ՅԱՍՄԻԿ ՊԱՊԵԱՆ ՀՄԱՅԵՑ…ՊՈՍԹԸՆ ՓՈՓՍԻ ՀԱՄՈՅԹԻՆ
(Լուսանկար` Ժիրայր Յովսէփեանի)
Շաբաթ, Յունիս 25-ին, Պոսթըն Փոփսի հայկական օրուայ վերապահուած համոյթին, ելոյթ ունեցաւ սոփրանոյի չաստուածուհի` Յասմիկ Պապեան, որ անգամ մը եւս, իր բիւրեղեայ ձայնով եւ իչրայատուկ տեսքով, պարզապէս հմայեց ու ապշահար ըրաւ ներկաները:
Մաէսթրօ Քիթ Լոքհըրթի ղեկավարութեամբ, Պապեան որ բազմիցս, յայտնած է թէ, կ՛ուզէ եւրոպական դասական արուեստի չափանիշներուն հաւասար տեսնել Հայաստանն ու իր հարուստ մշակոյթը, ներկայացուց Պապաճանեանի “Արիա“ն, Եկմալեանի “Կիլիկիա“ն եւ ապա միջազգային գործեր, որոնք կը պատկանին Քատալանիի, Փուչինիի եւ Լէհարի: Իսկ աւարտին, առաջին անգամ ըլլալով, ան ներկայացուց երիտասարդ յօրինող Ճոն Սարգիսեանի “Կենացի երգը“, ներկայութեամբ նոյնինքն յօրինողին, որ այս առթիւ ժամանած էր Օթաուայէն:
Ձեռնարկի աւարտին, տեղի ունեցաւ յատուկ հիւրասիրութիւն: