ՁԵՌՆԱՐԿ` Ի ՅԻՇԱՏԱԿ ԱԼ ՎԵԿԱՅԻ
Երեքշաբթի, Յունուար 17-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Պոսթընի հանրածանօթ “Սքալըրզ“ սրահին մէջ, տեղի պիտի ունենայ ձեռնարկ մը, նուիրուած “ճազ“ երաժշտութեան բնագաւառէն ներս սիրուած դաշնակահար Ալ Վեկայի, որ մահացաւ…իննիսուն տարեկանի սեմին…Դեկտեմբեր 2, 2011-ին: Այս առթիւ պիտի ներայացուի, անոր կենսագրութիւնը պրպտող եւ ներկայացնող գիրք մը, պատրաստուած, ծանօթ լրագրող-խօսնակ Ռոն Տելլա Քիեզային կողմէ, որ եղած էր Վեկայի մօտիկ գորխակիցն ու բարեկամը:
Հաւանաբար ընթերցողին եւ յատկապէս “ճազ“ երաժշտութեան հետ քայլ չպահող հայորդիին համար, անակնկալ մը պիտի ըլլայ, երբ իմանայ Վեկայի իսկական…ոչ առուեստագէտի անունը` Արամ Վահրամեան: Ծնած Վուսթըր, ան փոքր տարիքէն սէր ունէր երաժշտութեան եւ յատկապէս դաշնակին հանդէպ:
Շուտով ան մտադրեց մուք գործել երաժշտութեան աշխարհ, եւ երեսունականներուն իսկ, եղաւ Պոսթընի հարաւային “Սաութ Էնտ“ շրջանի ծանօթ “Հայ-Հէթ“ ակումբի դաշնակահարը: Տարիներ շարունակ ան շրջեցաւ եւ բազմաթիւ ելոյթներ ունեցաւ աստղերու հետ, որոնց կարգին` Մայլզ Տէյվիս, Տիզի Կիլեսփի, Չարլի Փարքըր, Տիուք Էլինկթըն:
Մասնակցած Բ. Համաշխարհային պատերազմին, ան մօտիկ էր քաղաքական հանրածանօթ դէմքերուն եւ ոչ թէվ միայն կը նուագէր անոնց համար, այլ նաեւ իր կարծիքներն ու գաղափարները կը փոխանցէր: Երաժշտութեան մարզէն ներս, ան բազմիցս այլ երաժիշտներ քաջալերեց եւ թիկունք կանգնեղաւ անոնց որպէսզի իրենց կարգին ելոյթներ ունենան ու փայլին:
Յատուկ հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերէր իր նախընտրած մարզախաղին` “պէյզպոլ“ին հանդէպ եւ տարիներ շարունակ մարզած ու օժանդակած է իր բնակած շրջանի` էվըրէթի խումբը…շրջան մը, որ իր երախտապարտութիւնը յայտնած է սիրուած Արամին եւ հրապարակներէն մէկը կոչած` “Ալ Վեկա“:
Դաշնակի կողքին, ան նաեւ նուագած է հարուածային դաշնակ (vibrophone) եւ բախտաւորութիւնը ունեցախ է լոյս ընխայելու բազմաթիւ ձայնապնակներ…եւ ապա խտասալիկներ:
Իր յառաջացած տարիքին պատճառով, Վեկա վերջերս բազմիցս առողջապահական քննութիւններու կ՛ենթարկուէր: Այս պատճառով, ան մուտք գործած էր “Մաս-Ճեներըլ“ հիւանդանոց եւ հոն ալ կնքած իր մահկանացուն:
Նշենք թէ, Վեկայի հրաժեշտէն հազիւ տասնեակ մը օրեր առաջ, “ճազ“ երաժշտութեան բնագաւառէն ներս, մեծ հռչակ սփռած թմբկահար մը` Փօլ Մոթեան, իր կարգին մահացած էր Նիւ Եորքի մէջ: