ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՍՈՒՐԲ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԱՄԵՆՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ ՎԱՐԴԱՆԱՆՔ ԿԸ ՏՕՆԵՆ

Լուսանկարները` Զենոպի
Նիւ Եորքի Սուրբ Լուսաւորիչ Ամենօրեայ Վարժարանի աշակերտները` պայծառ աչուկներով մանուկներ, ինքնավստահ ու անսխալ ու մանաւանդ աննկարագրելի խանդավառութեամբ ընթերցեցին, արտասանեցին ու երգեցին, ՀԱՅԵՐԷՆ, եւ ՄԻԱՅՆ ՀԱՅԵՐԷՆ, Ուրբաթ` Մարտ 9, 2012ին:

Ընթերցեցին Վարդանանցի պատմութիւնը ՀԱՅԵՐԷՆ, արտասանեցին հայրենաշունչ բանաստեղծութիւններ ՀԱՅԵՐԷՆ, պարեցին ՀԱՅԿԱԿԱՆ երաժշտութեամբ հայկական պարեր, երգեցին ազգային երգեր` “Քաջն Վարդան“, “Իմ Հայրենեաց Հոգի Վարդան“, եւ “Արեւ Ելաւ Զէյթունցիներ“, վարակելով մեզ ալ իրենց խանդավառութեամբ եւ յուզելով մեզ Մեծասքանչի մաքուր ու հարազատ հնչեղութեամբ:

Նիւ Եորքի Ս. Լուսաւորիչ Ամենօրեայ Վարժարանի աշակերտները` ներկաները տպաւորելու համար օտար լեզուներով արտասանելու եւ կամ երգելու կարիք չունէին: Կատարելապէս արդարացուցին Հայկական դպրոցի կոչումն ու առաքելութիւնը: Որքան պատշաճ է հարիւր տարի առաջ ըսուած, անկրկնելի բանաստեղծ` Դանիէլ Վարուժանի խօսքը ` “Հայ աշակերտներ ընդունող որեւէ վարժարան` պարտական է Հայութեան ապագան փրկելու աշխատիլ: Մենք պարտաւոր ենք փրկել Հայ աշակերտին մէջ վտանգուած Հայութիւնը“:
Ծնողներէն` Արամ Հէքինեանի պատրաստութեամբ, տեսաերիզով եւ անգլերէն բացատրութեամբ ներկայացուեցաւ Վարդանանց պատմութիւնը, որուն յաջորդեց երեխաներու թատերական ներկայացումը Վարդանանցի մասին: Այդ փոքր տարիքին, յաջողութեամբ դրսեւորեցին` Յազկերտ արքայ, Քաջն Վարդան, Ղեւոնդ Երեց, սուրհանդակ… եւայլն: Այնպիսի սքանչելի լրջութեամբ մարմնաւորեցին տիպարները, որ միայն հիանալ կարելի է:

Յայտագիրը պատրաստած էին ուսուցչուհիներ` Գայիանէ Գաբրիէլեան, Շուշան Սաւզըեան եւ Զմրուխտ Մարգարեան: Վերջինս հատուածներ համառօտած էր Հ. Մարգարեանի “Վարդանանք“ Թատերախաղէն:

Ձեռնարկի վերջաւորութեան, աշակերտները երգեցին Վարժարանի քայլերգը: Ապա Ս. Լուս. Մայր Եկեղեցւոյ հովիւ` Տէր Մեսրոպ Քահանայ Լագիսեան, իր շնորհաւորական եւ քաջալերական խօսքը ուղղեց աշակերտներուն ու ծնողներուն եւ շնորհաւորեց ուսուցչական կազմը:

Վարդանանքի Յիշատակի օրը փակուեցաւ Տէր Մեսրոպ Քահանայ Լագիսեանի առաջնորդութեամբ, աշակերտներու եւ ներկաներու յոտնկայս` “Հայր Մեր“ով եւ “Մեր Հայրենիք“ով:
Հոգեպարար ու յուզիչ օր մը իսկապէս:
Ներկայ մը