Լրահոս

ՊՐԻՒՔՍԷԼԻ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ.- ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՎՐԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԻՆ ՀԵՏ

 Չորեքշաբթի Մարտ 29-ին, Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբը, հանդիպում մը ունեցաւ Եւրոպական Միութեան, Պելճիքայի եւ Լիւքսամպուրկի մէջ Վրաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան  Սալոմէ Սամատաշվիլիի հետ: Հանդիպման ներկայ էին Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան եւ հասարակական կազմակերպութեանց կապերու եւ հաղորդակցութեան պատասխանատու Պետօ Տեմիրճեան:

Այս նպատակ ունէր վրացական իշխանութիւնները տեղեակ պահել Սամցխէ – Ջաւախքի հասարակական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի եւ Ա-Ինֆօ լրատու գործակալութեան նախագահ Արտակ Գաբրիէլեանի Պրիւքսէլի մէջ եւրոպական հաստատութիւններ այցելութեան, անոր ունեցած հանդիպումներուն եւ ներկայացուցած թղթածրարին շուրջ, որմէ եւ օրինակ մը յանձնուեցաւ դեսպանին: Ան խոստացաւ թղթածրարը փոխանցել Թիֆլիս` վրացական իշխանութիւններուն: Վրացի դիւանագէտը բարձր գնահատեց գրասենեակին տեղեկատուական այս այցելութիւնը, խոստացաւ ապագային միջնորդել վրացական իշխանութեանց մօտ` անոնց հետ  հաւանական հանդիպումներ եւ այցելութիւններ ունենալու հարցին գծով:

Գրասենեակը դեսպան Սամատաշվիլիին նաեւ տեղեկացուց, թէ յառաջիկայ օրերուն պատուիրակութեամբ մը պիտի այցելէ Թիֆլիս` հանդիպումներ ունենալու համար Վրաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցչութեան հետ: Այցելութեան նպատակն է հետեւիլ եւ շարունակել Պրիւքսէլի մէջ եղած հանդիպումներու շարքը` լուծումներ գտնելու համար ջաւախահայութեան դիմագրաւած հիմնահարցերուն: Դեսպանը նաեւ տեղեակ պահուեցաւ գրասենեակի Վրաստան կատարելիք ապագայի այցելութեանց եւ վրացական իշխանութեանց հետ հանդիպում ունենալու մտադրութեան մասին:

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button