ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ` ՊԱՂԵՍՏԻՆԵԱՆ ‘‘ՖԱԹՀ‘‘ ՇԱՐԺՈՒՄ – Հ.Յ.Դ.
Հ.Յ.Դ. Մամլոյ Դիւանը կը հաղորդէ, որ աշխատանքային այցելութեամբ Հայաստան գտնուող` Պաղեստինի ազգային ազատագրական շարժումի (Ֆաթհ) պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ սոյն կազմակերպութեան միջազգային յարաբերութիւններու հարցերու համակարգող, Պաղեստինեան օրէնսդիր մարմինի անդամ, նախկին արտաքին գործոց նախարար Նապիլ Շաասի, այցելեց Հ.Յ.Դ. ‘‘Քրիստափոր Միքայէլեան’‘ կեդրոն: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին նոյն բաժանմունքէն Միասար Ապու Շաուիշն ու Ամին Ապասը:
Հ.Յ.Դ. պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր Բիւրոյի անդամ` Լեւոն Մկրտչեանը: Նաեւ, պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի անդամ Միքայէլ Մանուկեան, Ընկերվար միջազգայնականի փոխնախագահ, Ընկերվար միջազգայնականի կիներու կազմակերպութեան մէջ Հ.Յ.Դ. ներկայացուցիչ Մարիա Թիթիզեան եւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան: Հանդիպման ընթացքին Նապիլ Շաաս նկատել տուաւ, որ իրենց ցանկութիւնն է երկու բարեկամ երկիրներուն մէջ փոխադարձաբար դեսպանատուներ բանալ: Ան նաեւ Հ.Յ.Դ. ներկայացուցիչներուն ներկայացուց պաղեստինեան-իսրայէլեան տագնապին ներկայ հանգրուանը եւ նշեց, որ Պաղեստինը Սեպտեմբերին պիտի դիմէ Մ.Ա.Կ.` իր անկախութիւնը ճանչնալու խնդրանքով: Լեւոն Մկրտչեան նշեց, որ Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը պատրաստ է միջազգային ատեաններուն մէջ աջակցելու պաղեստինցի ժողովուրդի արդար պայքարին:
Ողջունելով Ֆաթհի պատուիրակութիւնը` Լեւոն Մկրտչեան անդրադարձաւ հայ-արաբական ջերմ յարաբերութիւններուն եւ պաղեստինցի ժողովուրդի արդար պայքարին նկատմամբ Հ.Յ.Դ.-ի դրական կեցուածքին, ինչպէս նաեւ Հ.Յ.Դ.-Ֆաթհ սերտ յարաբերութիւններուն, յատկապէս Ընկերվար միջազգայնականին մէջ: Լ. Մկրտչեան նշեց, որ ինքը Հայաստանի նախագահի պատուիրակութեան կազմին մէջ 2000 թուականին պաշտօնապէս այցելած է Ռամալահ եւ հանդիպում ունեցած է Պաղեստինեան իշխանութեան ղեկավարութեան հետ: Արծարծուեցան նաեւ, Արցախի հիմնահարցը, Պաղեստինի եւ Երուսաղէմի մէջ հայութեան իրաւունքներուն առնչուող հարցեր, ինչպէս նաեւ երկու կուսակցութիւններու համագործակցութիւնը սերտացնելու կարելիութիւններ:
Պատուիրակութիւնը այցելեց Ծիծեռնակաբերդ եւ յարգանքի տուրք մատուցեց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին, ինչպէս նաեւ գտնուեցաւ Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ: