ՍէՈՒԼԻ ՄԷՋ.- “ՀԻՒԼԷԱԿԱՆ ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԻՒՆԸ` ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՄԱՐ ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹՈՒԹԻՒՆ Է“ ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ ՆԱԽԱԳԱՀ Ս. ՍԱՐԳՍԵԱՆ
Սէուլ (“Թերթ“).- Երեքշաբթի, Մարտ 27-ին, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, հիւլէական ապահովութեան 2012-ի միջազգային վեհաժողովին ընթացքին յայտարարեց, որ հիւլէական ապահովութիւնը եղած է եւ կը մնայ Հայաստանի համար առաջնահերթ խնդիր:Ան անդրադարձաւ նաեւ հայկական հիւլէական կայանին մասին Սէուլի վեհաժողովին ընթացքին Ատրպէյճանի նախագահին ներկայացուցած ապատեղեկատուութիւնը` յայտարարելով, որ Հայաստանի մասին յերիւրանքներ տարածելը Ատրպէյճանի մէջ վաղուց արդէն ոճ դարձած է: “Ամէնէն բարձր ամպիոններէն խեղաթիւրուած կը ներկայացուին ոչ միայն Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ ամէն ինչ, այլեւ միջազգային հանրութեան` մեր եւ ձեր կողմէ ընդունուած փաստաթուղթերը: Նոյնիսկ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի` Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրին մասին յայտնի բանաձեւերը կը խեղաթիւրեն` մոռնալով, որ իրենք սկսած են զինուորական գործողութիւններուն, իրենք մերժած են զանոնք դադրեցնել եւ իրենք են, որ հիմա ամէն օր ռազմատենչ յայտարարութիւններ կը կատարեն, կը մերժեն լուծել Արցախի խնդիրը միջազգային իրաւունքի հիման վրայ“, յայտնեց նախագահ Սարգսեան:
Ան աւելցուց, թէ Չեռնոպիլի եւ Ֆուքոշիմայի ողբերգութիւններէն ետք շատերը վերապահութեամբ կը մօտենան հիւլէական ուժանիւթի ապագային: Սակայն յատուկ պարագաներու, ինչպէս` Հայաստանի պարագային, քիչ այլընտրանք կայ ապահովելու ժողովուրդի կայուն զարգացումն ու բարելաւումը: Նաեւ, Սարգսեան ըսաւ թէ Հայաստան` իբրեւ հիւլէական ուժանիւթ արտադրող երկիր, Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան հետ կը զարգացնէ համակողմանի փոխադարձ գործակցութիւն:
“Հայաստանի հիւլէակայանի անվտանգ շահագործումը եւ անոր ապահովութեան մակարդակի բարձրացումը, ֆիզիքական պաշտպանութեան, ինչպէս նաեւ բարձր աշխուժութեան` աշխատած վառելիքի պահպանումը եւ հսկումը մեր կառավարութեան առաջնահերթ խնդիրներէն մէկն է: Այս գործին մէջ մենք խստագոյնս կը պահպանենք Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան` այդ սերունդի հիւլէական կայաններուն համար առաջարկուող միջազգային չափանիշերու պահանջները:… Հայաստանի չորս անմիջական դրացիներէն երկուքը` խախտելով միջազգային իրաւունքի չափանիշերը, երկու տասնամեակ շարունակ շրջափակման մէջ կը պահեն մեր երկիրը, բազմաթիւ այլ խնդիրներու շարքին` այլընտրանք չձգելով նաեւ ուժանիւթի անկախութեան ուղիներու ընտրութեան հարցին մէջ“, շեշտեց Սերժ Սարգսեան: