Լրահոս

Հ.Յ.ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎ

ԵՐԵՒԱՆ.- Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակը կը տեղեկացնէ, որ  Մարտ 22-24-ին, Հ.Յ.Դ. “Արամ Մանուկեան“ երիտասարդական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններու վարչութիւններու ներկայացուցիչներու համահայկական խորհրդաժողով,  մասնակցութեամբ 12 երկիրներէ ժամանած 25 ներկայացուցիչներու, որոնք կը ներկայացնեն Հ.Յ.Դ. երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններու բարձրագոյն մարմինները:

Հ.Յ.Դ. Երիտասարդականը կը գործէ Հայաստանի եւ 17 այլ  երկիրներու մէջ, որոնց կարգին` Լիբանան, Միացեալ Նահանգներ, Գանատա, Արժանթին, Ֆրանսա, Յունաստան, Ռուսիա, Կիպրոս եւ այլ երկիրներ:

Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական եւ Ուսանողական միութիւններու համահայկական կամ շրջանային բնոյթի աշխատանքները կը համակարգուին Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի միջոցով, որ 2001էն ի վեր հաստատուած է Երեւանի մէջ: Հ.Յ.Դ. Երիտասարդականը ունի աւելի քան տաս հազար անդամ:

Խորհրդաժողովի բացումը տեղի ունեցաւ Եռաբլուրի մէջ, ուր մասնակիցները ծաղկեպսակներ զետեղեցին իրենց կեանքը հայրենիքին նուիրած ազատամարտիկներու շիրիմներուն վրայ:

Յաջորդ օրը մասնակիցները այցելեցին Ազգային ժողով, ուր հանդիպում ունեցան Հ.Յ.Դ. խմբակցութեան ղեկավար Վահան Յովհաննիսեանի հետ, որ ներկայացուց խմբակցութեան գործունէութիւնն ու պատասխանեց մասնակիցներուն հարցումներուն, որոնք յատկապէս կը վերաբերէին Հայաստանէն արտագաղթին, երկրին մէջ առկայ ընկերային-տնտեսական հարցերուն եւ այլն:

Այս ծիրին մէջ նաեւ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Ազգային ժողովի Երիտասարդական խորհրդարանի անդամներուն հետ` իբրեւ քննարկումի նիւթ ունենալով Հայաստան-Սփիւռք երիտասարդական կառոյցներուն միջեւ համագործակցութեան կարելիութիւնները:

Համահայկական խորհրդաժողովին ընթացքին ներկայացուեցաւ միութիւններու միամեայ գործունէութեան զեկուցումներն ու քննարկուեցան Հ.Յ.Դ. Երիտասարդականին դիմաց ծառացած մարտահրաւէրները: Հ.Յ.Դ. Երիտասարդականի հայեցակարգի եւ քառամեայ ռազմավարական նպատակներու հիման վրայ, մշակուեցաւ գործունէութեան ծրագիր` կիզակէտ ունենալով քաղաքացիական հասարակութեան ձեւաւորման ու երկրի հզօրացման նպաստող աշխատանքները:

 

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button