Գլխաւոր

ՏԻԹՐՈՅԹԻ ՀԱՅ ԿԵԴ­ՐՈ­ՆԻ ՊԱՐ­ՏԱ­ՄՈՒՐ­ՀԱՐ­ԿԻ ՇԻՋ­ՄԱՆ ՅԱՆՁ­ՆԱ­ԽՈՒՄ­ԲԻ ԱՆ­ԴԱՄ­ՆԵ­ՐՈՒ ԳՆԱ­ՀԱ­ՏԱ­Գ­ՐԻ ՏՈՒ­ՉՈՒ­ԹԻՒՆ

Ձախէն աջ` ընկ. Զօհրապ Թազեան, Տէր Կորիւն Ա. քհնյ. Շրիգեան եւ ընկհ. Անժէլ Մանուկեան

Տիթ­րո­յթի Հայ Կեդ­րո­նի խնա­մա­կա­լու­թիւնը այս տարի գե­ղե­ցիկ գա­ղա­փար մը յղա­ցաւ, Հ.Յ.Դաշ­նակ­ցու­թեան հիմ­նադ­րու­թեան տա­րե­դար­ձի տօ­նա­կա­տա­րու­թեան աւար­տին գնա­հա­տագ­րով պատ­ուել ու իր երախ­տա­գի­տու­թիւնը յայտ­նել 1981-եւ1987-ի, պար­տա­մուր­հար­կի շիջ­ման յանձ­նա­խում­բի ան­դամ­նե­րուն:

Եր­կու հանգր­ուան­նե­րու յանձ­նա­խում­բի նա­պա­գահ Արժպ. Տոքթ. Տ. Կո­րիւն Աւգ. Քհնյ. Շրիգ­եան եւ ժրա­ջան քար­տու­ղա­րու­հի ընկհ. Ան­ժէլ Մա­նուկ­եան, միա­ս­նա­բար գոր­ծակ­ցե­լով կա­տա­րած իրենց վար­չա­կան կա­րո­ղու­թեամբ, բծախնդ­իր աշա­տան­քով, առանց ընկր­կե­լու հա­ւա­տա­ցին իրենց վստահ­ուած առա­քե­լու­թեան, զայն յա­ջո­ղա­պէս կրցան իր աւար­տին հասց­նել:

Րաֆ­ֆի Ուրլ­եան Հայ Կեդ­րո­նի խնա­մա­կա­լու­թեան եւ ան­դամ­նե­րու կող­մէ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նելէ ետք, յայտ­նեց.- Ու­րախ ենք որ ըն­դա­ռա­ջե­լով մեր հրա­ւէ­րին ձեր ըն­տանե­կան պա­րա­գա­նե­րով եւ բա­րե­կամ­նե­րով ներ­կայ էք անոնց հետ կի­սե­լու իրենց ու­րա­խու­թիւնը: Այս­տեղ կ՛ու­զեմ շեշ­տել հե­տեւ­եալ ճշմար­տու­թիւնը: Որով­հե­տեւ առանց ձեր յա­րա­տեւ եւ անն­կուն աշ­խա­տան­քին, մենք սե­փա­կա­նա­տէ­րը պի­տի չկա­րե­նա­յինք ըլ­լալ այս գե­ղե­ցիկ Հայ Կեդ­րո­նին, եւ ոչ ալ նա­խան­ձե­լի գու­մա­րին որուն շնոր­հիւ յա­ռաջի­կայ օրե­րուն տէ­րը պի­տի դառ­նանք Նո­վա քա­ղա­քի մէջ, ճամ­բա­նե­րու յար­մա­րու­թիւն­նե­րով 31-էքր տա­րա­ծութեամբ պատ­կա­ռե­լի ու գե­ղե­ցիկ հո­ղա­շեր­տի մը, որուն վրայ մտադ­րած ենք յա­ռա­ջի­կա­յին դարձ­եալ ձեր բա­րո­յա­կան եւ նիւ­թա­կան աջակ­ցու­թեամբ ներ­կայ եւ յա­ռա­ջի­կայ սե­րուն­դին հա­մար կա­ռու­ցել սերտ­ուած, ու­սում­նա­սիր­ուած, գե­ղե­ցիկ արդ­ի­ա­կան Հայ Կեդ­րոն մը իր են­թա­բա­ժին­նե­րով, փակ եւ բա­ցօդ­եայ մար­զա­դաշ­տե­րով, ակում­բով եւ յա­րա­կից մա­սե­րով, որոնց կող­քին պի­տի կա­ռուց­ուի մեր հա­ւատ­քի միջ­նա­բերդ հան­դի­սա­ցող եկե­ղե­ցի մը:

Այ­նու­հե­տեւ Ուրլ­եան հա­մա­ռօտ գի­ծե­րու մէջ անդ­րա­դար­ձաւ ընկհ. Ան­ժէլ Մա­նուկ­եանի հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծու­նէ­ու­թեան, որ­մէ ետք ըսաւ.-Թէ­եւ ընկհ. Մա­նուկ­եան ներ­կա­յիս չ՛ապ­րիր Տիթ­րոյթ, սա­կայն, այ­սօր իր ներ­կա­յու­թիւնը մեր մէջ կը բա­ցա­յայ­տէ իր տա­ծած  սէ­րը ու գուր­գու­րան­քը: Ան, միշտ հոգի­ով ու մտքով  ներ­կայ է մեր մէջ: Երբ պէտ­քը ու­նե­ցած ենք իր օգ­նու­թեան, գի­տա­կից կու­սակ­ցա­կա­նի մը կո­չու­մին իր կա­րե­լիու­թեան սահ­ման­նե­րուն մէջ միշտ օժա­նդա­կած եւ ձեռք եր­կա­րած է անոր յա­ջո­ղու­թեան: Յատ­կա­պէս` եր­կու հանգր­ուան­նե­րուն որ­պէս քար­տու­ղա­րու­հի իր վաս­տա­կը մեծ եղաւ Հայ Կեդ­րո­նի պար­տա­մուր­հար­կի այր­ման գոր­ծըն­թաց­քին : Ինչ­պէս նա­եւ 1988-ին, Հա­յաս­տա­նի մէջ պա­տա­հած երկ­րա­շար­ժի մեծ աղէ­տին, Երէց­կին Ար­փի­նէ Շրիգ­եա­նի հետ որ­պէս Հ.Օ.Մ.-ու­հի մեծ եղաւ իր ներդ­րու­մը աղէտ­եալ­նե­րու օգ­նու­թեան գոր­ծին“:

Ապա. Ուրլ­եան Հայ Կեդ­րո­նի խնա­մա­կա­լու­թեան եւ Հ.Յ.Դաշ­նակ­ցու­թեան “Ազա­տա­մարտ“ կո­մի­տէ­ու­թեան կող­մէ պատ­րաստ­ուած յա­տուկ գնա­հա­տա­գիր­ներ յանձ­նեց պար­տա­մուր­հա­կի այր­ման զոյգ տա­րեշր­ջան­նե­րու յանձ­նա­խում­բի ան­դամնե­րուն.-   Արժպ. Տոքթ. Տ. Կո­րիւն Աւագ. Քհնյ. Շրիգ­եան, ընկ. եւ ընկհ. Ան­ժէլ Մա­նուկ­եան, Ազա­տու­հի Վար­դան­եան, Սիր­վարդ Թել­պէլ­եան, Մայքլ Յա­կոբ­եան, Յո­վա­կիմ Մա­նուկ­եան, Սար­գիս Գա­սա­ման­եան, Յա­կոբ Տէ­միրճ­եան, Ման­ուէլ Գարճ­եան, Մա­նուկ Տէր Յո­վա­կիմեան, Ար­մէն Թօ­փուզ­եան, Գա­րո­լին Արս­լան­եան, Սի­նա Գա­ճօ­եան, Վա­նու­հի Մու­րատ­եան, Նա­թա­լի Փա­փազ­եան, Ալ­պըրթ Սար­գիս­եան, Արա Ղա­րիպ­եան, Լէ­րի Աւե­տիս­եան, Կա­րա­պետ Տա­րագճ­եան, Պետ­րոս Աւետ­եան: Պատո­ւոյ ան­դամ­ներ.- Մայքլ Ատ­րէյ եւ Միլ­թըն Մրճոյ­եան:

Հան­գուց­եալ­ներ.- Երեց­կին Ար­փի­նէ Շրիգ­եան, Վա­նի­թա Պար­տիզ­պան­եան, Յով­հան­նէս Մամբ­րէ­եան, Մու­րատ Պաղ­տա­սար­եան եւ Էտուրտ Կօ­փոյ­եան :

 

 

 

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button