ՆՇՄԱՐ.- ՕՊԱՄԱՅԻ ՄԱԶԵՐԸ Ի՞ՆՉ ԳՈՅՆ ՈՒՆԻՆ…
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի նախաընտրական խոստումներն ու յետընտրութեան վարքագիծը աչքի առջեւ ունենալով« յաճախ կը մտաբերեմ հետեւեալ անեկդոտը« զոր լսած եմ հօրս սերունդի մարդոցմէ.
Հինլաւ օրերուն« երբ հայելին հազուագիւտ պերճանք էր« մարդ մը սափրիչի կþերթայ մազերը յարդարել տալու համար. կը նստի աթոռին ու կը հարցնէ. »Սափրիչ« մազերս ի՞նչ գոյն են«: Սափրիչը կը պատասխանէ. »Հիմա կը կտրեմ« առջեւդ կը ձգեմ« կը տեսնես« կը դատես…«:
Բոլորիս յիշողութեան մէջ թարմ են Օպամայի ընտրապայքարի նշանախօսքերը« որոնք ունէին գլխաւոր խորագիր մը՝ ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ« որուն կը հետեւէր »Այո°« կարող ենք« հաստատումը:
Ճորճ Պուշ կրտսերի ձախաւերութիւններէն յոգնած ու սպառած քուէարկողները կառչեցան այս ու նմանօրինակ խոստումներէ բխող յոյսին ու Սպիտակ Տուն առաջնորդեցին Օպաման: Յետոյ« ամիսները սկսան իրարու յաջորդել. եկաւ ու անցաւ հոգեբանական սահմանագիծը« որ քաղաքական կեանքի մէջ կը կրէ »նախագահի մեղրամիս« բացատրութիւնը եւ կը տարածուի մօտաւորապէս 100 օրերու վրայ: Այդ շրջանի գործնական քայլերը քաղաքացիներու« լրագրողներու եւ ընդհանրապէս մեկնաբաններու համար կը նկատուին ցուցանիշներ« թէ ընտրեալը իսկապէս ի՞նչ ընթացք պիտի բռնէ« խոստումներուն կիրարկման ընթացքը յոյս կը ներշնչէ՞: Այլ խօսքով« սափրիչները գործի կþանցնին նախագահին մազերուն գոյնը ճշդելու համար (երբեք չենք անտեսեր այն »սափրիչները«« որոնք միշտ պատրաստակամ են« ըստ իրենց գանձածին՝ կեղծ գոյներով յարդարելու նախագահներն ու պետականքաղաքական գործիչները):
Հիմա« »մեղրամիս«ի շրջանէն ալ բաւական ժամանակ անցած է եւ ամերիկացի քաղաքացիներ« նաեւ՝ Ուաշինկթընի վարքագիծէն կամաւոր ու ակամայ կախեալներ ըստ բաւականին սկսած են դատել թէ Օպամայի մազերը ի՞նչ գոյն ունին:
Նախ արձանագրենք« որ չենք արհամարհեր բարեփոխութեան որոշ հովերը« որոնք փչեցին ու կը շարունակեն փչել նոր իշխանութեան օրով (երբեմն փչելն ալ բարիք է…). դրական զարգացումները« սակայն« չենք դիտեր ու պէտք չէ դիտենք այն տրամաբանութեամբ« որ »եթէ Աստուած ուզէ աղքատը ուրախացնել« գտնել կու տայ կորսուած էշը«:
ՀԱՅԵՐՈՒՍ ԱԿՆՈՑՈՎ
Մենք՝ հայերս« եղանք առաջին փորձառութիւն ունեցողներէն« եւ այդ փորձառութիւնը հիասթափութեամբ »բարեխառնուեցաւ«:
Անմիջական ու ակներեւ պատճառներէն թուենք մէկ քանին. նախագահը ետդարձ կատարեց Ցեղասպանութիւն հասկացութենէն« հաւաստելով հանդերձ« որ իր կեցուածքին մէջ բան չէ փոխուած: Ունեցանք այն զգացումը« թէ բարի պապուկ մը կþուզէ զուարճացնել նոյնքան բարի մանուկներ (զուարճացողներ գտնուեցան ու ծափիկծափիկ ըրին): Նոյն օրերուն« հրապարակ նետուեցաւ ՀայաստանԹուրքիա յարաբերութիւններու բնականոնացման »ճամբու քարտէսը«« որ հակառակ մինչեւ օրս զինք պարուրող գաղտնապահութեան քողին« նոր ծափիկներ շահեցաւ« մինչեւ որ յստակ դարձաւ« թէ մեր բերդէն ներս կոլ մը եւս ստացեր ենք: Յաջորդեց այլ »նուէր« մը. Հայաստանին տրամադրուած օժանդակութեանց կրճատումը: Ալ ո°չ ուժ« ո°չ ալ տրամադրութիւն մնացած էր ծափահարելու…
Չմոռնանք արձանագրելու« որ մեր իրաւուքներուն հետապնդման յառաջիկայ թիրախը կը գտնուի ճանաչումէն անդին« կը տարածուի կորուստներու փոխհատուցման կալուածներուն վրայ:
ՇՂԹԱՅԻՆ
ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ
ՕՂԱԿՆԵՐԷՆ
Մեզ շահագրգռող ու յուզող յիշեալ օղակէն անդին« կան գունաւոր շղթայ մը կազմող բազմաթիւ օղակներ« որոնք հիասթափութեան ալիքներ ստեղծած են աշխարհով մէկ« կը խոստանան նոր հիասթափութիւններ ալ:
Ամերիկացիք ու Ուաշինկթընի վարքագիծին լծակիցներ կþանդրադառնան« թէ պետական քաղաքականութեան մղիչ ուժերը կը մնան այն »անտեսանելիանհպելի«ները« որոնք հոն էին տասնամեակներէ ի վեր ու օր աւուր նոր միջոցներ կþորոնեն եւ կը գտնեն իրենց մականը աւելի եւս հեղինակաւոր դարձնելու համար: Անոնք կը կոչուին աշխարհատարած մեծ ընկերութիւններ« քարիւղի« զէնքի ու դրամատնային ճարտարարուեստի վարիչներ (հաւանաբար »դրամատնային ճարտարարուեստ« եզրը ծիծաղելի թուի« սակայն վստահ ենք« որ ընթերցողը կը հասկնայ մեր նշումին իմաստը): Թուենք քանի մը մանրամասնութիւն« տեսնելու համար« թէ ի՞նչն է »փոխուողը« եւ ի°նչը կը մնայ անշեղ:
Օպամայի խոստումներէն մէկն էր մօտիկ ապագային վերջ տալ »իրաքեան արկածախնդրութեան«« որ զանազան ձեւի անիմաստ արիւնաքամութեան պատճառ է: Սա ընտրապայքարի շահող խաղաքարտերէն մէկն էր« ծանօթ պատճառներով: Հիմա« այդ խոստումին կիսակիրարկման ենթահողը արդէն պատրաստ է« սակայն անդին« մսխումի ու վատնումի այլ դաշտ մը ծաւալ կը ստանայ. Աֆղանիստանը: Իրաքէն հեռացուելիք ուժերը պիտի երթան խրելու կեդրոնասիական այդ ճախճախուտին մէջ:
Քովընտի զարգացումներ տեղի կþունենան Փաքիստանի հողին վրայ« նաեւ անոր սահմանամերձ աֆղանական գիւղերու մէջ: Ահաբեկիչներ հետապնդելու նպատակով« պարզունակ գիւղերու դէմ կը գործածուին ահաւոր քանդում յառաջացնող զէնքեր (20 տարի առաջ խորհրդայինները նոյնը կþընէին եւ նիւթ հայթայթեցին ամերիկեան… ֆիլմերու)« քանի մը զինեալի հետ միւս աշխարհը կը ղրկուին հարիւրաւոր անմեղներ« որոնց շարքին՝ մանուկներ: Աֆղանիստանէն կամ Փաքիստանէն բարձրացող ցաւի ճիչերուն դիմաց« հրապարակ կը նետուին« օրինակի համար՝ Աֆղանիստանի մէջ Ուաշինկթընի կողմէ կառավարիչ զետեղուած նախագահ Համիտ Քարզայի փոխարինման սպառնալիքներ:
Յիշեալ ողբերգութեանց ականատեսներու ծափիկները ուրիշ հնչեղութիւն ունին. ուրախ են բոլոր անոնք« որոնք պատերազմը« իր տարբեր երեսներով« շահաբեր ճարտարարուեստ կը նկատեն: Ու Ուաշինկթընի տնտեսագէտները պատերազմի պիւտճէներ կը մշակեն« օր մը կտրելով դպրոցներու տրամադրուած պիւտճէներէն« ուրիշ օր մը՝ տարեցներու հոգածութեան ծրագիրներէն« տակաւին՝ այսօրուան աշխատաւորներու վաղուան հանգստեան թոշակին հաշիւներէն« զուգահեռաբար որոնելով ու ակօսելու ուսանողն ու պարզ քաղաքացին պարտքերու տակ թաղելու հազար ու մէկ միջոց…:
Այս բոլորին դիմաց« իրաքեան արկածախնդրութեան կալուածին մէջ նորանոր գայթակղութիւններ կը պայթին առանց մեծ արձագանգներու. դրածոյ իշխանութեան մարդոց կողմէ պաշտօնի չարաշահութեան դէպքեր կը քողազերծուին ու աննկատ կը թողուին մեքենան վարողներու կողմէ: Չէ՞ որ նոյնինքն Միացեալ Նահանգներու մէջ նմանօրինակ մսխումներչարաշահութիւններ տեղի կþունենան… օրէնքի ճամբով դրամատնային կամ ինքնաշարժներու արտադրութեան սնանկացող ընկերութիւններու կը նետուին միլիառներ արժող փրկութեան լաստեր« շահատուրք վճարող աշխատաւորն ու պաշտօնեան« համեմատաբար տկար դասուող դասակարգը կը վճարէ փրկութեան այդ լաստերուն գինը« որ փաստօրէն« առատաձեռն ու ժպտադէմ վարձատրութիւն է չարաշահողներուն ու ձախողութիւն արձանագրողներուն: Հոս մինչեւ իսկ չի դիմուիր այն քայլերուն« որոնք կþառնուին Լոնտոնի մէջ« Կորտըն Պրաունը տիղմի մէջ մխրճող չարաշահ նախարարներ պատժելու համար:
ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ
ՕՂԱԿԸ
Ա՞յլ օղակ մը. առողջապահական եւ այլ կենսական ապահովագրութեանց կալուածը: Իրողապէս« յառաջ կը քշուին ապահովագրութեան այնպիսի ծրագիրներ« որոնք համեմատաբար աւելի շահաբեր են ապահովագրողին« քան թէ ապահովագրեալին: Պուշի օրով մշակուած ծրագիրները կը գտնեն այլանուն տարբերակներ: Ու զարմանալի՞ է« որ նման մտածողութեան տէր անձնաւորութիւններու պաշտօնի կոչումը կը քաջալերուի իշխանութեան ու… անոր օձիքը իր ձեռքին ունեցող ընկերութիւններու կողմէ: Հեգնականը՝ »Ճենըրըլ Մոթըրզ« ընկերութիւնը սնանկացումէ փրկելու համար տրամադրուած բազմամիլիառ տոլարներու փոխանցումէն ետք« այդ ընկերութեան գործերը կը ձգուին կամեցողութեան այնպիսիներու՝ որոնք ձախաւերութեան բաժնեկիցհեղինակներն են:
Իրենց կարեւորութիւնը կորսնցուցած օղակ մը կը թուին ըլլալ՝ վառելանիւթի սակերուն ելեւէջները: Հիմա ո՞վ հոգ կþընէ« կը մտահոգուի« թէ ինքնաշարժին ընդունարանը լեցնելու համար« մէկ ու կէս պատիկը կը վճարենք՝ բաղդատմամբ վեց ամիս առաջ կատարուած վճարումին (առանց մոռնալու վառելանիւթի սղութեան միւս հետեւանքները): Սակերու բարձրացման մասին բացատրութիւն փնտռող« մեկնաբանութիւն ընող ալ չէ մնացած արեւուն տակ: Անտարբերութեան պատճա՞ռը… իր անկարողութեան համոզուած ըլլալուն՝ վճարողին կացութիւնը չէ անշուշտ:
ԽՆԴՐԱՅԱՐՈՅՑ
ԱՅԼ ՕՂԱԿՆԵՐ
Արձանագրենք քանի մը խնդրայարոյց օղակներ եւս: Անոնք կը կրեն Կուանթանամօ եւ բանտային տանջանք խորագիրները:
Միացեալ Նահանգներու վարկին մեծապէս վնասած Կուանթանամոյի արգելարանը փակելու բարի խոստումը հիմա ունի վատահամբաւ պոչիկ մը. շուրջ 250 բանտարկեալներու ազատ արձակման առաջադրանքին դիմաց« կայ մնացեալ հարիւրեակը նոր բանտ մը տեղափոխելու վէճը:
Յանցաւոր մը« ոճրագործ մը պատժելի է« ու վերջ: Սակայն ի յայտ եկած է ու հաստատուած« թէ Կուանթամանօ տարուողներուն ջախջախիչ մեծամասնութիւնը պատահականօրէն կալանաւորուած էին. ժողովուրդին քաւութեան նողազ էր պէտք ռազմաքաղաքական ծրագիրներ արդարացնելու համար: Բանտարկեալներու յանցապարտութիւնը չկարենալով փաստել՝ իշխանութիւնները անոնցմէ շատեր սուսիկփուսիկ իրենց տուները ղրկած են« ջուր հասցնելով ջաղացքին այն մտահոգներուն« որ անիմաստ կերպով բանտարկուածներ կրնան այս անգամ իսկական ահաբեկիչներու վերածուիլ: Նոյն մտահոգութիւնը՝ անոնց մասին« որոնք անմարդկային տանջանքներու ենթարկուած են նախկին փոխ նախագահ Չէյնիի նման բարձրաստիճան պատասխանատուներու գիտակցութեամբ ու թելադրանքով: Ու դեռ այդ բռնամիջոցներուն մասին »Բիւզանդական վէճեր«ը կրնան նոր էջեր արձանագրել քաղաքական հակամարտութիւններու հատորներուն մէջ« զուգահեռաբար այն բանավէճերուն« որոնք կը բխին յիշեալ՝ մնացեալ բանտարկեալները ամերիկեա՞ն հող« թէ՞ արաբ կամ եւրոպացի դաշնակիցներու »տան պարտէզը« տեղափոխելու կարելիութիւններէն…:
Կարծէք թէ իշխանութիւններուն հիմնական մտահոգութիւնը տնտեսական ու ընկերային ծանր տագնապներու թարման փնտռելը չէ« այլ նախկին իշխանութեան օրով գործուած ձախաւերութիւնները ընտրականքաղաքական խաղաքարտերու վերածելը:
ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔ
ՈՒ ՅԱՐԱԿԻՑ
ԱՇԽԱՐՀՆԵՐ
Վերջերս կազմաւորուող եւ մեծ ուշադրութեան առարկայ եղող օղակ մը եղան նախագահ Օպամայի Միջին Արեւելք այցելութիւնն ու պաղեստինցիներուն եւ իսլամական աշխարհին ուղղուած անոր կոչերը:
Ամերիկեան ու գործակից մամուլը »նոր էջի մը բացման« քայլը տեսան նախագահին այս նախաձեռնութեան մէջ: Եւ իսկապէս որ նոր էջ բանալու« անցեալի շլութիւններէն հեռանալու բոյր մը տարածուեցաւ Օպամայի յայտարարութիւններէն: Սակայն միայն պաղեստինեան սեղմ շրջանակներ անդրադարձան կարգ մը դաժան իրականութիւններու« հետեւաբար հրաժարեցան միանալէ ծափահարողներուն: Իսրայէլի եւ պաղեստինեան կողմին միջեւ »հաւասար հեռաւորութիւն« պահելու ճիգին մէջ« Օպամա խաղաղութեան յարելու հրաւիրեց երկու կողմերը. պաղեստինցիներէն պահանջեց ետ կանգնիլ բրտութենէ« իսկ իսրայէլեան պետութեան թելադրեց վերջ տալ պաղեստինեան հողերու վրայ բնակեցման քաղաքականութեան: Անկախ անկէ« որ Իսրայէլ ի սկզբանէ Օպամայի երեսին նետեցին« թէ տրամադիր չէ ընդառաջելու այս կոչին« անպատասխան մնացին այն հարցումները« թէ Ուաշինկթըն ի՞նչ կը մտածէ »խաղաղութեան քարտէսուղի«ն շարունակելու մասին« բազմամեայ ու ինքզինք սպառած ծրագիրին այն երեսներուն՝ որոնք կը կոչուին բաժանումի պատ« կամայական բռնադատութիւններ« Կազայի հեղձամահութիւն եւ զինուորական սպառնալիքներ ու ոճիրներ:
…Օպամայի մազերուն գոյնէն ցարդ ի յայտ եկած է միայն այնքանը« որ ան կþառաջնորդուի քաղաքական ու շահադիտական հաշիւներով: Սա չի նշանակեր« որ նոր նախագահը բացարձակապէս պիտի մնայ գերին իրեն ժառանգ ձգուած քաղաքականութեան ու իր նմանները պատանդ պահող »միջնաբերդերու«« եւ սակայն« հարցումները կը բազմանան օր աւուր« իսկ խաբկանքի վայելքը կը դառնայ նոր վարժութիւն: