Հայ Դատի յանձնախումբի Ուաշինկթընի կեդրոնական գրասենեակը կը տեղեկացնէ, թէ Միացեալ Նահանգներու մօտ Ատրպէյճանի դեսպանատունը, Երկուշաբթի, Յունիս 15ին ապատեղեկատուական նոր արշաւի մը դիմած է՝ այս անգամ թիրախ ունենալով Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը եւ յատկապէս՝ յանձնախումբին կողմէ անցեալ շաբաթ հրապարակուած այն տեղեկութիւնները, թէ Ուաշինկթըն խախտած է Կովկասեան երկիրներու տրամադրուող օժանդակութեանց հաւասարակշռութիւնը:
»Ատրպէյճանի դեսպան Եաշար Ալիեւ կամ բացայայտ սուտեր կը տարածէ Քոնկրէսի անդամներուն եւ կամ թուաբանական հաշիւներ կատարելու անոր կարողութիւնը Դ. դասարանի աշակերտի մը կարողութեան մակարդակէն վեր չէ բարձրացած«, ըսաւ Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան: Ան աւելցուց, թէ թիւերը շատ յստակ են ու ցոյց կու տան, որ մինչ Հայաստանի համար կ’առաջադրուի օժանդակութիւնները կրճատել 38 տոկոսվ, Ատրպէյճանի համար առաջադրուած է օժանդակութիւնը բարձրացնել քսան տոկոսով, »Հակառակ այն իրողութեան, որ Ատրպէյճան կը շարունակէ շրջափակուած պահել Հայաստանն ու Արցախը, իսկ նախագահ Ալիեւ կը շարունակէ պատերազմի դիմելու սպառնալիքներ կատարել«, եզրակացուց Համբարեան:
Օրին, Հայ Դատի յանձնախումբը քննադատած էր այն իրողութիւնը, ըստ որուն՝ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպմայի կառավարութիւնը առաջադրած է կրճատել Հայաստանի տրամադրուող օժանդակութիւնները, հակառակ այն իրողութեան, որ միեւնոյն ժամանակ առաջարկուած է Ատրպէյճանի ու Վրաստանի տրամադրուող օժանդակութիւնները աւելցնել:
Read Time:51 Second