Հ.Յ.Դ. ՀՐԱՊԱՐԱԿԵՑ ՀԱՄԱՄԱՍՆԱԿԱՆ ՑԱՆԿԸ
Չորեքշաբթի Մարտ 21, 2012-ին, “Սիմոն Վրացեան“ Կեդրոնին մէջ, յատուկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը ներկայացուց իր համամասնական և մեծամասնական ցուցակները: Ներկայացնելու ընթացքին, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Վահան Յովհաննիսեանը յայտնեց, թէ այս ցուցակներու կազմումը երկար տեւած է եւ խլած բաւական ժամանակ:
Հ.Յ.Դաշնակցութեան Բիւրոյէն կը մասնակցի միայն մէկ անդամ` նոյնինքն Վահան Յովհաննիսեան:
“Մեր ցանկը ամենամրցունակն է, եւ ամենէն աւելի արժանի մարդիկ մեր ցուցակում են: Այնպէս որ, մենք շատ լուրջ ակնկալիքներ ունենք, եւ յաղթելու մեր տրամադրուածութիւնը յստակ է: Թէ քանի՞ տոկոս քուէներ կը ստանայ Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը…ընտրութիւնների արդիւնքում` կ՛որոշի ընտրողը“, յայտնեց Վահան Յովհաննիսեան, պատասխանելով լրագրողներու հարցումներուն:
Անդրադառնալով կարգախօսին` “Հաւատանք, որ փոխենք“,Յովհաննիսեան նշեց.- “Հաւատը պէտք է կարողանաս վաստակել: Ինչի՞ն հաւատանք. նրան, որ իշխանութիւնն ունի բարի միտումնե՞ր, ցանկանում է, որ ամէն ինչ լաւ լինի՞: Դա պարզ է, բայց մենք չենք հաւատում, որ այս իշխանութիւններն իրենց պաշարով ի վիճակի են որեւէ բան փոխել“:
Ասուլիսին ներկայ Հ.Յ.Դ.-ի պատգամաւոր Արմէն Ռուստամեան յայտնեց.- “Մեր ծրագիրը իրականացնելու համար նախ` ակնկալում ենք ժողովրդի աջակցութիւնը, բացի այդ` քաղաքական կեանքը պահանջում է, որ քո խնդիրները լուծելու համար համագործակցես նաեւ տարբեր ուժերի հետ:… Երկրում փոփոխութիւններ հնարաւոր է միայն ամբողջական իշխանափոխութեան ու համակարգային փոփոխութիւնների արդիւնքում“:
Ստորեւ, Հ.Յ.Դաշնակցութեան ցանկը.-
Վահան Յովհաննիսեան, Արմէն Ռուստամեան, Արտիւշա Շահբազեան, Աղուան Վարդանեան, Արծուիկ Մինասեան, Կարինէ Յարութիւնեան, Արմէն Բաբայեան, Արամայիս Գրիգորեան, Միքայէլ Մանուկեան, Կարէն Շահմուրատեան, Ռուզան Առաքելեան, Արա Նռանեան Արսէն Համբարձումեան, Գագիկ Գէորգեան, Վահրամ Թամազեան, Նունէ Պետրոսեան, Մարտուն Մաթեւոսեան, Իշխան Սաղաթելեան, Վարդան Ալեքսանեան եւ Լիլիթ Գալստեան: