Հ. դեսպանատան հովանաւորութեամբ, Թիֆլիսի Պետրոս Ադամեանի անուան հայ թատրոնի “յիշատակի երեկոյ“ ներկայացումը կայացաւ Նոտար Տումբածէի անուան պատանի հանդիսատեսի թատրոնէն ներս: Ներկայ էին Վրաստանի մօտ Հ.Հ. արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Յովհաննէս Մանուկեան, Հայ Առաքելական Ուղղափառ Սուրբ եկեղեցու Վիրահայոց թեմի Առաջնորդ Տ. Վազգէն եպս. Միրզախանեան, Վրաստանի նախագահի խորհրդական Վան Բայբուրթեան, դեսպանութեան աշխատակիցներ, հոգեւոր դասի եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներ:

 

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button