Զանազան երկիրներէ Լիբանան ժամանած Հայ Օգնութեան Միութեան անդամներու ինչպէս նաեւ Հ.Օ.Մ.ի Շրջանային եւ Մեկուսի Վարչութիւններու հետ հանդիպումներու համար, Յունիս 9էն 11 Լիբանան կը գտնուէին Հ.Օ.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ Վերա Դաւիթեանն ու Զեփիւռ Է. Րէիսեանը:
Օգտուելով այս պատեհութենէն, Հ.Օ.Մ.ի պատուիրակութիւն մը, կազմուած Հ.Օ.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամներէն, Լիբանահայ Օգնութեան Խաչի ատենապետուհի Թալին Գըլպաշեանէ եւ Հ.Օ.Մ.ի Կեդրոնական Գրասենեակներու վարիչտնօրէն Ժիրայր Պէօճէքեանէ, այցելութիւններու շարք մը տուին հայ հոգեւոր պետերու եւ Լիբանանի մէջ գործող հայկական կառոյցներու:
Այցելութիւններու շարքը սկսաւ Յունիս 9ին, Մերձաւոր Արեւելեքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան նախագահ Վերապատուելի Մկրտիչ Գարակէօզեանի հետ, որ դրուատիգով անդրադարձաւ Հ.Օ.Մ.ի հայրենի տարածքներու թէ սփիւռքեան գաղութներու մէջ բարեսիրական աշխատանքներուն, լսեց Կեդրոնական Վարչութեան 2010ին Հ.Օ.Մ.ի Հարիւրամեակը նշող ծրագիրներու մանրամասնութիւնները եւ յաջողութիւն մաղթեց անոնց, յատկապէս հանգանակային աշխատանքին, որ ինքնանպատակ չէ, այլ առիթ պիտի տայ Հ.Օ.Մ.ին շարունակելու եւ ընդլայնելու իր բարեսիրական գործունէութիւնը:
Յաջորդ այցելութիւնը, դարձեալ 9 Յունիսին, տրուեցաւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹին, Պատրիարք Կաթողիկէ Հայոց: Հ.Օ.Մ.ի պատուիրակութիւնը Պատրիարքին ներկայացուց Միութեան աշխարհասփիւռ գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ յառաջիկայ տարի միութեան հարիւրամեակի աշխատանքներու մանրամասնութիւնները: Պատրիարքը բարձր գնահատեց հայ կնոջական կազմակերպութեան լայնածիր գործունէութիւնը եւ յաջողութիւն մաղթեց ու իր օրհնութիւնը շնորհեց անոր ընթացիկ գործունէութեան եւ յատկապէս Հարիւրամեակի աշխատանքներուն:
Յունիս 11ի առաւօտեան Հ.Օ.Մ.ի պատուիրակութիւնը այցելեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա. Վեհափառին, որ հետաքրքրուեցաւ Հ.Օ.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան նորընտիր կազմի անդամներով: Լսելով Հ.Օ.Մ.ի Հարիւրամեակի աշխատանքներու մանրամասնութիւնները, ան մեծապէս գնահատեց սեմինարներու եւ քննարկումներու ընդմէջէն Հ.Օ.Մ.ի գործելաձեւը արդիականացնելու դիտաւորութիւնը հաստատելով, որ հայկական բոլոր կառոյցները կարիքը ունին այդ քայլին դիմելու կարենալ քայլ պահելու համար համաշխարհային զարգացումներուն հետ ու ներգրաւելու համար երիտասարդութիւնը: Վեհափառը իր օրհնութիւնը շնորհեց Հ.Օ.Մ.ի աշխատանքներուն ու միութեան հարիւրամեակի բոլոր ձեռնարկներուն, որոնք միութեան գործելաձեւը արդիականացնելով ու ֆինանսական կարողականութիւնը բարձրացնելով առիթ պիտի տան անոր շարունակելու հայ ժողովուրդին արդէն իսկ մէկ դար բոլորած ծառայութիւնը:
Լիբանան գտնուած միջոցին Հ.Օ.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ու անձնակազմի անդամները այցելեցին նաեւ Լիբանանի Օգնութեան Խաչի Արաքսի Պուլղուրճեան Ընկերաբժշկական Կեդրոնը, հայկական երեսփոխանական պլոքի գրասենեակը, Ազդակ օրաթերթի խմբագրատունը, Վանայ Ձայն ձայնասփիւռի կայանը եւ հարցազրոյց մը ունեցան անկէ: Իսկ 10 Յունիսը յատկացուեցաւ զանազան շրջաններէ Հ.Օ.Մ.ականներու հետ հանդիպման, Լիբանանի Օգնութեան Խաչի Շրջանային Վարչութեան կողմէ կազմակերպուած ճաշկերոյթի, ապա Հ.Օ.Մ.ի վարչութիւններու հետ հանդիպման: Այս հանդիպումները կայացան Հ.Մ.Ը.Մ.Աղբալեան Համալիրէն ներս: