Գլխաւոր

ՍՈՂՈՄՈՆ ԹԵՀԼԻՐԵԱՆԻ ՀԵՐՈՍԱԿԱՆ ԱՐԱՐՔԻ 90-ԱՄԵԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՁԵՌՆԱՐԿ


Յունիս 26, 2011-ին, Հոլանտայի Ալմելոյի Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ “Գալուստ Կիւլպէնկեան“ սրահէն ներս, տեղի ունեցաւ Սողոմոն Թեհլիրեանի հերոսական աքթի 90-ամեակի նուիրուած ձեռնարկ մը, Հոլանտայի Հայ Դատի յանձնախումբին եւ Հոլանտայի ՀՅԴ Գարեգին Նժդեհ երիտասարդական միութեան կազմակերպութեամբ:

Օրուան պատգամը փոխանցելու համար Գերմանիայէն յատկապէս հրաւիրուած էր Պերլինի Ազատ համալսարանի դասախօս, ուսումնասիրող դոկտ. Թեսա Հոֆման: Ներկայ էր նաեւ Հոլանտայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան` Ձիւնիկ Աղաճանեան:

Ձեռնարկին բացումը կատարեց ընկ. Մինաս Արսէնեան, Հոլանտայի Հ.Յ.Դ. Արամ Մանուկեան կոմիտէութեան ներկայացուցիչ: Ընկերը հակիրճ անդրադարձ մը կատարեց Սողոմոն Թեհլիրեանին մասին, անոր կենսագրականը տալով ու ներկայացնելով առաքինի ու համեստ Դաշնակցական զինուոր-կամաւորը: Ապա` բեմ բարձրացաւ Հոլանտայի մէջ Հ.Հ. դեսպան Ձիւնիկ Աղաճանեան, որ բարձր գնահատեց սոյն ձեռնարկի կազմակերպիչներն ու կարեւորութիւնը եւ յատկապէս Թեսա Հոֆմանի ներկայութիւնը, ըսելով` “մի մարդ, ով առաջամարտիկ է Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման ու դատապարտման հարցում եւ, դարձնելով այն իր կեանքի գործն, անվերապահ նուիրումով է այն իրականացնում: Դրա համար իմ խորին երախտագիտութիւնն եմ ուզում յայտնել տկն. Հոֆմանին“, ու շարունակելով ըսաւ` “Թեհլիրեանի կրակոցը ոչ այլ ինչ էրքան անպատժելիութիւնը կանխելուն ուղղուած գործողութիւնինչն ապացուցեց նաեւ գերմանական դատարանի վճիռըորով նա ազատ արձակուեց: Այսօր ստեղծուած են միջազգային ատեաններգործում է Միջազգային քրէական դատարանը մարդկութեան դէմ գործած յանցագործութիւնների հեղինակներինդատաստանի առաջ կանգնեցնելու համար“:

Հրաւիրուելով բեմ, Թեսա Հոֆման անգլերէնով ու միաժամանակ հոլանտերէն թարգմանութեամբ – ներկայացուց Թեհլիրեանի արարքը, ներկայացուց ցեղասպանութեանց իրաւաբանական եզրը եւ զանոնք դատապարտելու ձեւերը: Հոֆման կեդրոնացաւ երկու հիմնական կէտերու վրայ` ա) Հայկական Ցեղասպանութեան հարցին հետապնդման Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտօնական դիրքաւորման անհրաժեշտութեան, ըսելով թէ` օրինական առումով, պետութիւնն է, որ պէտք է ցեղասպանութեան նման հարցեր հետապնդէ, եւ բ) թէ Հայկական Ցեղասպանութեան հարցը պէտք է բարձրացուի ու հետապնդուի միջազգային, գերպետական դատարաններու կողմէ, օրինակի համար` Միջազգային քրէական դատարանին կողմէ: Յաջորդեց հարց ու պատասխան եւ հոլանտահայ գաղութը մեկնեցաւ վերանորոգուած ու հպարտանքի զգացումով:

 

 

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button