ԱմերիկահայԼրահոս

ԵՐԵ­ՒԱ­ՆԻ ՏԻԿ­ՆԻ­ԿԱ­ՅԻՆ ԹԱՏ­ՐՈ­ՆԻ ԴԵ­ՐԱ­ՍԱՆ­ՆԵ­ՐԸ ՄԱՆ­ԿԱ­ԿԱՆ ՊԱՏ­ՐԱՆՔ­ՆԵ­ՐԸ ԿԵԱՆ­ՔԻ ԿԸ ԿՈ­ՉԵՆ ՆԻՒ ԵՈՐ­ՔԻ ՄԷՋ

ԹՂԹԱ­ԿԻՑ

 

Լու­սան­կար­ներ` ԹԱՄԱՐ ԼԱՔԻՍԵԱՆ

 

 

Նիւ Եոր­քի հայ հա­մայն­քի ամենէն խստա­պա­հանջ զանգ­ուա­ծը, փոքրիկնե­րը, ան­սահ­ման խան­դա­վա­ռու­թեամբ դի­մա­ւո­րե­ցին իշու­կը, ան­խելք մար­դը, գայ­լը եւ միւս պուպ­րիկ­նե­րը, որ կեան­քի կոչ­ուե­ցան Կի­րա­կի օր, Յուն­ուար 29-ին, Սուրբ Լու­սա­ւո­րիչ Մայր Տա­ճա­րի սրա­հի բե­մին վրայ Երե­ւա­նի Տիկ­նի­կա­յին Թատ­րո­նի տա­ղան­դա­ւոր դե­րա­սան­նե­րու ձեռ­քէն, յայտ­նի հաս­տա­տու­թեան առա­ջին Ամե­րիկ­եան շրջապ­տոյ­տին ըն­թաց­քին:

Փոք­րիկ­նե­րը ան­համ­բեր կը սպա­սէ­ին ներ­կա­յա­ցու­մը: “Պուպ­րիկ­նե­րը պի­տի խա­ղան ու պա­րեն, ու մենք պի­տի ծի­ծա­ղենք“, անժ­պիտ քննա­դա­տի լրջու­թեամբ բա­ցատ­րեց թղթա­կի­ցին երեք տա­րե­կան չա­ւար­տած Ալե­քը, աթո­ռին ծայ­րը նստած առա­ջին շար­քի վրայ, մինչ ձեռ­քե­րը ծալ­լած, խիտ գան­գուր մա­զե­րուն տա­կէն աչ­քե­րը բեմին վրայ սե­ւե­ռած կը պա­հէր, ակն­կա­լե­լով թա­տե­րա­խա­ղին սկիզ­բը: Ալե­քի եւ ու­րիշ շատ փոք­րա­հա­սակ ունկն­դիր­նե­րու մայ­րերն ալ, իրենց կար­գին, ման­կու­թեան ծնող­քին հետ Երե­ւա­նի Յով­հան­նէս Թու­ման­եան Պե­տա­կան Տիկ­նի­կա­յին Թատ­րո­նը գա­ցած են ան­մո­ռա­նա­լի պատ­րան­քի պա­հեր ապ­րե­լու հա­մար:

Եր­ջան­կու­թեան պոռչ­տուք­ներ ար­ձա­գանգ­ուե­ցան ծայ­րէ-ծայր լե­ցուն Փա­շալ­եան սրա­հէն ներս հա­զիւ դե­րա­սան­ներ Նա­յի­րա Յա­կոբ­եա­նը, Ին­գա Զա­հալ­եա­նը, Ռո­բերտ Սարգս­եա­նը և Աղա­սի Մել­քոն­եա­նը, ղե­կա­վա­րու­թեամբ Ռու­բէն Պա­պայ­եա­նի, ձայն ու շար­ժում շնոր­հե­ցին երա­զա­շունչ պուպ­րիկ­նե­րուն, յատ­կա­պէս Հա­յաս­տա­նէն բեր­ուած Ամերի­կա­յի մէջ ծրագր­ուած բե­մադ­րու­թիւն­նե­րուն հա­մար:

Փոքրիկնե­րը յափշ­տա­կու­թեամբ կը հե­տե­ւէ­ին Յով­հան­նէս Թու­ման­եա­նի գրի­չէն ծնած Ան­խելք Մար­դուն, պո­ռա­լով խո­րա­մանկ գայ­լին դէմ եւ յու­սա­հա­տած յան­դի­մա­նե­լով մար­դուն, երբ ան, Աստ­ուած իրեն բախտ շնոր­հած ըլ­լա­լէն վերջ, կը մերժէ չոր ծա­ռին տա­կէն ոս­կին քա­ղել եւ գե­ղուհի­ին սէ­րը կ՛ան­տե­սէ, որով­հե­տեւ հրա­տապ որո­նում կը հե­տապն­դէ… Աս­տու­ծոյ տուած բախ­տը պէտք է գտնէ:

Էլ ո՞ւր ես գնում, արի՛ ոս­կին հա­նիր էլի, — կ՛ըսէ չոր ծա­ռը, — համ քեզ օգուտ կը լի­նի, համ ինձ, դու կը հարս­տա­նաս, ես էլ կը կա­նա­չեմ:

 Չէ՛, ես ժա­մա­նակ չու­նեմ, շտա­պում եմ,— պա­տաս­խա­նեց աղ­քա­տը,— Աստ­ուած ինձ բախտ տուեց, ես շու­տով պէտք է գնամ իմ բախ­տը գտնեմ, վա­յե­լեմ:

Մա­նուկ­նե­րը նոյն­քան զուար­ճու­թեամբ հե­տե­ւե­ցան յայ­տագ­րի միւս կտո­րին, Ռո­պերթ Առա­քել­եա­նի “Ծնուն­դի Նուէ­րը“: Թէ­եւ որոշ մա­սեր անգ­լե­րէ­նով խաղց­ուե­ցան, այ­սու­հան­դերձ պզտիկ­նե­րը առանց դժուա­րու­թեան կը հե­տե­ւէ­ին հա­յե­րէն խօ­սակ­ցու­թեան եւ անմիջա­պէս հա­յե­րէ­նով կը պա­տաս­խա­նէ­ին հար­ցումներուն, որ բե­մէն պուպ­րիկ­նե­րը զա­նոնց կ՛ուղ­ղէ­ին, ինչ որ նոյն­քան հազ­ուա­գիւտ որ­քան սրտա­պա­րար երե­ւոյթ է Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու Արե­ւել­եան ափի գա­ղութ­նե­րու կեան­քին մէջ:

Հա­մազ­գա­յի­նի Նիւ Եոր­քի մաս­նա­ճիւ­ղը եւ Սուրբ Լու­սա­ւո­րիչ Մայր Եկե­ղե­ցին մի­աս­նա­բար կազ­մա­կեր­պե­ցին ձեռ­նար­կը, իր տե­սա­կի առա­ջի­նը քա­ղա­քիս մէջ, որուն ներ­կայ գտնուե­ցան շուրջ 180 հան­դի­սա­տես­ներ, փոք­րիկ­նե­րը նե­րառ­եալ: Երբ յայ­տագ­րի վեր­ջին մա­սը հա­սաւ` ժո­ղովր­դա­կան եր­գեր ու պա­րեր, փոք­րիկ­նե­րը ան­զուսպ եռան­դով բեմին առ­ջեւ հա­ւաք­ուե­ցան, ընդ­հա­նուր խնճոյ­քին մաս կազմելու: Բե­մադ­րու­թեան աւար­տին, Էլէն, Ալեք եւ իրենց եր­կու բա­րե­կամ­նե­րը վար­դի փուն­ջեր յանձ­նե­ցին Յա­կոբ­եա­նի, Զա­հալ­եա­նի, Սարգս­եա­նի եւ Մել­քոն­եա­նի, որ բուռն ծա­փա­հա­րու­թեամբ վար­ձատր­ուե­ցան հան­դի­սա­տես­նե­րու կող­մէն:

 

 

 

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button