ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐԻՒՐԱՄԵԱԿԻ ՍԵՄԻՆ.- ՄԵՐ ԿՈՐՍՈՒԱԾ ՈՒ ՎՏԱՆԳՈՒԱԾ ՄԻԼԻՈՆՆԵՐԸ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆԵԼՈՒ ԱՌԱՋԱՐԿ
ՏԱԳՆԱՊ. ԽՈՐՔ
ՈՒ ՏԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ
Ընդունուած փաստ է, որ Թուրքիոյ ծրագրած ու իրագործած Ցեղասպանութեան հետեւանքով, տուած ենք շուրջ 1.5 միլիոն զոհ: Այս թիւին վրայ կրնանք դիւրութեամբ աւելցնել կարճ ատեն առաջ կատարուած Համիտեան Ջարդերու հարիւր հազարաւոր զոհերուն թիւերը:
Նմանապէս փաստացիօրէն արձանագրուած է, որ Թուրքիա բռնագրաւուած է մեր պատմական հայրենիքին մեծագոյն բաժինը, Արեւմտեան Հայաստանով ու Կիլիկիայով, իսկ այսօրուան Հայաստանն ու ազատագրեալ Արցախը` միայն մէկ փոքր կոտորակն են մեր պատմական հայրենիքին:
Ցեղասպանութենէն վերապրողներուն յստակ թիւը չունինք, կամ` տարբեր վիճակագրութիւններու հիմամբ ունինք տարբեր թիւեր, որոնք կը տարուբերին քանի մը տասնեակ հազարէն քանի մը հարիւր-հազարի միջեւ. վերապրողներու “ցուցակին“ մաս կը կազմեն Ա. Աշխարհամարտէն ետք կիլիկեան քաղաքներ վերադարձող խլեակները, որոնք երկու տարի ետք մասնակի նոր ջարդերու պիտի ենթարկուէին ու պիտի բռնադատուէին երկրորդ – ու վերջնական – աքսորի, նաեւ` Արեւմտեան Հայաստանէն ալիք-ալիք բռնագաղթի ենթարկուողները` 1915-18 տարիներուն, անոնք` որ ապաստանեցան Արեւելեան Հայաստան ու միաձուլուեցան շրջանի հայութեան հետ (“Արեւելեան վեց նահանգներ“էն ճողոպրած ու Արեւելեան Հայաստան ապաստանողներու ժառանգորդները մինչեւ այսօր ալ չեն մոռցած իրենց պատկանելիութիւնը, պատմականօրէն հայկական հողերուն նկատմամբ իրաւատիրութիւնը, թէեւ այս կամքը այսօր արտայայտութիւն չի գտներ այն ուժգնութեամբ, ինչ որ կը բնորոշէր 30ական, 50ական ու 70ական-80ական տարիները. փա՞ստ կ՛ուզէք. վերադարձէք այդ տարիներու մեր գրականութեան էջերուն, որոնք բազմաթիւ ձեւեր գտած են խորտակելու կարմիր կայսրութեան բանադրանքի պատնէշները…):
Բաւական յստակ թիւեր ունինք նաեւ ստալինեան մողոքին մեր տուած զոհերու թիւին մասին. ըստ բաւականին ճշգրիտ թիւերով գիտենք Բ. Աշխարհամարտին մեր տուած զոհերուն քանակը եւս, ըլլա՛յ խորհրդային բանակին ճամբով, ըլլա՛յ արեւմտեան կողմն աշխարհի:
Մէկ խօսքով, մեր տուած զոհերուն` ջարդերու, հալածանքներու եւ պատերազմական գործողութիւններու հետեւանքով ճանչցուած զոհերուն թիւերը ըստ բաւականին յստակ են:
Սակայն ո՞վ կրցած է կամ մտածած` հաշիւ պահելու (միթէ կարելի՞ է նման հաշիւ պահել) մեր միւս կորուստներուն մասին, որ ծանօթ է “Սպիտակ Ջարդ“ հասկացութեամբ: Փաստօրէն, տուած ենք ու կը շարունակենք տալ մարմնապէս չջարդուած-չսպաննուած զոհեր, տագնապած ենք ու կը տագնապինք այդ զոհերով. կը տագնապինք մանաւանդ վերանկախացած Հայաստանի պարպումով, լաւ ըմբռնելով, որ արտագաղթի թափը հետզհետէ կ՛աւելնայ, հեռացողները կը մեկնին ընդհանրապէս չվերադառնալու տրամադրութեամբ, ներգաղթողներուն համեմատութիւնը մեկնողներուն մէկ փոքր կոտորակը կը կազմէ: Հայրենիքէն հեռու ինկած-հեռացող` Արտերկրի հայութեան կը սպառնան ձուլում, հայկական արմատներէ հեռացում, անջատում, զանգուածային “տարբաղադրութիւն“, ահագնացնելով “Սպիտակ Ջարդ“ի զոհերուն թիւը…: Այս ընթացքը կը ստեղծէ ենթա-տագնապներ, զորս կարելի է կոչել տարբեր անուններով (տարբեր անունները չեն թեթեւցներ տագնապին տարողութիւնը, չեն փոխեր բնոյթը):
Մօտիկ ու միջին անցեալի տուեալները, հայութեան ճակատագրուած պայմանները աչքի առջեւ ունենալով, հաւանաբար կ՛արժէ գիտական ուսումնասիրութիւններ պատրաստել մեզ` իբրեւ ժողովուրդ մաշեցնող այս երկրորդ ընթացքին, այսինքն` բռնագաղթի, արտագաղթի իբրեւ անմիջական հետեւանք` աշխարհատարած հայութեան ձուլման ու թիւի նուազումին մասին:
Նման մատնանշում նորութիւն չէ. յաճախ անդրադարձած ենք այս ցաւին, բաղդատութիւններ կատարած` հայութեան տարեկից այլ ժողովուրդներու թիւի վերիվայրումներուն մասին. հասնելով մինչեւ հեռաւոր անցեալ` աչքի առջեւ ունեցած ենք պարսիկներու, յոյներու, հռոմէացիներու (որոնց բազմատասնեակ միլիոններով ժառանգորդները կը լեցնեն այսօրուան Իտալիան), հրեաներու, քիւրտերու, արաբներու, եւրոպական այլ երկիրներու եւ մինչեւ իսկ թուրքերու թիւի աճը, եւ իբրեւ մխիթարանք (անկասկած որ արդարօրէն)` արձանագրած ենք, որ հայութիւնը չէ հետեւած ասորիներու, աքքատներու, հիթիթներու, պոնտացիներու կամ պատմութեան անցած այլ ժողովուրդներու ցանկին: Սակայն փաստը կը մնայ փաստ. թէ՛ հեռաւոր անցեալին, թէ՛ Ցեղասպանութենէն ետք, թէ՛ Հայաստանի վերանկախացումէն ասդին` վերջին քսան տարիներուն, հայութեան թուական աճը չէ ստացած բնական յաւելումի ընթացք. եթէ այսօրուան մեր անկախ հայրենիքին մէջ ունինք շուջ երեք միլիոն բնակիչ (ոմանք սա լաւատես թիւ կը նկատեն), որուն դիմաց, եթէ ընդունինք, որ Արտերկրի մէջ կը բնակին այդ թիւին կրկնապատիկը ու քիչ մըն ալ աւելին, մխիթարուելու շատ պատճառ չենք ունենար, որովհետեւ անցեալ տասնամեակները, մասնաւորաբար Ցեղասպանութեան յաջորդած տարիները ցոյց տուած են, որ մեր ժողովուրդին մաշումը ստացած է յարաճուն թափ. այլ խօսքով, եթէ բռնագաղթի ենթակայ սերունդին մօտ ձուլման, օտարացումի ընթացքը առաջին տարիներուն դանդաղ էր, այդ ընթացքը տասնամեակ առ տասնամեակ ստացած է աւելի վտանգաւոր թափ:
Հարցում. Արեւելեան ու Արեւմտեան Եւրոպաներուն, Ամերիկաներուն, խորհրդային/նախկին խորհրդային երկիրներու, ինչո՞ւ չէ` նաեւ միջին արեւելեան երկիրներուն մէջ Ցեղասպանութենէն ետք քանի՞ հայ իր ինքնութիւնը կորսնցուցած է, այս կամ այն պատճառներով հեռացած է մեր ժողովուրդէն, այսօր չի յիշեր, չի գիտեր, չէ ալ հետաքրքրուած, թէ իր նախահայրերէն ո՞րը հայ էր, քանի՞ սերունդ անցած է հայութեան պորտակապէն իր խզումէն ասդին: (Բնականաբար ուրախալի երեւոյթ է, երբ նշանաւոր դարձած անձ մը օր մը պեղէ ու յայտնաբերէ իր հայկական անցեալը եւ ուզէ վերստին կապ մը ստեղծել իր արմատներուն հետ, բայց նման պարագաներ հազուադէպ են, անոնց բերած մխիթարանքի կաթիլը շուտով կը շոգիանայ…):
Ամէնէն մակերեսային ուսումնասիրութիւնն անգամ մեզ դէմ յանդիման պիտի դնէ ողբերգական ահաւոր պատկերի մը. չափազանցա՞ծ կ՛ըլլանք, եթէ ըսենք, որ սուլթանական ու ժառանգորդ Թուրքիոյ, եւ Կարմիր Կայսրութեան խլած զոհերուն բազմապատիկը թիւով, այսինքն` տասնեակ միլիոններով հայեր զոհ գացած են “սպիտակ ջարդ“ին…: Իսկ այսօր ապրող հայութենէն, վաղը` 20-40-60 կամ աւելի տարիներ ետք, քանի՞ նոր միլիոններ կուլ պիտի երթան մեզ մաշումի տանող իրերայաջորդ ալիքներուն:
ՏԱԳՆԱՊԷՆ ԱՆԴԻՆ`
ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐ
Այս վիճակը, այսինքն` մեր ժողովուրդի թիւին մաշումը մեզ կը դնէ ստեղծուած ընթացքը շրջելու եւ հայութեան մարդագրական պատկերը բարեշրջելու մարտահրաւէրին դիմաց: Եւ այս մարտահրաւէրը ստիպուած ենք դիմագրաւել ճակատէն, արմատական ու համապարփակ միջոցներով, զբաւականանալ կիսամիջոցներով:
Նորութիւն ըսած չենք ըլլար, եթէ ընդգծենք, որ մարտահրաւէրը ուղղուած է մեր ազգի բոլոր խաւերուն, շերտերուն, հատուածներուն. մարտահրաւէրին դէմ յանդիման ենք պետականօրէն, կազմակերպութեանց, միութեանց, ազգային հաստատութեանց, կրթական, ընտանեկան ու անհատական մակարդակներու վրայ:
Ձեռնածա՞լ ենք:
Ո՛չ. տագնապին ծաւալին ու տարողութեան ծանօթ ենք բոլորս, գոնէ բոլոր անոնք, որոնք մտահոգ են ազգի ճակատագիրով, անոնք ըլլան պետական ղեկավարներ, եկեղեցական ու միութենական առաջնորդներ, մտաւորականութիւն եւ հիմնախնդիրներուն դարմանումին նախանձախնդիր անհատներ ու խմբակցութիւններ: Յատկապէս վերջին քանի մը տարիներուն, տագնապին ստեղծած մտահոգութիններն ու ալիքները գործի լծած են եկեղեցական, կազմակերպութեանց առաջնորդներ ու ղեկավարութիւններ. ականատես ենք համագումարներու, գիտական մօտեցումով լուծումի փորձերու, բարձրագոյն մակարդակներէ արձակուած կոչերու, գործնական նախաձեռնութիւնները: Այս բոլորը` շատ լաւ են, կենսական ու անյետաձգելի, սակայն բոլորս ալ կը զգանք, որ ի գործ դրուած ճիգերը կը թուին ստեղծել այնպիսի դանդաղ շարժում, որ կը նմանի ցեխի մէջ խրած ինքնաշարժի մը անիւին ինքն իր վրայ թաւալումին, ինքնաշարժը պահելով նոյն տեղը. հակառակ ի գործ դրուած ահագին ներուժին ու ճիգերուն, տրամադրուած վառելանիւթին, ինքնաշարժը չի յառաջանար այն թափով ու շարժունակութեամբ, ինչ որ անհրաժեշտ է ու սպասելի:
Յուսատու իրականութիւն է, որ մէկէ աւելի շրջագիծերու եւ մակարդակներու վրայ, համագումարներու, գիտաժողովներու եւ անոնցմէ բխող նախաձեռնութիւններու ճամբով, դարմանումի միջոցներու որոնում կը կատարուի ամէնուրեք: Մամուլն ալ զգալի չափով մասնակից է որոնումին: Դարմանումի միջոցներու մասին հրապարակ կը նետուին հիմնաւորուած առաջարկներ, կը ճշդուին առաջադրանքներ: Այս բոլորը արդար են, արդարացի, ոչ մէկ կասկած` որ կը բխին նոյն սրտցաւութենէն, սակայն, ինչպէս նշեցինք, չենք շօշափեր սպասուած արդիւնքները, երբեմն ալ կը կանգնինք հիասթափութեան, յուսահատութեան ու անճրկումի սեմին:
ԴԱՐՄԱՆՈՒՄԻ
ՄԵԿՆԱԿԷՏԸ
Մարտահրաւէրը արդիւնաւոր կերպով դիմագրաւելու եւ բարեշրջում յառաջացնելու համար, անհրաժեշտ է համախոհութիւն, համագործակցութիւն ու ճիգերու մէկտեղում` հիմնական մեկնակէտներու շուրջ:
Բոլոր ճիգերն ալ կարելի է համախմբել մէկ գլխաւոր հասարակ յայտարարի վրայ ու զայն որդեգրել իբրեւ միակ ու անխուսափելի մեկնակէտ: Ըսենք ու կրկնենք յստակօրէն. մեր կորսուած ու կորսուելու վտանգին տակ եղող միլիոնները վերաշահելու միջոցներն են ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՆ ՈՒ ՀԱՅԵՐԷՆԻՆ ՊԱՀՊԱՆՈՒՄԸ:
Հաւանաբար չկայ հայ վաւերական բանաստեղծ մը, որ անդրադարձած չըլլայ մեր լեզուի դերին ու կարեւորութեան` մեր ժողովուրդի գոյատեւման, անցեալին ու ինքնութեան հետ հաղորդակցութեան, ինքնահարստացման, ինքնաճանաչումի դիտանկիւնէն: Հայրենիքին ու Մայրենիին զուգորդումը ներբող մեր բանաստեղծներէն Վահագն Դաւթեանի “Ներբող Մայրենի Լեզուին“ բանաստեղծութիւնը խտացում մը կարելի է նկատել վերը նշուած ճշմարտութեան. կը սկսի հետեւեալ հաստատումով.-
Դու` սէր առաջին, առաջին մորմոք, առաջին կարօտ,
Որ տառապանքով փոխուեցիր բառի ու դարձար լեզու…
Ու երբ “Հայրենիք“ անունը տուինք հողին այս քարոտ,
“Մայրենի“ դրինք անունը քո սուրբ:
Այլ խօսքով, Հայրենիքն ու Մայրենին զիրար արժեւորող, զիրար ամբողջացնող ու զիրար պայմանաւորող արժէքներ են. առանց լեզուի` հայրենիքի գոյութիւնը կ՛իյնայ հարցականի տակ, առանց հայրենիքի` լեզուին մաշումը կը շարունակուի անխուսափելիօրէն ու, նայած զանազան պայմաններու, կրնայ ստանալ արագ թափ, արեւուն տակ ձգուած ձիւնամարդուն պէս (ի դէպ, Դաւթեան այս ճշմարտութիւնը հաստատող միակ մտաւորականը չէ. Խաչատուր Աբովեանէն առաջ ու ետք, բոլոր վաւերական գրողները միաձայն են այս կարմիր գիծին շուրջ):
Անհրաժեշտ չենք նկատեր այս մասին երկարել մեր խօսքը, ոչ ալ կ՛ընդունինք վէճի մէջ մտնել նորելուկ եւ պարտուողական այն վարկածներուն հետ, ըստ որոնց` կարելի է տուեալ ժողովուրդի մը, մեր պարագային` հայութեան պատկանիլ ու գոյատեւել իբրեւ լիարժէք հայ, առանց հայերէնին իւրացման ու զայն մաշկի պէս հագուելու: Այո, կարելի է որեւէ երկրին մէջ գտնել ԲԱՑԱՌՈՒԹԻՒՆՆԵՐ (Աստուած հոգին լուսաւորէ “Ամէն Տեղ Հայ Կայ“ի հեղինակ Վահրամ Մաւեանին), որոնք առանց հայերէնի իմացութեան, լաւ հայեր են, սակայն նման բացառութիւններ չեն երաշխաւորեր ժողովուրդի մը գոյատեւումը, թիւին բնական աճը:
Կրկնենք. մեր կորսուած ու կորսուելիք միլիոնները վերագտնելու, վերականգնելու հիմնական միջոցը մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն տարրական հայերէնի իմացութեան վերականգնումն ու ամրակայումն է: Այլ խօսքով` կիսովին ձուլուած կամ ինքզինք հայ զգացող ոեւէ անհատի համար, հրամայական է հայախօսութիւնը, հայերէն կարդալն ու հայերէնով հաղորդակցիլը:
ԱՌԱՋԱՐԿ
Ցեղասպանութեան 100րդ տարեդարձէն երեք տարի հեռու ենք. Հայաստանի մէջ թէ Արտերկրի, արդէն իսկ սկսած ենք մեր թեւերը սօթթելու, որպէսզի Ցեղասպանութեան հարիւրամեակը դրական անկիւնադարձի մը վերածուի քաղաքական, մշակութային թէ կարելի բոլոր ոլորտներուն մէջ: Այդ աշխատանքներուն ու ծրագիրներուն զուգահեռ, ու անոնցմէ առաջ իսկ, պէտք է ձեռնարկել գործնական բազմակողմանի ու բազմամակարդակ աշխատանքներու, որպէսզի 2015ին, աշխարհի տարածքին ապրող հայութիւնը` հայ մանուկը, պատանին, երիտասարդն ու երէցը Մայրենին որդեգրեն իբրեւ իրարու հետ հաղորդակցութեան, բայց մանաւանդ մեր մշակոյթին, պատմութեան ու Դատին հետ լիարժէքօրէն հաղորդակցելու միջոց: Այսինքն` յառաջիկայ եռամեակը յայտարարել հայախօսութեան, հայերէնի ծանօթացման եւ իւրացման ժամանակաշրջան, հայերէնը հռչակել ինքնաճանաչման, մշակութային ու պատմական-ազգային հարստութեանց իւրացման բանալի:
(Վերջերս, բարեկամի մը հետ սրտցաւ խօսակցութեան մը պահուն, երբ շեշտը կը դնէինք հայութեան բոլոր զաւակներուն ուսերուն ինկող այս բնական ու անխուսափելի պարտականութեան վրայ, ան գլուխը շարժելով միայն սկզբունքային համաձայնութիւն յայտնեց, աւելցնելով, որ նման քայլ ցնորական է ու բարեմիտ երազ, սակայն` անիրականալի, որովհետեւ օտարացումը, ձուլումն ու ինքնալքումը ստացած են այնպիսի ընթացք, որ դէպի բաղձալի ուղի շրջումը դարձած է անկարելի: Նման սրտցաւ նշումներ կը լսենք ամէն տեղ, սփիւռքեան տարբեր երկինքներու տակ, անոնք կը հրամցուին իրապաշտութեան վերարկումով ու նոր աշխարհի իրականութեանց հետ հաշտուելու խրատականներով: Նման եզրայանգումներ ու արժեւորումներ հասկնալի են ծանօթ իրականութեանց լոյսին տակ, սակայն մեզի համար ընդունելի չեն, մինչեւ իսկ եթէ “իրապաշտներ“ չափազանցեալ իտէալապաշտութեամբ մեղադրեն մեզ ու մեզի պէս մտածողները):
Առաջարկուած ձեւն ու աշխատանքը դիւրի՞ն են:
Բնականաբար ոչ, սակայն դժուարութիւնները երբէ՞ն ի վեր ձեռնաթափութեան մղած են անհատներ ու հաւաքականութիւններ, ժողովուրդներ ու անոնց հայրենիքներ: Կարեւոր է ունենալ կամք ու տեսլական, ու մանաւանդ բոլոր սերունդները այս ճշմարտութեան շուրջ համախմբելու համոզում, անկէ ետք, լեռներ շարժելն ու քարացնող-պարտուողական մտածելակերպեր խորտակելը կը դառնան աւելի դիւրին:
Պահ մը հարց տանք մենք մեզի. մանուկ, պատանի թէ երիտասարդ` անձ մը որքա՞ն ժամանակի կը կարօտի նոր լեզու մը սորվելու համար (խօսքը չի վերաբերիր մասնագէտ լեզուագէտ դառնալուն, այլ իրեն անծանօթ լեզուի մը հիմնական բառամթերքին տիրանալուն, անոր միջոցով բանաւոր կերպով հաղորդակցելուն, թերթ-գիրք կարդալուն): Մեր ընտանեկան յարկերուն տակ փո՞քր է թիւը այն մանուկներուն ու պատանիներուն, երիտասարդներուն, որոնք երկու-երեք տարուան մէջ կը սորվին ԸՆՏՐՈՎԻ լեզու մը կամ մէկէ աւելի լեզուներ: Իսկ որքա՞ն ժամանակի կը կարօտի հայ անհատ մը` սորվելու եւ տիրանալու ընդունելի հայերէնի մը, որ իր սեփականն է, աչքը բացած է անոր մէջ ու յետոյ, օր մըն ալ, թերացումի այս կամ այն ճամբով, զայն դասած է “դժուար“ի ցանկին վրայ:
ՑՆՈՐԱԿԱ՞ՆԸ
Մեր ազգի թիւին բնական աճը ապահովելու եւ կորուստները վերականգնելու համար ցնորական է մտածել, թէ իրերայաջորդ սերունդներ հայերէնով վարակելէ այլ միջոց գոյութիւն ունի:
Ծիծաղելի ու իսկապէս ցնորական պիտի ըլլայ մտածել, օրինակի համար, թէ հայութեան թիւի աճը կարելի է ապահովել… ներածումով: Կարելի է կօշիկ ու հագուստ-կապուստ ներածել, տնային սարքեր ներածել, ինքնաշարժ կամ կենսանիւթեր ներածել նիւթական միջոցներով, սակայն չէ պատահած, որ ժողովուրդի մը պակսող զաւակներուն դիմաց, այլ ժողովուրդէ մը մանուկներ կամ երիտասարդներ փոխ առնուին ու որդեգրուին զանգուածաբար: Մինչեւ իսկ եթէ պահ մը երազենք, որ միլիառը անցած Հնդկաստանի կամ Չինաստանի բնակիչներէն զանգուածներ ընդունին հայերէն սորվիլ, անոնք Հայաստանին յառող հայեր պիտի չըլլան, այլ պիտի մնան հնդիկ ու չին…
Հայերէնի իմացութեան հրամայականէն խուսափում` պիտի նշանակէ ընդունիլ նաեւ հայրենիքին կորուստը, որովհետեւ ի՞նչ հայրենիք կը մնայ եւ ո՞ւր, եթէ անոր սեփականատէր ժողովուրդը արագ կամ դանդաղ թափով դադրի գոյութիւն ունենալէ:
ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐԸ
ՊԻՏԻ ԴԻՄԱԳՐԱՒԵՆՔ ՄԵՐ ՁԵՌՔԵՐՈՎ
Մեր դիմաց ցցուող մարտահրաւէրը պիտի դիմագրաւենք մեր ձեռքերով, հայութեան ԲՈԼՈՐ ձեռքերով, զուգահեռ գիծերու վրայ զիրար ամբողջացնող աշխատանքով, հետեւողականութեամբ, աննահանջ եւ յառաջատուական ընթացք տալով արդէն ճամբայ ելած երթին:
Եթէ մեզ 2015էն բաժնող երեք տարիները համատարած կերպով վերածենք մայրենին մեր ապրող բոլոր սերունդներուն սեփականութիւնը դարձնելու ժամանակաշրջանի, արդէն նուաճած կ՛ըլլանք մեծ իրագործում մը եւ շարժման մէջ դրած կ՛ըլլանք երթ մը, որ յամենայն դէպս չի սահմանափակուիր միայն երեք տարիով, այլ ճամբայ բացած կ՛ըլլայ անվերջանալի ճամբորդութեան մը, որ պիտի շարունակուի տասնամեակէ տասնամեակ, սերունդէ սերունդ, մեզ տանելով դէպի նոր հարիւրամեակներ ու դարաշրջաններ:
Այս նուաճումին համար, ազգը կազմող բոլոր առաջնորդող տարրերէն ոեւէ մէկուն բացակայութիւնը կամ կրաւորականութիւնը կը վնասէ ամբողջ առաջադրանքին: Ի մտի ունինք ընտանիքը, դպրոցը, եկեղեցիները (առանց յարանուանական խտրութեան), ակումբ-կազմակերպութիւնները, միութիւնները, երիտասարդական բոլոր միաւորները, մասնագիտական ու արհեստակցական-արհեստագիտական խմբաւորումները, մէկ խօսքով` ազգը բաղկացնող բոլոր միաւորները:
Հրամայական է, որ ազգի բաղկացուցիչ բոլոր տարրերը նորահաս սերունդներուն համար ըլլան այն գործօնները, ազդակները, որոնք մանուկին ու պատանիին պիտի ներշնչեն, անոր մէջ արմատաւորեն մայրենիին իւրացման կարեւորութիւնը, իբրեւ գրաւական մեր գոյատեւման ու կորուստներու վերաշահման: Առաջին քայլն է ինքնագիտակցութեան ու իմաստութեան սեմին հասնող մանուկին ու պատանիին ներշնչել այն` որ ինք կը պատկանի ԻՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ, հայութեան, ինչպէս որ արաբը կը պատկանի արաբ ժողովուրդին, ֆրանսացին` ֆրանսացի ժողովուրիդն, սպանացին ու անգլիացին, իտալացին ու ճափոնացին` իրենց ժողովուրդներուն, եւս այսպէս` շարունակաբար, իւրաքանչիւրը ունի իր սեփական հարստութիւնն ու ժառանգութիւնները, “Մենք մեզ ոչ մէկից չենք գերադասում“, սակայն նաեւ ամէն պատճառ ունինք մենք զմեզ չստորադասելու: Մանուկին ու պատանիին պէտք է ներշնչել ու անոր մէջ արմատաւորել այն գիտակցութիւնը, հասկացողութիւնը, թէ ինք պատասխանատուութեան բաժին ունի մեր ժողովուրդի գոյատեւման ու բազմացումին մէջ: Նման ներշնչում ընկալելու ատակ է իւրաքանչիւր հայ պատանի ու երիտասարդ, նաեւ պատրաստ` ստանձնելու ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ. պէտք է երիտասարդութիւնը Մայրենիի՛ն ճամբով իրազեկ դարձնել իր ինքնութեան, ու վստահիլ անոր նախաձեռնութեան ոգիին: Մեր մօտիկ անցեալին մէջ ալ վկայութիւններ ունինք այս ճշմարտութեան մասին, իսկ այսօր, ականատես ենք, որ մեր պատանիներն ու երիտասարդները հետզհետէ աւելի ու աւելի մեծ թիւերով կը ներգրաւուին մեր արդար իրաւունքներու պաշտպանութեան` Հայ Դատի հետապնդման աշխատանքներուն մէջ: Այս սերունդներուն համար յստակ պէտք է ըլլայ, զանոնք պէտք է լուսաւորել այն գիտակցութեամբ, որ հայերէնի իմացութիւնն ու անոր ճամբով` մեր նիւթական ու աննիւթական ժառանգութեանց տիրացման երթը անբաժանելի մէկ մասնիկն է Հայ Դատին, առանց այս յենարանին ու հիմքերուն, մեր Դատն ալ կը վտանգուի շուտով, ինչպէս որ (նշեցինք արդէն) մաշումի ու վտանգի ենթակայ կը դառնայ մեր հայրենիքը. մինչդեռ, մենք դեռ ունինք անկատար տենչեր, ընդարձակուելու կարօտող հայրենիք…: Երէց սերունդներուն կը մնայ այս ճշմարտութեան իրազեկ դարձնել նորեկներն ու յետնորդները` Հայաստանէն մինչեւ Աւստրալիա ու Ամերիկաներ, մինչեւ Եւրոպա ու Միջին Արեւելք, երիտասարդն ու պատանին ՄԱՍՆԱԿԻՑ դարձնել կորուստներու վերականգնումի երթին:
Այսպիսի դրական ալիքի մը ստեղծումը վստահաբար իր բարերար ազդեցութիւնը պիտի ունենայ ներազգային եւ Հայաստան-Արտերկիր շինծու կամ պարտադրուած հարցերու լուծման վրայ, ամրապնդելով ո՛չ միայն ազգը, այլ նաեւ հայութեան տարբեր հատուածներուն միջեւ կամուրջները, միասնութիւնն ու միասնականութիւնը:
Այս մօտեցումներով է որ մեր աչքերը պիտի սեւեռենք 2015ին ու անկէ անդին: