ԱմերիկահայԼրահոս

ՈՒԱ­ՇԻՆԿ­ԹԸՆ.- ՀԱ­ՅԱՍ­ՏԱ­ՆԻ ՀԱՆ­ՐԱ­ՊԵ­ՏՈՒ­ԹԵԱՆ ԲԱ­ՆԱ­ԿԻ ՀԻՄ­ՆԱԴ­ՐՈՒ­ԹԵԱՆ 20-ԱՄ­ԵԱ­ԿԻ ՏՕ­ՆԱ­ԿԱ­ՏԱ­ՐՈՒ­ԹԻՒՆ

Կազ­մա­կեր­պու­թեամբ Ուա­շինկ­թը­նի Հ.Յ.Դ. “Սե­պուհ“ Կո­մի­տէ­ու­թեան, Կի­րա­կի Մարտ 4, 2012-ին, կէ­սօ­րէ ետք ժա­մը 1:00-ին տե­ղի ու­նե­ցաւ յա­տուկ ձեռ­նարկ մը, նուիր­ուած Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան բա­նա­կի հիմ­նադ­րու­թեան քսա­նամ­եա­կին, “Արապ­եան“ Հայ Կեդ­րո­նի “Քէ­շիշ­եան“ սրա­հին մէջ: Օր­ուան բա­նա­խօսն էր Հ.Հ. դես­պա­նու­թեան զի­նուո­րա­կան կցորդ գնդա­պետ Մես­րոպ Նա­զար­եան: Ներկայ էին նաեւ դեսպան Թաթուլ Մարգարեան եւ Արցախի Հանրապետութեան գրասենեակի ներկայացուցիչ Ռոպէրթ Աւետիսեան:

Գնդա­պետ Նա­զար­եան, իր խօս­քին մէջ, վեր առաւ հա­յոց բա­նա­կի որակն ու մարտն­չող կո­րո­վը: Ան շեշ­տեց թէ հայ­րե­նի­քի պաշտ­պա­նու­թեան առա­ջադ­րան­քը հա­մայն հա­յու­թեան առաջ­նա­յին օրա­կարգն է:

Ան ըսաւ թէ վստա­հու­թիւն եւ ար­դա­րու­թիւն ցու­ցա­բե­րե­լը, զի­նու­ժի կա­տա­րե­լա­գործ­ման առըն­թեր կը յա­ջո­ղին հա­յոց բա­նա­կը պա­հել շրջա­նէն ներս ամէ­նէն մար­տու­նա­կը եւ ան­գե­րա­զան­ցե­լին, եւ այդ մէ­կը կը վկա­յեն օտար ռազ­մա­գէտ­ներն ալ:

Նա­եւ, ան յայտ­նեց թէ առաջ­նա­կարգ կա­րե­ւո­րու­թիւն կը ստա­նան հայ զի­նուո­րին բա­րո­յա­հո­գե­բա­նա­կան վի­ճա­կի նկատ­մամբ բա­նա­կի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն կող­մէ ցու­ցա­բեր­ուե­լիք նա­խան­ձախնդ­րու­թիւնը, մար­տու­նակ ոգիի պահ­պան­ման հա­մար հա­մա­պա­տաս­խան մաս­նա­գի­տա­կան  մի­ջոց­նե­րու կի­րար­կու­մը, հայ զի­նուո­րին ար­ժա­նա­պա­տուու­թիւնը բարձր պա­հե­լու սկզբուն­քա­յին մօ­տե­ցու­մը:

Հ.Յ.Դ. “Սեպուհ“ Կոմիտէութեան անունով, օրուան բացման խօսքը կատարեց Յովսէփ Աւագեան, որ յայտնեց թէ հայոց բանակը համահայկական ուշադրութեան արժանի հաստատութիւն է: Ան աւելցուց թէ Փետրուարեան ապստամբութեան օրերէն իսկ, Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը, միշտ ալ գործած է յաչս զօրաւոր բանակի եւ խիզախ բանակայիններու: Ան շեշտեց թէ հայոց բանակը` հայութեան  լինելութիւնն է, նաեւ գոյութիւնն է, պահպանող հիմնական ու անփոխարինելի կռուանը:

Թղթակից

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button