ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ` ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ԱՐՑԱԽԻ ՆԱԽԱԳԱՀ Բ. ՍԱՀԱԿԵԱՆԻ ՀԵՏ
ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան, արդէն իսկ ժամանած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ: Ան ունեցած է շարք մը հանդիպումներ, որոնց շարքին, Ա.Մ.Ն. Արեւելեան շրջանի Հ.Յ.Դ. կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչներուն հետ: Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Արցախի վերաբնակեցման ծրագիրները:
Նախագահը ընդգծեց, թէ Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութիւնը ղարաբաղեան պետականութեան կարեւոր հիմքերէն է, եւ անոր շարունակական ամրապնդումը համայն հայութեան գերխնդիրներէն մէկը կը հանդիսանայ: Նախագահը, նոյն օրը Նիւ Եորքի մէջ հանդիպեցաւ նաեւ ամերիկացի բարերար Վըրճինիա Տէյվիսի հետ, քննարկելու համար Արցախի մէջ տարբեր ծրագիրներու իրականացման առնչուած հարցեր:
Նախագահ Սահակեան շեշտեց կարեւորութիւնը «Հայաստան» Համահայկական հիմնադրամին՝ Արցախի զարգացման գործին մէջ, զայն որակելով որպէս ներհայկական միասնականութեան ամրապնդման ամէնէն կարեւոր օղակներէն մէկը:
Սահակեան այցելեց Նիւ Ճըրզի նահանգի Փարամուս քաղաքին մէջ գտնուող Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան կեդրոնական գրասենեակը եւ հանդիպեցաւ կազմակերպութեան խումբ մը անդամներու հետ՝ գործադիր տնօրէն Լեւոն Ֆիլեանի գլխաւորութեամբ: