Հ.Մ.Ը.Մ.Ի Ա.Մ.Ն. ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՇՐՋԱՆԻ 21-ՐԴ ՄԻՋ-ՄԱՍՆԱճԻՒՂԱՅԻՆ ՄՐՑՈՒՄՆԵՐԸ
Յուլիս 1-էն 4, 2011ին, տեղի ունեցան Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան շրջանի Հ.Մ.Ը.Մ.ի 21-րդ միջ-մասնաճիւղային մրցումները, որոնք անգամ մը եւս ինքնավստահութիւն եւ կամք ներշնչեցին:
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Միջ Մասնաճիւղային Խաղերը տեղի ունեցան Ուպըրն շրջանի դաշտերու վրայ հիւրընկալութեամբ Մեծն Պոսթընի մասնաճիւղին:
Չորս օրերու վրայ երկարող խաղերու ընթացքին դաշտերու վրայ, միջանցքներուն ու ամէնուրէք հայ մարզիկը հանդիպեցաւ իր եղբօր ու քրոջ, որոնք ժամանած էին Արեւելեան Ամերիկայի տասը շրջաններու մասնաճիւղերէն ինչպէս նաեւ Գանատայէն Մոնրէալի Խումբը:
Հ.Մ.Ը.Մ.ն էր յաղթականը, բարձրացողը… եւ բարձրացնողը:
Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Շրջանային Վարչութեան նախաձեռնութեամբ`, ու հովանաւորութեամբ` Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Բարձրաշնորհ Տ. Օշական Արք. Չօլոյեանի, ներկայութեամբ` Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան եղբ. Վահրամ Դանիէլեանի եւ տաս մասնաճիւղերու մարզիկները եւ սկաուտները, խումբ առ խումբ ժամանեցին պանդոկ, Խաղերու պաշտօնական բացումը կատարելու Ուրբաթ Յուլիս 1, 2011-ին յատուկ դրօշակի արարողութեամբ:
Շաբաթ Յուլիս 2-ի երեկոյեան Շրջանային Վարչութիւնը “Գնահատանքի Երեկոյ“ ձեռնարկեց հրաւիրելով 21-րդ Մարզական Խաղերու Իշխան Իշխանուհի Ժան ժագ Հաժժար եւ Նիգոլ Պապիկեան Հաժժար, նուիրատուներ Տէր եւ Տիկ. Ռաֆֆի եւ Նինա Ֆըսթըքճեան, Տէր եւ Տիկ. Նշան եւ Մարգրիտ Աթինիզեան, ներկայ Կեդորնական Վարչութեան ներկայացուցիչ, շրջանէս Ընթացաւարտ Կեդրոնական Վարչութեան եւ Շրջանային Վարչութեան անդամներ ու ներկայ Շրջանային Վարչութեան ծառայող եղբայրներ եւ քոյրեր, քոյր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, նուիրատուներ, կազմակերպող մասնաճիւղի վարչութեան, եւ խաղերու կազմակերպիչ յանձնախումբի ներկայացուցիչներ:
Պոսթընի 21-րդ Խաղերու յանձնախումբի Ատենապետ Եղբ. Աւօ Պարմաքեան բարի գալուստի խօսքերով գնահատեց բոլորը իրենց ցուցաբերած անկեղծ ու անշահախնդիր մօտեցումին, որուն ինք ականատես էր տարի մը աւելի երկարող հաւաքներուն ու ժողովներուն ի գին ամէն յաջողութան: Այս խաղերու ընթացքին ձեռք երկարող բոլոր անհատները, մէկ նպատակի կը ձգտէին “Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Վերելքին“:
Մտերմիկ ու հարազատ էր մթնոլորտը: Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային Վարչութեան Ատենապետ` Եղբ. Պետիկ Տէր Վարդանեան գնահատանքի խօսք ուղղեց բոլորին, որոնք ջանք չխնայեցին այս տարուան 21-րդ խաղերու յաջողութեան: Քոյրեր Երան Սիմոնեան եւ Էլիզապէթ Տրամկոչեան եռագոյն դրօշով պատուեցին օրուան Իշխան Իշխանուհին, որոնք խօսք առնելով գնահատեցին սոյն ձեռնադրութիւնը, մաղթելով առաւել յաջողութիւն:
Յաղթանակի ճաշկերոյթ-պարահանդէսը տեղի ունեցաւ Պըրլինկթըն Մարիոթ պանդոկի շքեղ սրահներէն մէկուն մէջ: Պաշտօնական բաժինը բացուեցաւ պատուոյ հիւրերու մուտքով: Ներկայ էին ութ հարիւրի շուրջ Հ.Մ.Ը.Մ.-ականներ եւ համակիր ազգայիններ, որոնք ապրեցան յիշատակելի երեկոյ մը Հ.Մ.Ը.Մ.-ի մեծ ընտանիքին հետ: Պատուոյ սեղանին վրայ ներկայ էին Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու Թեմի Բարեջան Առաջնորդ` Բարձր. Տ. Օշական Արք. Չօլոյեան, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան եղբ. Վահրամ Դանիէլեան, Հ.Յ.Դ. Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու շրջանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկեր Ժան Աւետիսեան, Շրջ. Վարչութեան Ատենապետ եղբ. Պետիկ Տէր Վարդանեան, Պոսթընի մասնաճիւղի Ատենապետ եղբ. Յակոբ Պեճաքեան եւ այլ հիւրեր:
Օրուան հանդիսաւար` եղբ. Աւօ Պարմաքեան խօսք առնելով, բարի գալուստ յայտնեց եւ մասնակցողներուն յաջողութիւն մաղթեց: Ապա խօսք առաւ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ` եղբ. Պետրոս Տէր Վարդանեան, որ գնահատանքի խօսք ուղղեց բոլոր անդամ-անդամուհիներուն, որոնք հզօր կամքով ու անսահման զոհողութեամբ նուիրուած են Հ.Մ.Ը.Մ.-ի հիմնադիրներուն վառած ջահը անմար պահելու գործին եւ իրենց բոլոր կարողութիւնները ի սպաս դրած են առողջ ու հայեցի դիմագիծի տէր սերունդ պատրաստելու աշխատանքին: Այս հրաշալի կազմակերպութեան որպէս մէկ մասնիկ, Արեւելեան Շրջանը կը ջանայ իր լաւագոյնը մատուցել ու նորահաս հայ սերունդի դաստիարակութեան ընդհանուր գործին իր անուրանալի ներդրումը ունենալ: Եւ ահա այս առաքելութեան շրջագիծին մէջ այսօր կը վայելենք մեր փոքրիկներու ու երիտասարդներու մասնակցութեամբ կատարուած 21-րդ միջմասնաճիւղային խաղերու հրճուանքը: Այս խաղերը սովորական մրցաշարք մը չեն, ուր կ՛արձանագրուին յաղթողներ ու պարտուողներ, այլ անկէ անդին` նպատակ ունին Հ.Մ.Ը.Մ.ականին վայել ազնիւ մրցակցութեան մթնոլորտի մը մէջ քով-քովի գալու, նախկին ծանօթութիւններ ամրապնդելու ու նոր ծանօթութիւններ հաստատելու, որոնք ի վերջոյ կը նպաստեն մեր հաւաքական կամքի ամրապնդման, մէկը միւսով հզօրանալով` իւրաքանչիւրս աւելի կը գօտեպնդուի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի նուիրական գաղափարներով եւ վերանորոգուած կորովով վերադառնալու մեր շրջանները` շարունակելու համար այն գործն ու ծառայութիւնը, ի խնդիր մեր ազգային գիտակցութեան պահպանման, ազգասիրութեան ու հայրենասիրութեան, ինչպէս նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ընդմէջէն ծառայելու մեր համայնքի կարիքներուն, Հայրենիքի հզօրութեան ու զարգացման:
Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց այս տարուան խաղերը հիւրընկալող Պոսթընի մասնաճիւղին եւ բոլոր անոնց, որոնք նպաստեցին այս տարուան միջմասնաճիւղային խաղերու յաջողութեան:
Պատուոյ նախագահ Ժան Ժագ Հաժժար ըսաւ թէ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի առաքելութեան շրջագիծին մէջ այսօր կը վայելենք մեր փոքրիկներու ու երիտասարդներու մասնակցութեամբ կատարուած 21-րդ միջմասնաճիւղային խաղերու հրճուանքը: “Բնականաբար, մեր առջեւ դրուած վերոնշեալ մեծ նպատակը հետապնդող այս խաղերուն յաջողութիւնը բոլորին կողմէ դրսեւորուած անսակարկ ճիգի արդար պտուղն է, պատասխանատու մարմիններու, մարզիկներու, արի-արենոյշներու, երկար ծառայութեան տէր հաւատաւոր Հ.Մ.Ը.Մ.ականներու եւ ծնողներու պատասխանատուութեան բարձր գիտակցութեամբ է միայն որ հաւաքական յաջողութեան կրնանք հասնիլ“, ըսաւ ան:
Պոսթընի մասնաճիւղի ատենապետ եղբ. Յակոբ Պեճաքեան, իր կարգին յայտնեց թէ Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւնը, իր հիմնադրութիւնէն ի վեր համարօրէն կը պայքարի կերտելու համար տիպար ու մաքրամաքուր մարդը, հայը, մարզիկն ու սկաուտը: “Հ.Մ.Ը.Մ.-ը ծառայութեան հաւատարիմ միութիւն է, ծառայութեան ծնունդ է եւ ինք` որպէս կերտիչ, ինչպէս նաեւ համեստ ու խոնարհ ծառայողներու համախումբ, կը ծառայէ իր ոսկետառ նշանաբանին ներքեւ“: եզրակացուց ան:
Գեղարուեստական յայտագրին, իր մասնակցութիւնը բերաւ Ֆլորիտայէն հրաւիրուած երգիչ` Սթիւ Իսքէնտէրեան, իր սիրուած երգերով, ճոխացուց մթնոլորտը: Իսկ Ուաշինկթընէն Քրիստափոր Արապեան Ազգային ու Յեղափոխական երգերով ներկաները խանդավառեց մինչեւ առաւօտ ժամը 3.00:
21-րդ Խաղերու Փակման հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ պայծառ ու արեւոտ Երկուշաբթի կէսօր ժամը 12-ին: Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան կողմէ Եղբ. Վահրամ Դանիէլեան շնորհաւորեց Միջ-մասնաճիւղային այս գեղեցիկ մարզական խաղերու կազմակերպիչ մարմինները, յանձնախումբերը, մասնակից մարզիկներն ու համակիրները, եւ մաղթեց որ բոլոր ձեռնարկները պսակուին փայլուն յաջողութեամբ:
Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Բարձր. Տ. Օշական Արք. Չօլոյեան խօսքը ուղղելով երիտասարդութեան, շնորհաւորեց 21-րդ միջ-մասնաճիւղային մարզական խաղերու յաջողութիւնը: Հ.Մ.Ը.Մ.-ը հիմնադրութիւնէն ի վեր կը կերտէ տիպար հայը, մարզիկն ու սկաուտը: Այսօր Յուլիս 4, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները կը տօնէ իր անկախութան օրը, օր մը որ Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւնը կը տօնէ իր յաղթանակի օրը այս ափին վրայ: Եւ հաստատ որ օր մը այս յաղթանակները պիտի տօնենք մեր հայրենի ազատագրած հողերուն վրայ: Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկզբունքները եւ մեր ազգային սրբութիւնը շունչ եւ արիւն տուած են մեզի եւ մեր բոլորին պարտականութիւնն է պահպանել զանոնք:
Բարեջան Առաջնորդը, իր խօսքին մէջ յայտնեց թէ այս խաղերը սովորական մրցաշարք մը չեն, ուր կ՛արձանագրուին յաղթողներ ու պարտուողներ, այլ անկէ անդին` նպատակ ունին Հ.Մ.Ը.Մ.-ականին վայել ազնիւ մրցակցութեան մթնոլորտի մը մէջ քով-քովի գալու, նախկին ծանօթութիւններ ամրապնդելու ու նոր ծանօթութիւններ հաստատելու, որոնք ի վերջոյ կը նպաստեն մեր հաւաքական կամքի ամրապնդման, մէկս միւսով հզօրանալով` իւրաքանչիւրս աւելի կը գօտեպնդուի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի նուիրական գաղափարներով եւ վերանորոգուած կորովով վերադառնալու մեր շրջանները` շարունակելու համար այն գործն ու ծառայութիւնը, ի խնդիր մեր ազգային գիտակցութեան պահպանման, ազգասիրութեան ու հայրենասիրութեան, ինչպէս նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ընդմէջէն ծառայելու մեր համայնքի կարիքներուն, Հայրենիքի հզօրութեան ու զարգացման:
Սրբազան Հայրը խօսքը ուղղելով երիտասարդութեան, շնորհաւորեց 21-րդ Միջ-մասնաճիւղային մարզական խաղերու յաջողութիւնը եւ յիշեցուց որ զանազան կազմակերպութիւններ եկած ու գացած են, բայց Հ.Մ.Ը.Մ.-ը կը մնայ միշտ երիտասարդ:
Հ.Յ.Դ. Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու շրջանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկեր Ժան Աւետիսեան, իր խօսքին մէջ վեր առաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի անունն ու խորհուրդը: Ան նշեց թէ դժուար է երեւակայել սփիւռքահայութիւնը, առանց Հ.Մ.Ը.Մ.ին, եւ աւելցուց թէ հիմնադիրները իրենց աննահանջ հաւատքով եւ հայավայել վճռականութեամբ հիմը դրին հայ պատանիին ու երիտասարդին հոգին, միտքը եւ մարմինը կերտող մեծ դպրոցին եւ յղացան նշանաբանը` Բարձրացի՛ր, Բարձրացո՛ւրը, որ ինքնին գերակշիռ իմաստ ունի, այսինքն` իր անձէն առաջ եւ իր անձէն ետք, իր նմանին ծառայելու նուիրական ոգին ու յանձնառութիւնը, ամբողջական հաւատարմութիւնը:
“Այս կազմակերպութիւնը Հայաստանի անկախութեամբ ստեղծուած պատեհութեան արձագանգելով իր ծառայութեան աշխարհագրական դաշտը ընդարձակեց ու իր խնմաքին ու հոգատարութեան առարկայ դարձուց ոչ միայն հայրենաբնակ երիտասարդը, այլ նաեւ Ջաւախքի, Արցախի եւ ի Սփիւռս աշխարհի հայորդիները…“ եզրակացուց ան:
Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ` եղբ. Պետրոս Տէր Վարդանեան ըսաւ.- “Գնահատանքի խօսք ունիմ մեր անդամ-անդամուհիներուն, որոնք անսահման կամքով ու զոհողութեամբ նուիրուած են Հ.Մ.Ը.Մ-ի հիմնադիրներուն վառած ջահը անմար պահելու գործին եւ իրենց բոլոր կարողութիւնները ի սպաս դրած են առողջ ու հայեցի դիմագիծի տէր սերունդ պատրաստելու աշխատանքին: Հ.Մ.Ը.Մ-ի Արեւելեան Շրջանը կը ջանայ իր լաւագոյնը մատուցել ու նորահաս հայ սերունդի դաստիարակութեան ընդհանուր գործին իր անուրանալի ներդրումը ունենալ: Շնորհակալութիւն կ՛ուզեմ յայտնել նաեւ անոնց, որոնք տարիներ շարունակ խորին համոզումով կը հաւատան Հ.Մ.Ը.Մ-ի առաքելութեան ու նուիրական գործին ու իրենց նեցուկն ու աջակցութիւնը միշտ ի սպաս կը դնեն այս միութեան աշխատանքին: Եւ վերջապէս, ջերմ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ նաեւ այս տարուան խաղերը հիւրընկալող Պոսթընի մասնաճիւղին եւ բոլոր անոնց, որոնք նպաստեցին այս տարուան միջմասնաճիւղային խաղերու յաջողութեան“:
Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչ Եղբ. Վահրամ Դանիէլեան յայտնեց թէ Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւնը` Հ.Մ.Ը.Մ.ը, իր հիմնադրութիւնէն ի վեր համարօրէն կը պայքարի կերտելու համար տիպար ու մաքրամաքուր մարդը, հայը, մարզիկն ու սկաուտը: Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկզբունքները եւ մեր ազգային սրբութիւնը շունչ եւ արիւն տուած են մեզի եւ մեր բոլորին պարտականութիւնն է պահպանել զանոնք: Այս մեծ կազմակերպութիւնը ոչ միայն հաւատարիմ մնաց իր հիմնադիրներու տեսլականին, այլ այդ տեսլականին ամուր կառչած մնալով` ժամանակին հետ քայլ պահեց ու հայրենազուրկ հայ սերունդներուն ջամբեց ազգային գիտակցութիւն, անոր մէջ սերմանեց հաւատարիմ հայու, վեհանձն, կարգապահ ու ազնիւ մարդու բոլոր նախադրեալները“, եզրակացուց ան:
Անհատական թէ խմբային մարզական խաղերուն մասնակցած էին` 500-է աւելի մարզիկներ: Հ.Մ.Ը.Մ.-ի մարզիկ-մարզիկուհիները մարզական ոգիով շարունակեցին բոլոր մրցումները մինչեւ Երկուշաբթի օր, Յուլիս 4, վայելելով Պոսթոն մասնաճիւղի սրտբաց հիւրասիրութիւնը: Հոս տեղին է յիշել խաղերու կազմակերպիչ յանձնախումբի տարած անձնուէր աշխատանքը, որ արժանացաւ բոլորին գնահատանքին:
Փակման հանդիսութեան տողանցքին, դրօշակակիրներու Փրովիտենս մասնաճիւղի շքեղ փողերախումբին առաջնորդութեամբ, տողանցեցին Հ.Մ.Ը.Մ.-ի 10 մասնաճիւղերու արի արենոյշներու, արծուիկներու եւ գայլիկներու խումբերը, եւ յաջորդաբար խաղերու մասնակցող բոլոր մասնաճիւղերու մարզիկները, յատուկ խանդավառութիւն ստեղծեց խաղերու կազմակերպիչ յանձնախումբի եւ օժանդակ բոլոր յանձնախումբերու անդամներուն մուտքը, որոնք արժանացան ներկաներուն ծափողջոյններուն:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Վեհափառ Հայրապետ` Նորին Ս. Օծութիւն Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս իր Սրբատառ Կոնդակով 2011 տարին հռչակած է “Հայ Մանուկի Տարի“ Առաջնորդ Ամերիկայի Արեւելեան Թեմին Տ. Օշական Արքեպիսկոպոս Չօլոյեան իր նամակով թելադրած էր բարձրագոյն աստիճանի հոգածութիւն եւ նախանձախնդրութիւն ցուցաբերել Հայ Մանուկի նկատմամբ:
Այս առթիւ խումբ մը հայ մանուկներ 2011-ի Հայ Մանուկի Տարի փուչիկներով խանդավառեցին փոքրիկն ու տարեցը, որուն յաջորդեց եռագոյն փուչիկները:
Դաշտն ու երկինքը մերն էր այսօր:
Փակման հանդիսութիւնը աւարտելէ առաջ, տեղի ունեցաւ ախոյեան խումբերու բաժակներու բաշխումը: Եղբ. Արա Մարկոսեանի յիշատակին հինգ տարուան համար շրջուն բաժակին տիրացաւ Նիւ Եորք Մասնաճիւղը որպէս լաւագոյն մասնաճիւղ: Նիւ Եորք մասնաճիւղը տարիներու դադարէ ետք վերակազմեց իր մարզական ու սկաուտական շարքերը, եւ ի գին ամէն
զոհողութեան մէկ օրուան համար իր սկաուտական խումբը մղեց մասնակցելու 21-րդ Խաղերու Փակման Հանդիսութեան:
Շնորհաւորանքի արժանի էր Նիւ Եորքի Մասնաճիւղը:
Հ.Մ.Ը.Մ.-ական