Գլխաւոր

ՄԻԱՑԵԱԼ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ` ՔԱԶԱՆԻ ՀԱՆԴԻՊՄԱՆ ԱՒԱՐՏԻՆ

Շաբաթավերջին, Քազանի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ նախագահներուն հանդիպումը, որուն մասնակցեցան նաեւ երեք երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները: Ապա, անոնց միացան Ե.Ա.Հ.Կ.-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները:

Հանդիպման աւարտին կարդացուեցաւ միացեալ յայտարարութիւն մը, որուն մէջ մասնաւորաբար կ՛ըսուի, որ երկիրներուն ղեկավարները հաստատած են շարք մը հարցերու շուրջ փոխադարձ ըմբռնման ձեռք բերումը, հարցեր, որոնց լուծումը կը նպաստէ հիմնարար սկզբունքները ընդունելու համար անհրաժեշտ պայմաններու ստեղծման: Յայտարարութեան մէջ նշուած է նաեւ, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահները իրենց երախտագիտութիւնը յայտնած են Ե.Ա.Հ.Կ.-ի Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիրներ Ռուսաստանի, Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի ղեկավարներուն` Արցախի տագնապի լուծման նկատմամբ անոնց մնայուն ուշադրութեան համար եւ բարձր գնահատած են Ռուսիոյ նախագահին անձնական ջանքերը համաձայնութեան հասնելու ուղղութեամբ:

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button