Յօդուածներ

ՖՐԱՆՍԱՀԱՅ ԿԵԱՆՔ.- ՎԻԳԷՆԻՆ ՄԱՏՈՒՑՈՒՄՆԵՐԸ «ԱՐԱՐԱՏ» ՊԱՐԱԽՈՒՄԲԻ ՀԱՆԴԷՍԻՆ

Ս.Ն.

Ֆրանսահայ գաղութէն ներս ազգային ինքնութեան պահպանման, նոր սերունդի ժառանգութեան ու աւանդութիւններու փոխանցման լծակի վերածուած է «հայկական պար» հասկացողութիւնը: Տեղւոյն վրայ աւարտող, յաւելեալ ճիգ չպահանջող այս մարզը ծնողներուն համար գոհունակութիւն թելադրող, իսկ փոքրերուն ալ հաճոյք փոխանցող, իր դրական դրսեւորումը կու տայ ամենուրէք:
Փաստօրէն միայն փարիզեան շրջանին մէջ կը գործեն չորսէնհինգ պարախումբեր, որոնք կ’ընդգրկեն աշակերտներու մեծ թիւ (համեմատած այլ գործունէութեանց), անկախ միօրեայ դպրոցներէ ներս գոյութիւն ունեցող այդ փորձերէն:
Նման խումբի մը՝ «Արարատ»ի ելոյթը տեղի ունեցաւ Շաբաթ Մայիս 2, 2009ին, Քլամարի Ժան Արփ մշակութային կեդրոնի սրահէն ներս:
Հանդէսը պատուած էին Քլամարի քաղաքապետ պրն. Ֆիլիփ Քալթընպարչ եւ Իսի լի Մուլինոյի հովիւ Հայր Միւռոն Ծ. վրդ. Գըվըգեան:
Իր խօսքին մէջ պրն. Քալթենպաչ յիշեց վերջին օրերուն Հայաստան իր այցելութիւնը, Աշտարակի հետ զոյգ քաղաքներու ծիրէն ներս: Ան փոխանցեց իր ունեցած դրական տպաւորութիւնը ու մանաւանդ շեշտեց հայ ժողովուրդի ստեղծագործ ու մշակութասէր հակումները, նոյն ատեն քաջալերելով տեղւոյն վրայ կատարուող աշխատանքը:
Իսկ Միւռոն Ծ. Վրդ. Գըվըգեան իր շնորհակալական խօսքը փոխանցեց քաղաքապետին ու կազմակերպիչներուն:
Գնահատելի էր, որ բացման խօսքն ու հանդէսը ներկայացուեցաւ երկլեզու, երիտասարդներուն իսկ կողմէ, ըսենք հաւասարէհաւասար, առանց բարդոյթներու… Իսի լէ Մուլինոյի Ս. Մարիամ Աստուածածին ծխական եկեղեցւոյ հովանաւորութիւնը կրող այս խումբը կը հաշուէր շուրջ 80 աշակերտ, 56 տարեկանէն սկսեալ փոքրերէ մինչեւ չափահաս տղաք ու աղջիկներ:
Արամ եւ Քաթարինա Արզումանեաններու պարուսուցմամբ, խումբերը, տարիքային բաժանմունքով, ներկայացուցին հայկական ազգագրական ու ժողովրդական եղանակներով պարեր, դնելով անոնց մէջ ինքնութեան հետ առնչուող գիծ մը:
Տպաւորիչ էր տարիքներու տողանցքը, քալելը նոր իւրացուցած փոքրեր կը փորձէին պարել հայկական շարժումներով, իսկ աւելի մեծերը արդէն հասած էին որոշ հասունութեան:
Հանդէսին համեմը բերաւ Վիգէնը:
Վիգէն Դարբինեան, տարիներէ ի վեր ներկայբացական է մեր բեմերուն: Երգը ասպարէզ դարձնելէ դադրած, սակայն երգէն չհեռացած ու երգելէ չդադրած Վիգէնը ընդհանրապէս յուզեց ու նոյն ատեն խայծ տուաւ երիտասարդներուն:
Բայց այս անգամ առանձին չէր ան: Իր իսկ վկայութեամբ եօթը ամիս առաջ հնչած էր իր հեռաձայնը, որուն ընդմէջէն երիտասարդ մը, Արէնը յիշեցուցած էր «Յարդար»ի օրերը, զոր օրօրած էր վերջինիս մանկութիւնը եւ իրմէ «պահանջած» վերապրեցնել զայն:
Անշուշտ երգով սնանող Վիգէնը չէր կրնար մերժել իր ցանած հունտերը սերմ տուած երիտասարդին առաջարկը ու ընդառաջելով, նոր ու դժուարին վերելքի մը ձեռնարկած՝ նոր շունչով ու մեկնաբանութեամբ ներկայացնելով իր եւ Յարութ Պէզճեանի «Յարդար»ը, նոր ձայնագրութեամբ, Արէնի ընկերակցութեամբ:
Վիգէնի երգը քնքուշ էր ու հաղորդական, մատուցումը ուսումնասիրուած ու ճշգրտուած, մօտեցումը արդիական էր առանց հեռանալու արմատէն ու մանաւանդ իրաւ էր իր ինքնութեան հասկացողութիւնը:
«Հազար Նազով եար»ը, «Սարերի հովին մեռնեմ»ը, «Զարթիր լաօ»ն, «Կեանքիս, արեւիդ մատաղ»ը ու միւսները սիրոյ ու կարօտի, պայքարի ու ցաւի ներշնչումներ տուին ունկնդրողին:
Վիգէնին նախկին երգերուն ցանկը այդ օր հարստացած էր Արէնի հօր՝ Գարեգին Էմիրզեանի, որ նաեւ դարձած էր անոր դէպի երաժշտութիւն մղող ուժն ու նեցուկը, երկու ստեղծագործութիւններրով՝ «Հայ Պապեր» եւ «Աղջիկ Սիրունակ»ով, որոնք մշակուած ու բարեփոխուած են իրենց իսկ կողմէ:
Աքսորն ու գաղթականութիւնը մաս կազմած են Գարեգինի առօրեային ու զանոնք վերածած էր երգի, իր յարգանքը մատուցելով իր պապերուն: Գերմանիա ծնած ու Հարտ Րաք երաժշտութեամբ ապրած Արէնը, վերջին տարիներուն սկսած է նուագել հանդարտ երաժշտութիւն: Ան աքուսրիք կիթառի ընկերակցութեամբ եւ ձայնակցութեամբ երիտասարդ սերունդի, նոր ծիլերու ու յոյսի շողը բերաւ բեմին, Վիգէնին հովանիին տակ:
Խոստում տրուեցաւ, որ իրենց խտասալիկը մօտ ապագային հրապարակի վրայ պիտի գտնուի: Կը սպասենք նաեւ՝ բեմային մատուցման:

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button