Լրահոս

ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԸ ՈՐԴԵԳՐԵՑ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ժԽՏՈՒՄԸ ՔՐԷԱԿԱՆԱՑՆՈՂ ՕՐԻՆԱԳԻԾԸ

ՓԱՐԻԶ.- Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 22-ին, Ֆրանսայի Ազգային ժողովը որդեգրեց Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը, որուն համաձայն, Ֆրանսայի մէջ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ժխտողներուն, մինչեւ մէկ տարուան բանտարկութիւն կը սպառնայ…նաեւ 45 հազար եուրոյի տուգանք: 

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 21ին, Ֆրանսայի կառավարութեան եւրոպական հարցերով նախարար Ժան Լէոնեթի կոչ ուղղած էր Թուրքիոյ` ճանչնալու Հայկական Ցեղասպանութիւնը եւ դէմ յանդիման գալու իր սեփական պատմութեան հետ: Ան նշած էր, թէ Թուրքիա պէտք է պատմական փաստ համարէ 20-րդ դարու սկիզբը Օսմանեան կայսրութեան մէջ կատարուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Անդրադառնալով այն խօսակցութիւններուն, թէ Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացման համար քրէական պատասխանատուութիւն նախատեսող օրինագծի ընդունման նախաձեռնուած է իշխող կուսակցութեան կողմէ` ֆրանսահայերուն քուէները ապահովելու նպատակով` Ժան Լէոնեթի հարցուցած է, թէ այդ պարագային ինչո՞ւ նաեւ ընդդիմութիւնը կ՛աջակցի այդ օրինագիծին:

``Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծին նպատակը մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութիւնն է եւ ոչ թէ` որեւէ երկրի մը դէմ պատժական քայլեր առնելը: Զարմանալի է եւ անհասկնալի…Ես ցնցուած եմ օրինագիծին դէմ թրքական կողմի ձեռնարկած գործողութիւններով: Կը թուի, թէ ներկայիս Թուրքիոյ դիւանագիտութիւնը հիմնուած է սպառնալիքներու վրայ, ինչ որ հինցած աշխատելաձեւ մըն է ներկայ դիւանագիտութեան մէջ: Թուրքիոյ վերջին քայլերը Ֆրանսայի քաղաքականութեան միջամտելու համազօր քայլեր են: Անոնք կրնան միայն ամրապնդել օրինագիծի վաւերացման շուրջ խորհրդարանականներուն կարծիքներն ու կամքը…`` ըսաւ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը, խորհրդարանին ներկայացուցած պատգամաւոր Վալերի Պուայէ:

“Ժողովուրդները պէտք է համարձակ ըլլան եւ ընդունին իրենց պատմութիւնը: Արդէն հարիւր տարի անցած է Հայոց Ցեղասպանութենէն. պատասխանատուները մահացած են եւ պարզապէս կը մնայ ընդունիլ սեփական պատմութիւնը: Արդեօք մեծ ազգերը չե՞ն, որոնք կարող են համարձակութեամբ նայիլ սեփական պատմութեան“, եզրակացուցած էր Լէոնեթի:

Ընդդիմադիր Ընկերվարական կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան նախագահ Ժան Մարք Այրօ, իր կարգին յայտարարած էր, թէ այս օրինագիծի վաւերացումով, Ֆրանսա երբեք նպատակ չունի հարուածել Թուրքիան, այլ կ՛ուզէ ուղղել պատմական սխալ մը:

Այլ պատգամաւոր մը` Էրիք Սիոթի յայտնած էր.- թէ Ֆրանսա ժողովրդավար երկիր է եւ կարիքը չունի ուրիշ երկիրի մը խորհուրդներուն: Ան հաստատած էր թէ Փարիզի համար որեւէ սպառնալիք ընդունելի չէ: 

Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողան յայտարարեց, որ Թուրքիա որոշած է Ֆրանսայի հետ իր քաղաքական, տնտեսական եւ զինուորական բոլոր ժողովները ջնջել, պաշտօնական հաղորդակցութիւնը դադրեցնել եւ զինուորական համաձայնագիրները սառեցնել: Ան ըսաւ, որ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի որդեգրման որոշումը Ֆրանսայի հետ յարաբերութեան մէջ դժուար բուժելի վէրք մը պիտի բանայ, եւ ցեղապաշտական ու խտրականութեան հիմամբ կատարուած է:

Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց յայտնեց, որ այս օրինագիծի որդեգրումը թուրք ժողովուրդին նկատմամբ անարգանք է: Անդրադառնալով Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզիի` իր թուրք պաշտօնակից Ապտիւլլա Կիւլի հեռաձայնի զանգերուն պատասխանել մերժելու կեցուածքին` Տաւութօղլու նշեց, որ “քաղաքակիրթ աշխարհի մը մէջ կ՛ապրինք, եւ նոյնիսկ պատերազմի կացութեան մէջ կարելի է տեսակէտ փոխանակել»: «Այս հեռաձայնի զանգերուն պատասխանելու իրենց մերժումը ցոյց կու տայ, թէ մեզի ոչինչ ունին ըսելիք“: Օրինագիծի որդեգրումէն ետք, Անգարա Ֆրանսայի մէջ իր դեսպան Թահսին Պուրճուօղլուն տուն կանչեց: Ըստ թրքական աղբիւրներու« այդ քայլը ժամանակաւոր է:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա., նամակ մը հղեց Ֆրանսայի նախագահ Սարքոզիին, յայտնելով.- “Որպէս Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, յատուկ ուրախութեամբ կ՛ողջունեմ Ֆրանսայի Խորհրդարանին առած վերջին որոշումը` Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը վաւերացնող: Կ՛ողջունեմ նաեւ Ձեր վերջին յայտարարութիւնը Երեւանի մէջ, ուր դուք անգամ մը եւս արտայայտեցիք ֆրանսացի ժողովուրդին յստակ ու ամուր կեցուածքը հայոց ցեղասպանութեան պատմական իրողութեան մասին: …Ֆրանսան մարդկային արժէքներու եւ մարդկային իրաւանց  եւ արդարութեան նկատմամբ իր ունեցած հաւատարմութեամբ ու յանձնառութեամբ կը մնայ տիպար այն բոլոր երկիրներուն համար, որոնք տակաւին կը փորձեն ուրանալ հայոց ցեղասպանութիւնը: Ժխտողական վերաբերումը այս պատմական իրողութեան նկատմամբ, պատճառ կրնայ հանդիսանալ նոր ցեղասպանութիւններու: Հետեւաբար, միջազգային համայնքը աւելի լուրջ մօտեցում պէտք է որդեգրէ Հայոց Ցեղասպանութեան գծով, որ կը շարունակէ մնալ անպատիժ: Ձեր եւ Ֆրանսային դիրքը, Պրն. Նախագահ, Հայոց Ցեղասպանութեան նկատմամբ կը մարմնացնէ Ֆրանսայի եզակի դերը միջազգային համայնքէն ներս` ի պաշտպանութիւն մարդկային իրաւունքներու: Հաճեցէք, Պրն. Նախագահ, ընդունիլ հայ ժողովուրդին եւ անձնապէս Մեր խոր շնորհակալութիւնը Ֆրանսայի ժողովուրդին ու ֆրանսական պետութեան որդեգրած այս քաջ կեցուածքին համար“: 

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button