ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ.- ԱՂԱՒԱՂՈՒԱԾ ՔՍԱՆԱՄԵԱԿ ՄԸ…ԽՈՃԱԼՈՒԻ ՍՊԱՆԴԸ
Փետրուար 16ին, Ատրպէյճանի խորհրդարանը պաշտօնական հաղորդագրութեամբ մը յայտարարեց, թէ Խոճալուի ցեղասպանութեան ճանաչումը միջազգայնացնելու նպատակով յաւելեալ ջանք պիտի տարուի:
Ատրպէյճանի խորհրդարանը կը շեշտէ թէ, այս դէպքին քսանամեակին առթիւ, այս աշխատանքը պիտի կատարուի ճանաչումը ապահովելու համար աշխարհի տարբեր երկիրներու խորհրդարաններուն կողմէ` դրական համարելով այս նպատակով տարուած աշխատանքին ցարդ արձանագրած արդիւնքը: Աւելին, ազերի երեսփոխաններ պիտի փորձեն հարցը արծարծել ԵԱՀԿի Խորհրդարանական վեհաժողովի օրակարգէն ներս:
Նշենք թէ, այս առթիւ Ատրպէյճան քանի մը տարի առաջ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան Ընդհանուր ժողովին, ներկայացուցած էր, բռնագրաւուած տարածքներուն մասին բանաձեւի նախագիծ մը: Այդ փաստաթուղթի բովանդակութեան հիմնական կէտերն էին թէ Ատրպէյճանի Լեռնային Ղարաբաղի շրջանին մէջ եւ անոր շուրջ զինուած հակամարտութիւնը կը շարունակէ վտանգ ներկայացնել միջազգային խաղաղութեան համար, եւ թէ Ատրպէյճանի բռնագրաւուած բոլոր տարածքներէն հայկական բոլոր ուժերը պէտք է անյապաղ, լիակատար եւ անվերապահ հեռանան: Նախագիծը նաեւ կոչ կ՛ուղղէր` վերահաստատել Ատրպէյճանի բռնագրաւուած տարածքներէն տեղահանուած բնակչութեան վերադարձի անքակտելի իրաւունքը եւ վերայայտարարել, որ ոչ մէկ պետութիւն պէտք է օրինականօրէն ճանչնայ Ատրպէյճանի տարածքներու բռնագրաւման հետեւանքով ստեղծուած իրադրութիւնը:
Աւելին, յատուկ կայքէջ մը յանդգնած էր Քոսովոյի ջարդերէն շինծու լուսանկար մը զետեղելով կայքէջէն ներս եւ այսպէս փորձած էր ահազանգ հնչեցնել:
Վերադառնանք պատմութեան: Ի՞նչ պատահած էր Փետրուար 25-26, 1992-ին:
Արցախի ազատագրութեան ուժերը շղթայազերծած էին զինուորական գործողութիւն մը` ապահովելու համար շրջանի միակ օդակայանը, որ կը գտնուէր Խոճալուի մօտ: Հետեւաբար, այս ռազմագիտական բնոյթ ունեցող յարձակումը կատարուած էր չէզոքացնելու ազերի թշնամի դիրքերը, ուրկէ ծանր հրթիռներով հետեւողական ձեւով յարձակումներ կը կատարուէին եւ կուրօրէն կը ռմբակոծուէին մերձակայ հայկական շրջաններ:
Արցախի ինքնապաշտպանութեան ուժերը դիտմամբ, բաց ձգած էին անցք մը, որպէսզի տեղւոյն անմեղ բնակչութիւնը, կարելիութիւնը ունենայ փախչելու եւ ամենայն ապահովութեամբ հեռու մնալու, զինուորական գործողութիւններու շրջաններէն: Պատմական ստոյգ փաստերը ցոյց կուտան թէ անմեղ բնակչութեան վրայ կրակոցները կատարուած են Աղտամէն երկուքուկէս եւ Խոճալուէն ինը մղոն հեռաւորութեան վրայ գտնուող շրջանի մը մէջ, որ այդ օրերուն ազերիներու հակակշիռին տակ կը գտնուէր:
Աւելի յստակացումներու եւ մանրամասնութիւններու երթալով…օրին Ատրպէյճանի նախագահ Մութալիպով, յայտնած էր թէ սոյն դէպքերը պատահած էին տեղւոյն ազերի ընդդիմադիր ճակատին կողմէ, զինք իշխանութենէն տապալելու համար: Ուրեմն քսանամեակը` ի յիշատակ Մութալիպովը տապալելու փորձին համար է եւ ո՛չ թէ Խոճալուի շինծու ջարդին:
ՀԱՅՐԵՆԻՔ