ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎԸ ՄԵԾ ՀԵՏԱՔՐՔՐՈՒԹԻՒՆ ՍՏԵՂԾԵՑ
Ուաշինկթըն.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Ուրբաթ, Յունիս 27ին սկսած Հայ Դատի խորհրդաժողովը յաջողութեամբ ընթացած է:
Տարբեր շրջաններէ ժամանած համայնքային ղեկավարներ եւ գործիչներ, ինչպէս նաեւ շարք մը մասնագէտներ քննեցին Հայ Դատի աշխատանքներուն դէմ նոր խոչընդոտները շրջանցելու եւ Հայ Դատը առաջ մղելու նոր ու ազդեցիկ քայլեր որդեգրելու կարելիութիւնները, ինչպէս նաեւ Քոնկրէսին ներկայացուած Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման առնչուող երկու բանաձեւներուն վաւերացումը ապահովելու միջոցները:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին ու Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի հիմնադրամին համատեղ ջանքերով կազմակերպուած այս խորհրդաժողովին տեղի ունեցան նաեւ շարք մը մասնագէտներու կողմէ ներկայացումներ, աշխատանիստեր ու քննարկումներ, ինչպէս նաեւ քոնկրէսականներու ու անոնց խորհրդականներու հետ հանդիպումներ, ընկերային հաւաքներ, խորհրդակցելու բազմաթիւ ու բազմազան միջոցառումներ: Խորհրդաժողովի մասնակիցները նաեւ այցելեցին մայրաքաղաքի պատմական ու տեսարժան վայրերը, ապա Միացեալ Նահանգներու մօտ Հայաստանի դեսպանատան մէջ ներկայ եղան ընթրիքի մը` հիւրընկալութեամբ դեսպան Թաթուլ Մարգարեանի:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել Ամերիկայի Հայ Դատի կայքէջը: