ՈՐՍՈՐԴԱԿԱՆ “ԳԱՅԼԱՐՇԱՒ“
Երեւան (“Թերթ“, “Արմինիա Նաու“).- Եթէ Վախթանգ Անանեանն ու իր աննման գրիչը ողջ ըլլային, ինչ հետաքրքրական “որսորդական պատմուածքներ“ու շարք մը, կամ աւելի ճիշդը քայլարշաւ (…ե՛ւ գայլարշաւ) մը պատրաստուած պիտի ըլլար:
Այսպէս դաժան ձմեռը պատճառ դարձաւ որ միշտ անօթի գայլը, անտառէն ներս սննդազուրկ սկսաւ յարձակիլ մօտակայ գիւղերուն վրայ, սպաննելով ու յօշոտելով կաթնտու անասուններ: Երբ Վանաձորի մէջ, գիւղացիներ կրցան սպաննել գայլ մը եւ պատկան մարմիններուն բողոքեցին թէ պէտք է արմատական լուծում մը գտնուի: Կառավարութիւնը շտապօրէն յանգեցաւ որոշումի մը, որ սրեց ակռաները… որսորդներուն: Այսպէս, բնութեան պաշտպան հիմնարկներու համար, Հայաստանի տարածքին երկու հարիւր գայլ սպաննելու թոյտուութիւն տալու` կառավարութեան որոշումը բարբարոսական է եւ կը յանգեցնէ Հայաստանի մէջ այս կենդանիի տեսակի կրճատման:
Պետութիւնը գայլերու որսը խթանելու մասին որոշում ընդունած էր` յայտարարելով, որ իւրաքանչիւր սպաննուած գայլի գլուխի դիմաց որսորդները հարիւր հազար դրամով (մօտաւորապէս 260 տոլար) պիտի պարգեւատրուին: Որոշումը գործադիրը պայմանաւորած էր անով, որ գայլերուն քանակը աճած է, որուն զուգահեռ աւելցած են գայլերուն յարձակումները ընտանի կենդանիներու եւ մարդոց բնակավայրերու վրայ:
“էկոլոգիական Հասարակական Դաշինք“ի համակարգող Սիլվա Ադամեան, վերջերս լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին յայտարարեց թէ գործակցաբար միջազգային հիմնարկներու հետ, կարելի էր դիւրութեամբ լուծում մը գտնել, սնունդ տարածելով անտառներէն ներս եւ կշտացնելով այդ անօթի վոհմակները:
Ադամեան յայտարարեց, որ տնտեսական ծանր պայմաններու մէջ, երբ “ամբողջ մի կարողութիւն“ կը խոստացուի, գայլի որսը կրնայ ամբողջութեամբ դուրս գալ վերահսկողութենէն եւ յանգեցնել անդառնալի կորուստներու: Ան առաջարկեց գայլերու դէմ պայքարելու աւանդական եղանակներով` գիւղացիական տնտեսութիւններուն գամփռ շուներ տրամադրելով:
Բնապահպանութեան նախարարութեան աշխատակից Արտաշէս Զիրոյեան յայտնեց, որ կառավարութեան որոշումը իրականութեան մէջ ոչ մէկ լուրջ փոփոխութիւններու չի յանգեցներ: Ան աւելցուց , որ գայլի որսը բաւական բարդ է, եւ որսորդներէն շատերը պիտի ափսոսան այդ ոդիսականը կատարելու համար:
“Մենք թոյլատրել ենք անել որսի եղանակին, բայց որս անող չկայ, դրա համար մենք որսորդներին շահագրգռել ենք, բայց չկայ շահագրգռուածութիւն“, ըսաւ նախարարութեան աշխատակիցը:
Այլ բնութեան պահպանութեան համար գործող Մամիկոն Ղասապեան յայտնեց թէ իւրաքանչիւր տարի 100 -350 գայլ սպաննուած է եւ հետեւաբար քանակի վրայ կառավարութեան որոշումը պիտի չազդէ: Ան շեշտեց թէ “Գայլը տարածքային կենդանի է, “ինքնակարգաւորուող“, այսինքն` գայլը երբեք շատ կամ քիչ չի լինում, գայլը լինում է այնքան, ինչքան բնութեամբ պէտք է լինի“:
Նշենք թէ, Եւրոպայի մէջ տիրող այս տարուայ սաստիկ ցուրտը, պատճառ դարձաւ որ, գայլերու վոհմակներ ամէնուրէք յարձակումներ կատարեն:
Մոլտովայի մէջ, քառասուն տարիէ ի վեր գոյութիւն չունեցող գայլերը, առաջին անգամ ըլլալով, բազմիցս տեսնուեցան: Հայաստանի դրացի Վրաստանի գիւղերէն մէկու մը մէջ, գայլեր յարձակեցան եւ տեղն ու տեղը սպաննեցին 27-ամեայ բնակիչ մը: Թուրքիոյ (ուր գորշ գայլերը կը նկատուին փանթուրանական շարժման նշանակը) մէջ ալ, գայլերը բազմիցս տեսնուեցան գիւղերու մօտ: Տարիներ առաջ, ութսունականներուն, պատահած է որ անօթի ու ուժակոռոյս վիճակի մէջ գայլ մը հասնի Պոլիս, դանդաղ շարժումներ կատարելով եւ հոն ալ հոգին աւանդէ…
Սիլվա Ադամեան կ՛եզրակացնէ թէ այս որսորդութեան արտօնութեամբ, գայլերու տեսակը պիտի նուազի: Նշենք թէ գայլի մորթն ու ատամները մեծ պահանջք ունին, յատկապէս վերջերս Հայաստանէն ներս հետզհետէ աւելի զարգացած սեւ մոգութեան ծիսակարգեր անցնող կախարդներուն համար:
Հոս տեղին է հարցադրել, թէ այդ ոռնացող փորձանք անասունը կ՛ընտելանա՞յ: Հտաքրքրական հարցում…Արդարեւ, Երեւանի մէջ, բնակիչ մը կրցած է նորածին գայլի մը հետ, ոչ թէ միայն բարեկամութիւն կամ դրացիութիւն ստեղծել, այլ նաեւ տէր եւ տիրականութիւն կատարել:
Մինչ այդ, գարնան սեմին, հայրենի գիւղացին ու իր գամփռը, պիտի համբերեն քանի մը շաբաթ ալ, որպէսզի վերջնականապէս ձերբազատուին այս ձմեռնային արհաւիրքէն: