Լրահոս

ԱՐԺԱՆԹԻՆԻ ՄԷՋ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ ՕՐԸ

 ՊՈՒԷՆՈՍ ԱՅՐԷՍ (“Արմենիա“).- Շաբաթ, Մարտ 24ին, Արժանթինի մէջ յիշատակուեցաւ Ճշմարտութեան եւ Արդարութեան Յիշողութեան Օրը, որ  նուիրուած է 1976էն 1983 թուականներուն միջեւ երկրի մէջ տեղի ունեցած զինուորական բռնատիրական կառավարութեան զոհ գացած նահատակներուն: Այս մէկը կը նկատուի արժանթինեան պատմութեան մութ էջերէն մէկը: Այս առթիւ, տեղի ունեցաւ քայլարշաւ մը դէպի “Փլասա տը Մաժօ“ հրապարակը, Մարդկային Իրաւանց կազմակերպութիւններու, քաղաքական կուսակցութիւններու, Ոչ Կառավարական Կազմակերպութիւններու, եւ հոծ բազմութեան մը մասնակցութեամբ:

Հայ համայնքը, եւ մասնաւորապէս Հ.Յ.Դ. Արմենիա Երիտասարդական Միութեան երիտասարդները, գործօն մասնակցութիւն բերին այս քայլարշաւին եւ ձեռնարկին: Հայ երիտասարդները քալեցին պաստառներ պարզելով, ուր կը կարդացուէր “Երկու 24 (Մարտ 24 եւ Ապրիլ 24)` նոյն պայքարը“ նշանաբանը, եւ նոյն ժամանակ անցորդներուն բաշխեցին թռուցիկներ, բաղդատելով այս երկու թուականներու նշանակութիւնը ինչպէս եւ ոճրագործ հեղինակներու ծրագիրները:

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button