Գլխաւոր
ԵՐԵՒԱՆԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ՏԵՍՔԻ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄ
Լուսանկարնները` ԻՆՆԱ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆի
Շաբաթներէ ի վեր, Երեւանի կեդրոնական շրջաններէն ներս, կառոյցներու արտաքին տեսքի վերականգնման աշխատանքներ կը կատարուին:
Այսպէս, կը լուացուին տուֆով շինուած պատերը, այլ շէնքեր կը ներկուին:
Ծրագրի նպատակը հայոց տուֆակերտ մայրաքաղաքի վարդագոյն ժպիտը վերադարձնելն է:
Այդ իսկ պատճառով, պատահական չէ, որ աշխատանքները սկսած են քաղաքի կեդրոնական փողոցներէն, ուր ճարտարապետական արժէք ներկայացնող բազմաթիւ շէնքեր, իրենց ներկայութեամբ կը խորհրդանշեն քաղաքի զարգացումն ու պատմութիւնը: 165 միլիոն դրամ յատկացուած է այս աշխատանքին համար: