Յօդուածներ

ԱԿ­ՆԱՐԿ.- “ԱՐ­ԴԱ­ՐՈՒ­ԹԻՒՆ“Ը ՆԱ­ԽԱ­ԳԱ­ՀՈՒ­ԹԵԱՆ ԹԵԿ­ՆԱ­ԾՈՒ ՄԸ ՈՒ­ՆԻ. ՌԱ­ՔԻ ԷՆ­ՏԸՐ­ՍԸՆ

Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու նա­խա­գա­հա­կան ընտ­րա­պայ­քա­րի եր­կին­քին վրայ նոր աստղ մը ծնաւ քա­նի մը օր առաջ. Սոլթ Լէյք Սիթիի նախ­կին քա­ղա­քա­պետ, նախ­կին դե­մոկ­րատ Ռա­քի Էն­տըր­սըն հրա­պա­րակ եկաւ եր­կու ու­շագ­րաւ յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րով. առա­ջին` կը հիմ­նէ “Ար­դա­րու­թիւն“ անու­նով կու­սակ­ցու­թիւն մը, երկ­րորդ, այս կու­սակ­ցու­թեան տոմ­սով թեկ­նա­ծու պի­տի ներ­կա­յա­նայ նա­խա­գա­հու­թեան, իսկ մին­չեւ ընտ­րու­թիւն­ներ, իր ծրա­գիր­նե­րը պի­տի տա­րա­ծէ բո­լոր նա­հանգ­նե­րուն մէջ:

Քա­նի մը բա­ռով. Էն­տըր­սըն Սոլթ Լէյք Սիթիի քա­ղա­քա­պետն էր 2000էն 2008, ան­դամ էր Դե­մոկ­րատ կու­սակ­ցու­թեան, 90ական տա­րի­նե­րուն փոր­ձած է խորհր­դա­րան մտնել դե­մոկ­րատ­նե­րու շո­գե­կառ­քով, բայց ձա­խո­ղած է: Հի­մա, նոր դրօ­շա­կով մը հրա­պա­րակ կու գայ, յայ­տա­րա­րե­լով, որ “զզուած է“ ամե­րիկ­եան քա­ղա­քա­կան կեան­քը մե­նաշ­նոր­հի վե­րա­ծած եր­կու կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րուն վար­մուն­քէն, աս­պա­րէզ կ՛իջ­նէ իբ­րեւ մի­ջին դա­սա­կար­գի շա­հե­րուն պաշտ­պա­նը, հալ­չող այս դա­սա­կար­գը վե­րա­կանգ­նե­լու առա­ջադ­րան­քով:

Այն պա­հուն, երբ հան­րա­պե­տա­կան թեկ­նա­ծու­ներ ամիս­նե­րէ ի վեր պատ­կե­րասփռ­ուած բե­մադ­րու­թիւն­նե­րով հրա­պա­րա­կը գրա­ւած են մեծ աղ­մու­կով, զի­րար չէ­զո­քաց­նե­լու մո­լուց­քով ու նա­խա­գահ Օպա­ման պատ­մու­թեան ան­ցը­նե­լու դի­տա­ւո­րու­թեամբ, ահա այդ աղ­մու­կը կը խզուի պահ մը, Էն­տըր­սը­նի թեկ­նա­ծու­թեան հրա­պա­րա­կու­մով, առա­ջադ­րանք` որ տա­կա­ւին չէ մտած զանգ­ուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան կրկէ­սէն ներս, սա­կայն վա­ղը-միւս օր կրնայ աւե­լի ու­ժեղ ձայ­նով ար­ձա­գանգ գտնել հոն, եթէ լրա­տու աղ­բիւր­նե­րու տէ­րե­րը ար­տօ­նեն:

Ին­չո՞ւ թեկ­նա­ծու կը ներ­կա­յա­նայ Էն­տըր­սըն:

Նշե­ցինք. ան զզուած է դե­մոկ­րատ­նե­րու եւ հան­րա­պե­տա­կան­նե­րու մե­նա­տի­րու­թե­նէն, զա­նոնք իրար­մէ տար­բեր չի տես­ներ, կը հա­ւա­տայ, որ եր­կուքն ալ լծուած են մեծ ըն­կե­րու­թիւն­նե­րու սայ­լին, կը պաշտ­պա­նեն փոք­րա­թիւ մե­նաշ­նորհ­եալ­նե­րու շա­հե­րը. փո­խա­նակ ժո­ղո­վուր­դի զանգ­ուած­նե­րուն շա­հե­րը հո­գա­լու` աւե­լի եւս կ՛ամ­րապն­դեն զէն­քի, քա­րիւ­ղի, ապա­հո­վագ­րու­թեան ու նմա­նօ­րի­նակ հսկա­յա­կան ըն­կե­րու­թիւն­նե­րու շա­հե­րը, առիթ կու տան, որ շա­հա­տուրք վճա­րե­լու կա­րո­ղու­թիւնը ու­նե­ցող հա­րուստ­ներ խու­սա­փին վճա­րե­լէ, հա­ւա­սա­րա­պէս մեղ­սա­կից են` կա­շա­ռա­կե­րու­թեան ու փտա­ծու­թեան ալի­քին բարձ­րաց­ման մէջ, կը սպառ­նան ժո­ղո­վուր­դի ըն­կե­րա­յին ար­դար իրա­ւուք­նե­րուն` առող­ջա­պա­հա­կան խնամ­քի ու նման իրա­ւունք­նե­րու կրճատ­ման, ջլատ­ման (եւ մա­սամբ նո­րին): Ան նման նա­հանջ­նե­րու գլխա­ւոր պա­տաս­խա­նա­տուն կը նկա­տէ հան­րա­պե­տա­կան­նե­րը, սա­կայն նա­եւ բա­ռե­րը չի ծամծ­մեր նա­խա­գահ Օպա­ման ամ­բաս­տա­նե­լու իբ­րեւ խոստմ­նադ­րուժ, ծե­րա­կոյ­տի ու նա­խա­գա­հու­թեան թեկ­նա­ծու­թեան իր յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րէն ետ­դարձ կա­տա­րած ըլ­լա­լու եւ իր ընտ­րա­պայ­քա­րը ֆի­նան­սա­ւորող­նե­րու շա­հե­րուն պաշտ­պա­նին վե­րած­ուած ըլ­լա­լու յան­ցանք­նե­րով: Ան կ՛ըսէ, որ ինք “եր­րորդ կու­սակ­ցու­թեան“ մը թեկ­նա­ծուն չէ, այլ` երկ­րոր­դի մը, որով­հե­տեւ տի­րա­պե­տող զոյ­գը կը նկա­տէ իրո­ղա­պէս մի­ա­ձուլ­ուած:

Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու պատ­մու­թեան մէջ, “եր­րորդ կու­սակ­ցու­թեան“ մը կամ հան­րա­պե­տա­կան­նե­րէ ու դե­մոկ­րատ­նե­րէ այլ հո­սան­քի մը նմա­նօ­րի­նակ սխրան­քը ան­նա­խըն­թաց երե­ւոյթ չէ. մօ­տիկ անց­եա­լին, Ռոս Փե­րօ եւ Ռալֆ Նա­տէր փոր­ձած են խզել “մե­նա­տի­րու­թիւնը“, սա­կայն ար­դիւնքն ու հե­տե­ւող մեկ­նա­բա­նու­թիւն­նե­րը ծա­նօթ են: Հի­մա, կար­գը եկած է Ռա­քի Էն­տըր­սը­նի, որ հա­զիւ իր առա­ջադ­րանք­նե­րը յայ­տա­րա­րած` ար­դէն քննա­դա­տու­թիւն­նե­րու թի­րախ դար­ձած է յատ­կա­պէս դե­մոկ­րատ­նե­րու կող­մէ, որոնք անոր թեկ­նա­ծու­թեան մէջ կը տես­նեն իրենց վե­րա­պահ­ուած քուէ­նե­րու “գո­ղու­թիւն“ եւ հան­րա­պե­տա­կան­նե­րու ջա­ղաց­քին բեր­ուե­լիք ջուր:

“Ար­դա­րու­թիւն“ կու­սակ­ցու­թիւնը կրնա՞յ ճամ­բայ կտրել: Ի՞նչ հո­րի­զոն­ներ կը պարզ­ուին Էն­տըր­սը­նի մը թեկ­նա­ծու­թեան դի­մաց, երբ մէկ կող­մէ, ընտ­րա­պայ­քար­նե­րը կը տնօ­րին­ուին ու կը վճռուին մեծ գու­մար­նե­րով, իսկ միւս կող­մէ, հարս­տու­թեան կու­տա­կու­մի կեդ­րոն եղող ըն­կե­րու­թիւն­ներ ու կեդ­րոն­ներ ամիս­նե­րէ ի վեր թի­րախ են ընդվ­զու­մի ցոյ­ցե­րու (որոնք յա­մե­նայն­դէպս հա­սած են զսպու­մի ու ջախ­ջա­խու­մի փու­լին):

Մին­չեւ իսկ կա­րե­լի է դնել հե­տեւ­եալ հար­ցու­մը. ազ­նիւ նպա­տակ­նե­րով ճամ­բայ ել­լող թեկ­նա­ծու մը, վա­ղը, (պահ մը են­թադ­րենք թէ) ընտր­ուե­լու պա­րա­գա­յին, ինչ­պի­սի՞ կաշ­կան­դում­նե­րու եւ ճնշում­նե­րու են­թա­կայ պի­տի դառ­նայ եւ որ­քա­նո՞վ պի­տի պահ­պա­նէ իր այ­սօր­ուան դիր­քը (Օպա­մա­յի շրջա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն ծա­նօթ ենք, ու ան մի­ա­կը չէր, ան­նա­խըն­թաց ալ չէ): Վեր­ջա­պէս, նման խի­զա­խում արդ­եօք կրնա՞յ աւե­լի կամ նուազ չա­փով ազ­դե­ցու­թիւն ու­նե­նալ ընդ­հա­նուր ուղ­ղու­թեան վրայ եւ վե­րած­ուիլ բա­րեշր­ջող գոր­ծօ­նի:

Բաղ­ձանք­նե­րը ար­գիլ­ուած չեն: Սա­կայն հար­ցա­կան է թէ քու­է­ար­կո­ղը նա­խընտ­րու­թիւն պի­տի տա՞յ նման նո­րե­կի մը, որ կ՛ըսէ, թէ ժո­ղո­վուր­դը վեր­ջին ընտ­րու­թիւն­նե­րուն քուէ կու տայ… ընդ­դէմ իր շա­հե­րուն: Տա­կա­ւին, “Ար­դա­րու­թիւն“ն ու իր թեկ­նա­ծուն պի­տի յա­ջո­ղի՞ն հոն` ուր Քու­սի­նիչ­ներ, Սէն­տըրզ­ներ ու Նա­տէր­ներ ան­խոր­տա­կե­լի պա­տի առ­ջեւ գտած են իրենք զի­րենք:

Աղա­ղա­կող ու ցաւց­նող ճշմար­տու­թիւն­ներ բա­ցա­յայ­տե­լը բա­ւա­րար չէ. պէտք է մտա­ծել ու աշ­խա­տիլ, որ նոյ­նինքն Մի­աց­եալ Նա­հանգ­ներ ապ­րի “գա­րուն“ մը, որով­հե­տեւ նման բա­րեշր­ջում բա­րե­րար ազ­դե­ցու­թիւն պի­տի ու­նե­նայ աշ­խար­հի այլ գօ­տի­նե­րու վրայ, ան­տա­րա­կոյս:

Ու­րեմն, սպա­սենք մեծ բե­մադ­րու­թեան փոքր արար­նե­րուն զար­գաց­ման:

Ս. ՄԱՀՍԵՐԷՃԵԱՆ

Դեկ­տեմ­բեր 13, 2011

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button