Գլխաւոր

Հ.Յ.Դ.-Ի ԱՌԱՋԻՆ ՆԱԽԸՆՏՐԱԿԱՆ ՀԱՆՐԱՀԱՒԱՔԸ` ԱՊՐԻԼ 10-ԻՆ

 Երեւան (“Երկիր“, “Նիուզ“).- Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն մարմնի անդամ Սպարտակ Սէյրանեան, Երեքշաբթի Մարտ 27-ին, տեղեկացուց թէ, Հ.Յ.Դ.-ի առաջին նախընտրական հանրահաւաքը տեղի պիտի ունենայ Երեքշաբթի Ապրիլ 10-ին` Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ:

Այս գծով, յարգելու համար օրինականութիւնը, հանրահաւաքի կայացման մասին համապատասխան դիմումը արդէն ներկայացուած է Երեւանի քաղաքապետարանին:

Սպարտակ Սէյրանեան նշեց, թէ այլ հանրահաըաքներ տեղի պիտի ունենան Հայաստանի մարզերուն մէջ, այլ թուականներու ընթացքին: Ան տրամաբանական չնկատեց այն հարցումը, թէ Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը որքա՞ն մասնակից կ՛ակնկալէ իրենց հանրահաւաքին: Ան նաեւ զարմանք յայտնեց հանրահաւաքի առանձին կարգախօսի մասին հարցադրումին առնչութեամբ, եւ պատասխանեց թէ.-“Կուսակցութիւնը կարգախօս ունի: Ո՞ւր լսուած է, որ հանրահաւաքը եւս կարգախօս ունենայ“:

 

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button