ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԿԵԱՆՔԸ Հ.Բ.Ը.Մ.Ի ՄԻՇԻԿԸՆԻ ԱԼԵՔ ԵՒ ՄԱՐԻ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԷՆ ՆԵՐՍ
Ալեք եւ Մարի Մանուկեան վարժարանի 2011-2012 կրթական տարին յատկանշուեցաւ աշխուժ արտադասարանային գործունէութեամբ եւ հիւրերու այցելութիւններով:
Կրթական բարձր մակարդակ ապահոված ու շրջանաւարտներու 97 տոկոս համալսարան ընդունման ցուցանիշ ունեցող այս դպրոցին համբաւը, օրէ օր կը տարածուի հայկական եւ ոչ հայկական շրջանակներէն ներս:
Բարեգործականի այս կրթական հաստատութիւնը հպարտօրէն կ՛ուղղուի դէպի նորանոր յաջողութիւններ: Այս ընթացքին ալ, վարժարանի տնօրէնութիւնը, յանձինս միջնակարգի ու նախակրթարանի տնօրէնուհի Օրդ. Տայանա Գըզըլեանի ու երկրորդականի տնօրէն Դոկտ. Յովսէփ Թորոսեանի, զուտ ուսումնական հարցերէն զատ, լրջօրէն կը հետեւի ու կը քաջալերէ արտադասարանային ու հայկական ձեռնարկները, ապահովելով հայեցի դաստիարակութեան բարձր որականիշ:

Ոչ հայ աշակերտներու ներկայութիւնը չարթըրի կարգավիճակ ունեցող եւ Միշիկընի Կեդրոնական Համալսարանի հովանաւորութիւնը վայելող այս վարժարանէն ներս, ալ աւելի կը խթանէ հայկական բաժանմունքի ուսուցիչները հրամցնելու որակաւոր միջոցառումներու շարք մը, որ այս կրթաշրջանին սկսաւ Հոկտեմբեր 27-ի Հայաստանի անկախութեան քսանամեակին ու հայ մշակոյթի պանծացման նուիրուած միջոցառումով: Այդ օր, Նախակրթարանի աշակերտները արտասանութիւններով ու երգերով` բառաբանեցին Հայաստանն ու հայ մշակոյթը: Անշուշտ օրուան սպասուած համարը, Յովհաննէս Թումանեանի “Անխելք Մարդը“ պատմուածքին հիման վրայ կատարուած եւ հայ դասական երաժշտութեամբ բարեխառնուած հինգերորդ դասարանի աշակերտներուն ներկայացումն էր, որ մտայղացումն էր դպրոցիս հայկական բաժանմունքի պատասխանատու Պրն. Սեպուհ Աւետիքեանին:
Կէսօրէ ետք, այս անգամ միջնակարգի ու երկրորդականի աշակերտները հաւաքուած էին դպրոցի սրահը: Հանդիսութիւնը սկսաւ Վահագնի ծնունդով ու Արամ Խաչատուրեանի “Գայանէ“ պալէի երաժշտութեամբ, որուն հետեւեցաւ անգլերէն ու հայերէն լեզուներով բացման խօսքերը, ինչպէս նաեւ երաժշտական համադրումով արտասանութիւնները Պարոյր Սեւակէն ու Սայաթ Նովայէն: Ապա աշակերտները հպարտութեամբ դիտեցին Երեւանի, Հանրապետութեան Հրապարակի, Սեպտեմբեր 21-ի ռազմական շքերթէն տեսարաններ: Ինգա եւ Անուշ քոյրերու Հայաստանի անկախութեան նուիրուած տեսահոլովակի ցուցադրութենէն ետք, խօսքը տրուեցաւ Մանուկեան վարժարանի հոգաբարձութեան փոխ-ատենապետ Տիար Երուանդ Ազատեանին, որ իր հասարակական ու քաղաքական գործունէութեամբ ականատես դարձեր ու մասնակցեր էր Հայաստանի անկախութեան կերտման գործընթացին:
Հանդիսութիւնը վերջ գտաւ հայերէն լեզուի ուսուցչուհի Տիկ. Ա. Թումաճեանի պատրաստած բանաստեղծական համադրումի ներկայացմամբ, միջնակարգի ու երկրորդականի աշակերտներու կատարումով:
Յաջորդ միջոցառումը պատմաբան դոկտ. Ճորճ Պուռնութեանի դպրոց այցելութիւնն էր Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 2, 2011-ին:
Դոկտ. Պուռնութեան գաղութիս կազմակերպութիւններու հրաւէրով Միշիկըն կ՛այցելէր ներկայացնելու վերջերս անգլերէն լեզուով իր հրատարակած աշխատութիւնը` Ղարաբաղի բնակչութեան 1823 թուականի Ռուսական վիճակագրական տուեալներու մասին:
Դպրոցի 11-րդ եւ 12-րդ դասարանի աշակերտները տնօրէն Դոկտ. Յ. Թորոսեանի, Պրն. Ս. Աւետիքեանի, ինչպէս նաեւ երկրորդականի աւագ ուսուցչուհի Տիկ. Ճուտիթ Գատրիի ներկայութեան, ջերմապէս ողջունեցին գիտնականը, որուն հայոց պատմութեան նուիրուած երկհատորեակը կը գործածէին անոնք որպէս դասագիրք: Դոկտ. Պուռնութեան հաճելի ոճով մը անդրադարձաւ Ղարաբաղի ներկայ ու անցեալ պատմութեան: Ան ներկայացուց իր փաստարկները, ուր անվերապահօրէն կը հաստատուէր թէ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան 95 տոկոսը 1823-ին, ինչպէս նաեւ 1823-ին, կը բաղկանար հայերէ: Դոկտ. Պուռնութեան իր հակիրճ դասախօսութենէն վերջ պատասխանեց աշակերտներու հարցերուն. ան մեծապէս տպաւորուած էր յատկապէս անոնց հայկական հարցերու իրազեկութենէն: Դոկտ. Պուռնութեան շնորհաւորեց դպրոցի տնօրէնն ու հայկական բաժանմունքի պատասխանատուն բազմակողմանի զարգացած աշակերտներ պատրաստելու համար:
Դասախօսութեան աւարտին Դոկտ. Պուռնութեան շրջեցաւ վարժարանէն ներս եւ այցելեց դասարանները. ան իր գոհունակութիւնը արտայայտեց ի տես դպրոցի բարեկարգ վիճակին:
Դպրոցական յաջորդ ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 7, 2011-ին: Այդ օր, դպրոց հրաւիրուած էր Grandma՛s Tattoos վաւերագրական ժապաւէնի հեղինակ ու ֆիլմարտադրիչ Սիւզան Խարտալեանը, որ Միշիկըն կը գտնուէր Միշիկընի Տիրպորնի համալսարանի հայկական բաժանմունքի հրաւէրով:
Երկրորդականի աշակերտները հանդիսասրահ հաւաքուեցան կէսօրէ ետք ժամը 2-ին եւ Պրն. Ս. Աւետիքեանի բացման խօսքէն ետք մեծ ուշադրութեամբ դիտեցին վաւերագրական ժապաւէնը, որուն հետեւեցաւ հարց ու պատասխանը:
Տիկ. Խարտալեան մանրամասն պատմեց այս նիւթով ֆիլմի պատրաստութեան գաղափարի յղացման ու ժապաւէնի ստեղծման գործընթացին մասին: Միջոցառումը աւարտեցաւ երկրորդականի տնօրէն Դոկտ. Թորոսեանի փակման խօսքով, ուր ան շնորհակալութիւն յայտնեց Տիկ. Խարտալեանին իր այս հոյակապ գործին համար եւ շեշտեց թէ կարիքը կայ այսպիսի վաւերագրական ժապաւէններու ստեղծման ու տարածման, որպէսզի մինչեւ Եղեռնի հարիւրամեակ, լաւագոյնս կարենանք ներկայացնել Հայոց Ցեղասպանութեան մանրամասներն ու տարբեր երեսակները:
Ի վերջոյ դպրոցական արտադասարանային ձեռնարկներու ամփոփումը կատարուեցաւ Ուրբաթ, Դեկտ. 9-ին, ուր 12-րդ դասարանի աշակերտները գլխաւորութեամբ իրենց դաստիարակներ ՊՊ. Աւետիքեանին եւ Մոլին, ինչպէս նաեւ ընկերակցութեամբ վարժարանի արուեստի ուսուցչուհի Օրդ. Կուէյնային, այցելեցին Տիթրոյթի Արուեստներու Թանգարանը, ըմբոշխնելու հռչակաւոր գեղանկարիչ Րէմպրանտի ցուցահանդէսը: Այն ամբողջովին նուիրուած էր Աստուածաշունչի տարբեր դրուագներուն:
Այսպիսով Մանուկեան վարժարանը իր երկու տնօրէններուն` Օրդ. Տայանա Գըզըլեանի ու Դոկտ. Յովսէփ Թորոսեանի գլխաւորութեամբ, լաւատեսութեամբ կը դիմաւորէ 2012 տարին: Տնօրէնները, վարժարանի ուսուցչական կազմին ու հոգաբարձութեան ու բարեկամներուն համար Նոր Տարուայ առիթով տրուած ճաշկերոյթին, իրենց բարի գալուստի խօսքին մէջ շեշտեցին, որ Մանուկեան վարժարանի յաջողութիւններուն համար նախ եւ առաջ պարտական կը մնանք բարերար եւ դպրոցի հիմնադիր Ալեք եւ Մարի Մանուկեաններուն, ինչպէս նաեւ անոնց արժանաւոր զաւակներ` Ռիչըրտին ու Լուիզին, որոնց անվերապահ նիւթական թէ բարոյական նեցուկով ալ կը շարունակուի հայկական այս կրթական հաստատութեան յաղթական երթը:
Թղթակից