ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

0 0
Read Time:58 Second

Համազգայինի Արեւելեան Ա.Մ.Ն.ի Շրջանային Վարչութեան նախաձեռնութեամբ եւ Նիւ Ճըրզիի մասնաճիւղի Վարչութեան համագործակցութեամբ՝ Ուրբաթ, Յունիս 26, 2009ի երեկոյեան ժամը  8:00ին, կազմակերպուեցած է հրապարակային բացման հանդիսութիւն, շրջանի Համազգայինի 33րդ ներկայացուցչական ժողովի գումարման առիթով:
Հանդիսութիւնը տեղի պիտի ունենայ Սրբոց Վարդանանց Առաքելական Եկեղեցւոյ կեդրոնին մէջ, հովանաւորութեամբ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան եւ մասնակցութեամբ շրջանի կրօնական, ազգային եւ հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն: Ուրախ ենք նաեւ յայտարարելու, թէ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի դեսպան Արմէն Մարտիրոսեան, իր ներկայութեամբ եւ ողջոյնի խօսքով յաւելեալ շուք պիտի տայ հանդիսութեան:
Բացման հանդիսութեան խօսք պիտի առնեն Կիլիկիոյ Թեմի Առաջնորդ Տէր Օշական Արք. Չոլոյեան, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչը եւ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչ՝ ընկ. Եդուարդ Մսրլեան:
Սիրով կը հրաւիրենք շրջանիս բոլոր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներն ու պատասխանատուները ներկայ գտնուելու սոյն ձեռնարկին: 81ամեայ Համազգայինի մեծ ընտանիքը ուխտած է վճռակամութեամբ ծառայել հայ մշակոյթին եւ հայեցի կրթութեան եւ արժանաւորապէս այդ վառ ջահը փոխանցելու մեր նոր սերունդին, ի փառս հայապահպանման եւ հայ մշակոյթի վերելքին:
Կը խնդրենք, որ մինչեւ Յունիս, 22, 2009, Ձեր ներկայութիւնը տեղեկացնել կազմակերպիչ յանձնախումբին, կապ հաստատելով հետեւեալ թիւին՝ (201) 3909808 եւ (201) 2645618 եւ կամ ելեկտրանամակ առաքել հետեւեալ հասցէներուն՝  Zsetrakian@aol.com  կամ haprahamian@nj.rr.com
»Համազգային«ի Արեւելեան Ա.Մ.Ն.ի
Շրջանային Վարչութիւն

About Post Author

admin

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles