ԱմերիկահայԼրահոս

ՇԻՔԱԿՈՅԻ ՄԷՋ.- Հ.Յ.Դ. ԲԻՒՐՈՅԻ ԵՒ Ա.Մ.Ն. ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԵՒ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՇՐՋԱՆՆԵՐՈՒ Կ.Կ.-ՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ԵՒ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ

Լուսանկարներ` Մարալ-Սօսի եւ Զ. Թազեան

Շի­քա­կո­յի Հ.Յ.Դ.-ի եւ քոյր միու­թիւն­նե­րու ըն­տա­նի­քը բե­ղուն շա­բա­թա­վերջ մը բո­լո­րեց: Ար­դա­րեւ, Կի­րա­կի Մարտ 18-ին, տեղ­ւոյն Կլեն­վիու շրջա­նի “Հայ Կեդ­րոն“ի ժո­ղո­վաս­րա­հին մէջ, տե­ղի ու­նե­ցաւ հան­դի­պում մը Հ.Յ.Դ. Բիւ­րո­յի եւ Ա.Մ.Ն. Արե­ւել­եան եւ Արեւմտ­եան շրջան­նե­րու Կեդ­րո­նա­կան Կո­մի­տէ­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն մի­ջեւ:

Հ.Յ.Դ. Բիւ­րոն կը ներ­կա­յաց­նէ­ին Լի­բա­նա­նէն ժա­մա­նած ընկ. Մկրտիչ Մկրտիչ­եան եւ Ա.Մ.Ն. Արե­ւել­եան եւ Արեւմտ­եան շրջան­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ընկ. Յա­կոբ Տէր Խա­չա­տուր­եան: Օրա­կար­գի վրայ էին Ամե­րի­կա­յի Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րը եր­կու շրջան­նե­րը յու­զող հար­ցեր, Հա­յաս­տա­նի մէջ կա­տար­ուե­լիք խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­ներ եւ Մի­ջին Արե­ւել­քի մէջ տի­րող կա­ցու­թիւն:

Այս հան­դիպ­ման առ­թիւ, շրջա­նի “Քրիս­տա­փոր“ կո­մի­տէ­ու­թիւնը լծուած էր գոր­ծի եւ ամէ­նայն բծախնդ­րու­թեամբ կազ­մա­կեր­պած էր ժո­ղո­վա­կան­նե­րու դի­մա­ւոր­ման, փո­խադ­րու­թեան եւ կե­ցու­թեան հար­ցե­րը: Այս առ­թիւ, նա­եւ շրջա­նի կո­մի­տէ­ու­թիւնը, կազ­մա­կեր­պած էր հան­դի­պում մը, ժա­մա­նող հիւ­րե­րուն եւ տեղ­ւոյն գա­ղու­թին մի­ջեւ: Այս ըն­դու­նե­լու­թիւն-հան­դի­պու­մը, տե­ղի ու­նե­ցաւ կեդ­րո­նի “Շահ­նա­զար­եան“ սրա­հին մէջ, Շա­բաթ Մարտ 17-ի երե­կոյ­եան:

Մօ­տա­րո­րա­պէս 150 ներ­կա­ներ ժա­մա­նած էին սրահ, որոնց կար­գին շրջա­նի հո­վիւ` Տէր Զա­րեհ քհնյ. Սա­հակ­եան: Ներ­կայ էին նա­եւ Հ.Օ.Մ.-ի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, որոնք շրջան ժա­մա­նած էին, կազ­մա­կեր­պե­լու ու­սա­նո­ղա­կան մի­օր­եայ խտաց­ուած ծրա­գի­րը, Աս­պետ Քո­չիկ­եա­նի (“Ար­մի­նիւն Ռի­վիու“ ամ­սա­թեր­թի խմբա­գիր) առաջ­նոր­դու­թեամբ: Ներ­կայ էին նա­եւ աշա­կերտ­նե­րը:


Բաց­ման խօս­քը կա­տա­րեց, տեղ­ւոյն “Քրիս­տա­փոր“ կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ընկ. Կրէկ Պետ­եան, որ բա­րի գա­լուստ մաղ­թեց եւ մատ­նան­շեց թէ նմա­նօ­րի­նակ հան­դի­պում­ներ, մեծ հե­տաքրք­րու­թիւն կը ստեղ­ծեն գա­ղու­թէն ներս: Ան ըսաւ թէ Շի­քա­կո­յի գա­ղու­թին հա­մար հպար­տանք է, նման ձեռ­նարկ մը կազ­մա­կեր­պելն ու ըն­կեր­նե­րուն բա­նա­խօ­սու­թիւն­նե­րուն հե­տե­ւի­լը: Ապա խօսք առաւ, Ա.Մ.Ն. Արե­ւել­եան շրջա­նի Կեդ­րո­նա­կան Կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ընկ. Անդ­րա­նիկ Գաս­պար­եան, որ ան­գամ մը եւս շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց Շի­քա­կո­յի գա­ղու­թին եւ ըն­կեր­նե­րուն ցու­ցա­բե­րած հո­գա­տա­րու­թեան:

Ապա, Գաս­պար­եան բեմ հրա­ւի­րեց Հ.Յ.Դ. Բիւ­րո­յի ան­դամ­նե­րը, որ­պէս­զի յա­ջոր­դա­բար ներ­կա­յաց­նեն օր­ուան պատ­գա­մը:

Առա­ջին հեր­թին, խօսք առաւ Յա­կոբ Տէր Խա­չա­տուր­եան, որ ներ­կա­յա­ցուց Հա­յաս­տա­նի մէջ տի­րող ներ­կայ իրա­վի­ճա­կը, գո­յու­թիւն ու­նե­ցող դժուա­րու­թիւն­նե­րը (տնտե­սա­կան, գաղթ, ապա­հո­վա­կան) եւ ան­շուշտ նշեց մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը, յատ­կա­պէս խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րու սե­մին:

Տէր Խա­չա­տուր­եան, իր կար­գին ող­ջու­նեց հա­րիւր առ հա­րիւր հա­մա­մաս­նա­կան ընտ­րա­կար­գին անց­նե­լու խորհր­դա­րա­նա­կան ընդ­դի­մու­թեան առա­ջար­կին Ազատ դե­մոկ­րատ­նե­րու կու­սակ­ցու­թեան աջակ­ցու­թիւնը: Ան շեշ­տեց թէ ընտ­րու­թիւն­նե­րը մի­ջոց են իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը փո­խե­լու հա­մար եւ աւել­ցուց, որ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը պահ­պան­ուե­լու հա­մար ոչ թէ ընտ­րած են վե­րընտր­ուե­լու, այլ վե­րար­տադր­ուե­լու ճամ­բան: Տէր խա­չա­տուր­եան շեշ­տեց թէ այն եր­կիր­նե­րը, որոնք առա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով ան­ցած են խորհր­դա­րա­նա­կան հա­մա­կար­գին, մե­ծա­մաս­նա­կան ընտ­րա­կարգ կար, բայց յե­տա­գա­յին բո­լոր եւ­րո­պա­կան եր­կիր­նե­րը ան­ցած են հա­մա­մաս­նա­կան ընտ­րա­կար­գին:

Ընկ. Մկրտիչ Մկչտիչ­եան անդ­րա­դար­ձաւ Հայ Դա­տի եւ Մի­ջին Արե­ւել­քի մէջ տի­րող ներ­կայ կա­ցու­թեան մա­սին: Ան յայտ­նեց թէ Հայ Դա­տի գծով, վեր­ջին տա­րի­նե­րուն կա­րե­լի եղած է անց­նիլ ճա­նա­չու­մէն պա­հան­ջա­տի­րու­թիւն հանգր­ուա­նը, եւ այս գծով նշեց թէ, վեր­ջերս Մե­ծի Տանն Կի­լիկ­իոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան կազ­մա­կեր­պած Մի­ջազ­գա­յին Հա­մա­գու­մար-գի­տա­ժո­ղո­վը, մաս­նակ­ցու­թեամբ  հայ թէ օտար իրա­ւա­գէտ­նե­րու, քա­ղա­քա­գէտ­նե­րու, ակա­դե­մա­կան­նե­րու, ցե­ղաս­պա­նա­գէտ­նե­րու եւ ազ­գա­յին այ­լա­զան մար­մին­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու եւ հրա­ւիր­եալ հիւ­րե­րու,Ճա­նա­չու­մէն հա­տու­ցում նիւ­թով, ու­նի իր ան­մի­ջա­կան կարեւո­րու­թիւնն ու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւնը:

Մի­ջին Արե­ւել­քի մա­սին անդ­րա­դառ­նա­լով, Լի­բա­նա­նի յա­ռա­ջի­կայ տա­րեշր­ջա­նի երես­փո­խա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րու կող­քին, յատ­կա­պէս Սուր­իոյ ներ­կայ կա­ցու­թեան մա­սին յա­ւել­եալ տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խանց­ուե­ցան: Մկրտիչ­եան ներ­կա­յա­ցուց ներ­կայ կա­ցու­թիւնը, եւ շեշ­տեց թէ սխալ է ներ­կա­յաց­նել գա­ղու­թը, որ­պէս քա­ղա­քա­կան կամ­քէ զուրկ մի­ա­ւոր, եւ ներ­կայ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու լծակ:

Ան յի­շեց Լի­բա­նա­նի ներ­քին քա­ղա­քաց­ի­ա­կան պա­տե­րազ­մի օրե­րուն կի­րարկ­ուած դրա­կան չէզոքու­թիւնը:

Մկրտիչ­եան եզ­րա­կա­ցուց թէ սուր­ի­ա­հայ գա­ղու­թը իր  պատ­մու­թեան ըն­թաց­քին եր­բեք չէ եղած լծակ որե­ւէ կող­մի, այլ ու­նե­ցած է պե­տա­կա­նու­թեան եւ օրի­նա­կա­նու­թեան հետ ըլ­լա­լու վար­քա­գիծ, որ եր­բեք չէ պայ­մա­նա­ւոր­ուած այս կամ այն իշ­խա­նու­թեան գո­յու­թեամբ:

Աւար­տին, կա­տար­ուե­ցան հարց-պա­տաս­խան­ներ եւ ապա հիւ­րա­սի­րու­թիւն:

Թղթակից

 

 

 

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button