ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ Հ.Հ. ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐ ՍԷՅՐԱՆ ՕՀԱՆԵԱՆԻ ՀԵՏ
Նիւ Եորք.- Չորեքշաբթի, Մարտ 21, 2012-ին, Մ.Ա.Կ.-ի մօտ, Հ.Հ. ներկայացուցչատան մէջ, տեղի ունեցաւ հանդիպում մը` Ա.Մ.Ն. Արեւելեան շրջանի Հ.Յ.Դ. ներկայացուցիչներու եւ Հ.Հ. Պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի գլխաւորած պատուիրակութեան միջեւ: Այս հանդիպման, ներկայ էին նաեւ, Մ.Ա.Կ.-ի մօտ, Հ.Հ. ներկայացուցիչ Կարէն Նազարեան, Ուաշինկթընի մօտ Հ.Հ. դեսպանութեան զինուորական կցորդ գնդապետ Մեսրոպ Նազարեան եւ Առաջնորդական Փոխանորդ Անուշաւան Եպսկ. Դանիէլեան:
Հ.Հ. Պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի պատուիրակութեան կ՛ընկերակցէր, անոր օգնական եւ փոխարինող` Դաւիթ Տոնոյեան: Հ.Յ.Դ. պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Կեդրոնական Կոմիտէի անդամներ` Տիգրան Խալիկեան եւ Հրայր Պարոնեան, որոնց կ՛ընկերակցէր Նիւ Եորքի “Ա. Գարօ“ Կոմիտէութեան ներկայացուցիչ` Վալոտ Աթախանեան:
Աւելի քան մէկ ժամ տեւող, այս տեսակցութեան արծարծուեցան բանակը յուզող հարցեր: Հ.Յ.Դ. պատուիրակութիւնը շնորհաւորեց, վերջերս մեծ շուքով նշուած բանակի քսանամեակը: Նաեւ խօսուեցան, բանակէն ներս կատարուած անարդարութիւններու մասին: Այս գծով, նախարարը յայտնեց թէ ամէն ճիգ կը թափուի, որպէսզի նման հարցեր չպատահին: Նախարար Սէյրան Օհանեան յայտնեց թէ, արդէն իսկ զեղծարարութեան եւ անկարգապահութեան հարցերը նուազած են յիսուն առ հարիւր համեմատութեամբ:
Ան հաստատեց թէ Հայաստանի բանակը իր պատրաստութեամբ, սարքաւորումներով եւ բարոյականով կը նկատուի շրջանի զօրաւորագոյնը:
Նախարարը եզրակացուց թէ, ան կը գնահատէ Սփիւռքահայութեան կատարած հետեւողական աշխատանքը, հայ դատի բնագաւառէն ներս: