ԴԵՍՊԱՆ ԵՈՎԱՆՈՎԻՉ ՊԻՏԻ ՏԵՍԱԿՑԻ ԱՄԵՐԻԿԱՀԱՅ ԳԱՂՈՒԹԻՆ ՀԵՏ
Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մարի Եովանովիչ պիտի այցելէ Ամերիկահայ կարգ մը հայահոծ գաղութներ: Այցելութիւնը պիտի սկսի այսօր, Մասաչուսէցի մէջ եւ աւարտի Յունիս 30ին, Ուաշինկթընի մէջ:
Եովանովիչ պիտի այցելէ չորս քաղաքներ՝ Պոսթըն, Նիւ Եորք, Լոս Անճելըս եւ Ուաշինկթըն: Այսօր Յունիս 19, 2009ին, Արլինկթընի Հայ Մշակութային Կեդրոնին (Armenian Cultural Foundation, 441 Mystic Street, Arlington, MA 02474) մէջ, ան պիտի տեսակցի Պոսթընի գաղութին հետ, երեկոյեան ժամը 7:00էն սկսեալ: Ապա, Երկուշաբթի Յունիս 22ին, Եովանովիչ Էջմիածնական թեմի Առաջնորդարանէն (Diocese of the Armenian Church Haik and Alice Kavookjian Hall 630 Second Avenue, New York, NY 10016) ներս պիտի տեսակցի Նիւ Եորքի գաղութին հետ, երեկոյեան ժամը 7:00էն սկսեալ:
Դեսպան Եովանովիչի պատուիրակութիւնը պիտի մեկնի Քալիֆորնիա եւ պիտի տեսակցի Լոս Անճելըսւ հայահոծ գաղութին հետ: Առաջին տեսակցութիւնը տեղի պիտի ունենայ, Հինգշաբթի Յունիս 25ին, Ա.Մ.Ն. Արեւմտեան Շրջանի Էջմիածնական թեմէն (Western Diocese of the Armenian Church 3325 N. Glenoaks Blvd., Burbank, CA 91504) ներս, երեկոյեան ժամը 7:30էն սկսեալ: Օր մը ետք, Յունիս 26ին, նմանօրինակ տեսակցութիւն մը պիտի կատարուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ա.Մ.Ն. Արեւմտեան շրջանի Առաջնորդարանէն (Western Prelacy of the Armenian Church 6252 Honolulu Avenue, La Crescenta, CA 91214) ներս, երեկոյեան ժամը 7:30էն սկսեալ:
Ապա Եովանովիչ պիտի վերադառնայ Ա.Մ.Ն. Արեւելեան շրջան եւ տեսակցի Ուաշինկթընի գաղութին հետ, Յունիս 30ին ժամը 12:30էն սկսեալ, վայր՝ Library of Congress, Mumford Room 1st Street SE, Washington D.C. 20543:
Եովանովիչ իր պաշտօնական պարտականութիւնները ստանձնած էր, անցեալ տարի, հաւատարմագրերը յանձնելէ ետք: Նշենք թէ Եովանովիչի թեկնածութիւնը առաջադրած էր Ճորճ Պուշի վարչակազմը անցեալ Մարտին: Ծերակոյտը հաւանութիւն տուած էր Օգոստոս 1, 2008ին:
Մինչեւ այս նոր նշանակումը, Եովանովիչ 20052008 թուականներուն եղած էր Միացեալ Նահանգներու դեսպան՝ Խըրխըզիստանի մէջ: